Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

April 28, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Երուսաղէմի համար բովանդակ տարուան ամէնէն եռուն ու կրօնական իմաստով ալ ամէնէն ծանրաշուք շաբաթը Աւագ Շաբաթն է, որ սկիզբ կ՛առնէ Ծաղկազարդի Կիրակիով ու յաջորդ վեց օրերու շղթան կը տանի կ՛ագուցէ Ս. Յարութեան տօնին՝ Զատիկին։ Երուսաղէմի սրբավայրերը, այս առթիւ, կը վերածուին հոգեւոր ու կրօնաշունչ ապրումներ բուրող բացառիկ աղօթատեղիներու, ուր եկեղեցական ինչ-ինչ ծէսեր, վեհաշուք արարողութիւններ ու հոգեթով աղօթասացութիւններ երկու հազար տարուան քրիստոնէական անցեալէն հարազատ պատառիկներ կը բերեն մեզի ու կը վերանորոգեն մեր հաւատքը, կը ջրդեղեն եկեղեցւոյ նկատմամբ մեր կապուածութիւնը։ Իսկ հայկական զմայլելի շարականները, որոնք կ՛երգուին այս առթիւ, Վահան Թէքէեանի իսկ բնորոշումով՝ «շուշաններ կը ծաղկեցնեն իրենց գետին մօտ»…։

Օ՜, հայ մարդը,– ո՛ւր ալ ապրի ան,– որչափ պիտի հոգենորոգուէր ու մտապէս պայծառանար՝ եթէ իր ճամպրուկին մէջ դնէր Շնորհք պատրիարքի «Աւագ Շաբաթ» հատորէն օրինակ մը ու Երուսաղէմ այցելելու պատեհութիւնն ունենար Զատկուան նախօրէին։ Ցերեկները հետեւէր եկեղեցական արարողութեանց, իսկ գիշերներն ալ անձնատուր ըլլար ընթերցումի…։ Երա՜զ…։

Այս տարի, Աւագ Շաբաթը Երուսաղէմի ու բովանդակ Պաղեստինի տարածքին անցած է լարուած ու անհանգիստ մթնոլորտի մէջ, ի հետեւանք Իրան-Իսրայէլ հրթիռային պատերազմին, որ անակնկալօրէն բռնկած էր Փետրուարի վերջերը, ամերիկեան օրհնութեամբ…։ Եւ սակայն, հակառակ կիրարկուած խիստ սահմանափակումներու, հայոց պատրիարքութիւնն ու Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը ճշդապահութեամբ ու ամենայն բծախնդրութեամբ ի կատար ածած են աւանդական այն գլխաւոր արարողութիւնները, որոնցմով կը յատկանշուի Աւագ Շաբաթը։ Քանի որ Երուսաղէմի մէջ կը կիրարկուի հին տոմարը, ուստի, Ս. Յարութեան տօնը այս տարի զուգադիպած է Կիրակի, 12 Ապրիլին (մինչդեռ մեր մօտ, Սփիւռք եւ Հայաստան, Զատիկը նշուեցաւ 5 Ապրիլին)։

Ահա՛ համառօտ ակնարկ մը Աւագ Շաբթուան սաղիմական անցուդարձերէն.

— ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ (5 Ապրիլ), որ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի տօնն է, այս տարի բացառաբար,– ու հարկադրաբար, ապահովական նկատառումներով– նշուած է հայոց Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, փոխան Ս. Յարութեան տաճարին։ Պատարագած ու քարոզած է Գէորգ վրդ. Հայրապետեան։

Պատարագի աւարտին կատարուած է Անդաստանի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանի։ Այնուհետեւ, միաբաններն ու ժառանգաւոր սաները թափօրով ու շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուած են դէպի «Ովսաննայի քար», ուր ընթերցուած է օրուան Աւետարանը։

— ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ (9 Ապրիլ), որ կը յիշատակէ Քրիստոսի վերջին ընթրիքը եւ որ հացի ու գինիի օրհնութեամբ կը հաստատէ հաղորդութեան խորհուրդը, նշուած է Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ։ Երեկոյեան, աւագ խորանին առջեւ պատարագած է Թէոդորոս եպս. Զաքարեան։ Ոտնլուայի արարողակարգը կատարած է Սեւան արք. Ղարիպեան` զգեստաւորուած կանգնելով խորանին մէջտեղ եւ իր աջ ու ահեակ կողմերը ունենալով 12 միաբաններ, ի նշան 12 առաքեալներուն։

Այդ օր, երգեցիկ դպիրներն ու սարկաւագները հագած են ԺԸ. դարու բացառիկ շապիկներ, որոնք տարին միայն մէ՛կ անգամ՝ Ոտնլուայի ատեն կ՛օգտագործուին։ Գիշերը կատարուած է Խաւարման կարգ, որպէս յիշատակութիւն Յուդայի մատնութեան (որ խաւարի իշխանէն՝ սատանայէն դրդուած, մահուան առաջնորդեց Տէրը…)։ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» շարականի երգեցողութենէն ետք՝ քարոզած է Թէոդորոս եպս.։ Արարողութիւնը, Աւետարաններու երկարաշունչ ընթերցանութեամբ, շարունակուած է մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։

— ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԸ (10 Ապրիլ), որ Քրիստոսի խաչէն իջեցման ու թաղման յիշատակն է, թաթաւուն է տրտմութեամբ։ Այս օրը պատարագ չի մատուցուիր, քանի որ, եկեղեցական հասկացողութեամբ, Քրիստոս ի՛նք պատարագուեցաւ խաչին վրայ։ Կէսօրին միաբանները մէկտեղուած են Ս. Յարութեան տաճարը, ուր, հայոց Երկրորդ Գողգոթա վերնամատռան մէջ, տեղի ունեցած է Խաչելութեան կարգ։ Իսկ Թաղման կարգը կայացած է Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Սեւան սրբազանի։

— ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ կամ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԸ (11 Ապրիլ) սկսած է առաւօտեան, երբ հայոց վանքի աւագ թարգման Վազգէն վրդ. Ալէքեան, սաներու, միաբաններու եւ ժողովուրդի ներկայութեան, բացած է Ս. Յարութեան տաճարին դուռը, ըստ միջհամայնքային օրինաց։ Շուրջ երկու ժամ ետք կատարուած է հայոց երկրորդ մուտքը Ս. Յարութեան տաճար, այս անգամ՝ գլխաւորութեամբ Կորիւն եպս. Բաղդասարեանի եւ ուղեկցութեամբ Հ.Ե.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արիներուն։

Այս արարողակարգին մասնակից դարձած են ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ալ, իբրեւ հայոց հետեւակներ։ Կէսօրէ ետք, յոյները սկսած են իրենց եռադարձ թափօրին՝ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին շուրջ։ Երրորդ դարձին՝ անոնց միացած է հայոց վանքին լուսահանը՝ Տիրան վրդ. Յակոբեան։ Կատարուած է «Լուսաւորեա՛»-ի արարողութիւնը ու ամբողջ տաճարը ողողուած է Յարութիւնը խորհրդանշող կրակի բոցերով…։ Այնուհետեւ կայացած է հայո՛ց եռադարձ թափօրը Ս. Գերեզմանին շուրջ։ Երեկոյեան պատարագ մատուցուած է Սրբոց Յակոբեանց տաճարին մէջ։

— ԶԱՏԻԿԸ (12 Ապրիլ) իր լրումին հասցուցած է Աւագ Շաբաթը։ Կիրակիի առաջին ժամերուն (կէս գիշերը անց) միաբանութիւնը Թէոդորոս սրբազանի առաջնորդութեամբ կատարած է իր առաջին մուտքը Ս. Յարութեան տաճար (որուն իրաւատէրերէն մէկն է հայոց եկեղեցին՝ յունաց եւ լատինաց հետ համահաւասար իրաւունքներով)։ Կատարուած է գիշերային ժամերգութիւն։

Լուսադէմին, եռադարձ թափօր կատարուած է Ս. Գերեզմանին շուրջ։ Արեւը ծագելէն ետք կատարուած է հայոց երկրորդ մուտքը տաճար։ Կորիւն եպս. Բաղդասարեան մատուցած է հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ ուղղակի Ս. Գերեզմանին վրայ։ Իսկ երեկոյեան, հայոց վանքի Մեծ բակին մէջ կատարուած է մեծահանդէս Անդաստան, Սեւան սրբազանի հանդիսապետութեամբ։ Օրհնուած են աշխարհի չորս ծագերը…։       

*

ՀԱՅՖԱՅԻ մէջ, շուրջ երեք տարի առաջ, անուանակոչութիւնը կատարուած էր փոքր հրապարակի մը, որ կը կրէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» անունը։ Հրապարակէն քիչ մը անդին ալ կանգնեցուած էր եռալեզու (եբրայերէն, արաբերէն, անգլերէն) ցուցանակ մը, որ ուղղութիւն կու տար դէպի այդ հրապարակը։

Արդ, անցեալ Փետրուարին, վանտալական արարք մը գործուած է այդ ցուցանակին դէմ. անծանօթներ պոկած են ցուցանակին ձողը ու զայն գետին տապալած…։ Յայտնի է որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառը խորթ թուած է կարգ մը շրջանակներու, որոնք հաշտ աչքով չեն դիտեր հայութեան առնչուող պատմական ո՛րեւէ ակնարկութիւն…։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց պատրիարքարանի դիւանը 9 Մարտ թուակիր յայտարարութեամբ մը իր վրդովմունքը յայտնած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան նախկին անդամներէն Էմմանուէլ վրդ. Աթաջանեանի հանդէպ, որ հայատանեան եւ այլ լրատուամիջոցներու ճամբով Երուսաղէմի մասին մերթ հարցազրոյցներ, մերթ ալ զանազան տեղեկութիւններ ու տուեալներ կու տայ եղեր՝ ինքզինք ներկայացնելով որպէս «հայկական եկեղեցւոյ սպասաւոր»։ Պատրիարքարանը նկատել կու տայ որ յիշեալ անձը Մայիս 2019 թուականէն ասդին այլեւս հոգեւորական չէ, քանի որ կարգալոյծ հռչակուած է։ Պատրիարքարանը կ՛ակնկալէ, որ լրատուամիջոցները զգոյշ ըլլան ու Երուսաղէմի մասին ամէն լուր քաղեն լոկ Ս. Աթոռոյ դիւանատունէն։

ՊՈՒՏԱՓԷՇՏԻ (Հունգարիա) L`Harmattan հրատարակչութիւնն ու Լայփցիկի համալսարանը, վերջերս (2026) համագործակցաբար լոյս ընծայած են Երուսաղէմի հայ համայնքին պատմութեան առնչուող անգլերէն կարեւոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Capturing Eternity. Jerusalem Armenian Entanglements with Photography» («Յաւերժութեան արձանագրում. Սաղիմահայութեան սերտ կապը լուսանկարչութեան հետ»)։

Հատորը կը պատմէ այն առաջնակարգ դերին մասին, որ Երուսաղէմի հայերը ունեցեր են՝ լուսանկարչական մարզին մէջ։ Երկասիրութիւնը խմբագրած են Կարէն Ջալլաթեան եւ Տիանա Ղազարեան, իրենց օժանդակ ունենալով Պալինտ Կովաչը։ Հատորին մէջ ընդգրկուած են նիւթին առնչուող գիտական ու քննական բազմաթիւ յօդուածներ, որոնց ներքեւ կ՛երեւին ստորագրութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներէ հետազօտիչներու՝ Փիթըր Քաուիի, Արման Խաչատրեանի, Իսամ Նասսարի, Հազալ Էօզտէմիրի, Արմէն Մարսուպեանի, Մարի-Օտ Պարոնեանի եւ այլոց։ Գիրքը պատկերազարդ է։

Share65Tweet41
Previous Post

Լուրեր. 28 Ապրիլ 2026

Next Post

Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․

Next Post
Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․

Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.