Ապրեցաւ 91 տարի։
Մինչեւ վերջին շունչը մնաց կայտառ։
Տարիներ շարունակ ծառայեց որպէս կրթական մշակ։
Պաշտօնավարեց երեք տնօրէններու հետ՝ Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան եւ ապա Ազգային Ռուբինեան վարժարաններուն մէջ՝ Կարապետ Չարըքեան, Մանուէլ Ադամեան եւ Սեպուհ Գալփաքեան։
Մնաց ամուրի։
Զաւակներ չունեցաւ։
Բայց հարիւրաւոր աշակերտներ որդեգրեց իր երկարամեայ կրթական կեանքին ընթացքին։
Սիրեց զանոնք։ Խնամեց։ Դաստիարակեց։
Անոնցմէ շատեր նուաճեցին բարձր դիրքեր՝ դարձան բժիշկ, ղեկավար, գիտաշխատող, ուսուցիչ։
Ուրախացաւ անոնց յաջողութիւններով։ Տխրեցաւ անոնց ցաւերով։
Չորս քոյր եւ մէկ եղբայր էին։
Իր Կեանքի վերջին տարիներուն բոլոր հարազատները մշտնջենական նինջով հեռացած էին։
Ինչպէս յաճախ կը պատահի կրթական մշակներուն, կը թուէր թէ պիտի մնար լքուած ու մեկուսանար։
Սակայն բարեբախտաբար հին բարեկամութիւնները չմարեցան։
1950-ական թուականներու վերջերուն, Սահակ-Մեսրոպեանի եւ Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան Պաալպէք դաշտագնացութեան օրերէն ծնած բարեկամութիւնը մնաց կենդանի։
Այդ կապերը վերածուեցան հոգատարութեան։
Հանգուցեալ ընկեր Յովհաննէս (Շիրազ) Ճէրէճեան եւ հետագային ընկեր Գրիգոր Շիմշիրեան ձեռք երկարեցին անոր։
Խնամեցին։ Հոգացին։ Կեցան կողքին իբրեւ երախտագիտութիւն՝ իր կրթական ծառայութեամբ բեղուն կեանքին։
Մինչեւ վերջին օրը չլքեցին զինք։
Խոնարհում, խունկ ու մոմ, համեստ, անձնուէր՝ Օրդ. Սիրարփի Քէտէրեան անուն կրթական մշակի յիշատակին։

