Կը դիմաւորենք հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։
Աւելի քան դար մը առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին գործադրութեան դրուեցաւ արդի պատմութեան ամէնէն հրէշաւոր ոճրագործութիւններէն մին, որուն զոհ գացին աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր՝ ամէն տարիքի ու սեռի, իսկ հարիւր հազարաւորներ տեղահան ըլլալով ու զրկուելով իրեց ունեցուածքէն ապաստան գտան այլ երկինքներու տակ։
Երիտթուրքերու ծրագրած ու գործադրութեան դրած հրէշային ծրագիրը կը շարունակէ մնալ խարան Թուրքիոյ իրարայաջորդ կառավարութիւններու ճակտին, քանի անոնք կը շարունակեն մերժել առերեսուիլ իրենց պատմութեան այդ սեւ էջին հետ՝ ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստացի իրողութիւնը։
Հայութեան դէմ գործադրուած ոճրագործութիւնը մոռացութեան մատնելու թրքական ծրագրերը ձախողութեան մատնուեցան, երբ ցեղասպանութենէն վերապրողներու յաջորդական սերունդները սկսան բարձրացնել իրենց ձայնը ու արդարութիւն պահանջել աշխարհէն ու համայն մարդկութենէն։ Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք ծայր առած ճանաչման համար պայքարը տուաւ իր դրական արդիւնքները ու բազմաթիւ երկիրներ, որոնց շարքին եւրոպական գրեթէ բոլոր երկիրները, սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Ճանաչման արշաւը հասաւ նաեւ Թուրքիա, ուր յառաջադէմ մտաւորականներ սկսան ամէն Ապրիլ 24-ին լուռ ցոյցով ու հայ նահատակ մտաւորականներու պատկերները պարզելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին։ Վերջին տարիներուն այդ շարժումը դանդաղած է՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած վախի մթնոլորտին պատճառաւ։ Վստահ ենք, որ, ուշ թէ կանուխ, թուրք հասարակութիւնը պիտի կարենայ ինքնիր մէջ ուժ գտնելով ծանօթանալ իր պատմութեան էջերուն ու վերատեսութեան ենթարկել իր մտածողութիւնը։
Ճանաչման վերաբերեալ ամերիկահայութեան մղած երկար տարիներու քաղաքական պայքարը հասաւ իր յաջող աւարտին, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը եւ ապա Ծերակոյտը 2019-ին պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այդ թուականէն ետք, Սպիտակ տան կողմէ հրատարակուած Ապրիլ 24-եան պատգամներուն մէջ սկսաւ յիշատակուիլ «ցեղասպանութիւն» բառը՝ հակառակ թրքական կառավարութեան բողոքներուն։ Նախագահ Թրամփի իշխանութեան վերադարձէն ետք տեղի ունեցաւ ետքայլ։ Ան
խուսափեցաւ ճիշդ ձեւով բնութագրելէ հայկական կոտորածները, փոխարէնը օգտագործելով «Մեծ եղեռն» եզրոյթը։
Հակառակ պատմական յիշողութիւններուն, վերջին տարիներուն Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ դիւանագիտական կապեր հաստատել հարեւան Թուրքիոյ հետ, տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ու տնտեսական զարգացման նկատառումներէն մեկնելով։ Հայաստանէն ներս եւ Սփիւռքի տարածքին կան հայեր, որոնք համաձայն չեն առնուած այդ քայլերուն հետ։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ պետական մտածողութիւնը կը տարբերի անհատականէն։ Երկրի ղեկավարութիւնը պարտաւոր է նաեւ մտածելու իր քաղաքացիներու ապահովութեան ու բարօրութեան մասին ու շարժիլ այդ ելակէտէն մեկնելով։
Սփիւռքի մօտեցումները կրնան տարբերիլ Հայաստանի պետական մտածողութենէն, սակայն Սփիւռքը կը մնայ իրաւայաջորդը եւ իրաւատէրը Ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդներուն ու պէտք է շարունակէ մնալ միակամ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման համար իր մղած պայքարին ընթացքին։
Անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ ու կ’ըսենք՝ բիւր յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ինկան հայ ազգի գոյատեւման ճանապարհին։
Խմբագրական «Մասիս» շաբաթաթերթի (ԱՄՆ)

