Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026֊ի երեկոյեան, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ մեր մեկուկէս միլիոն նահատակներուն։
Ոգեկոչման ներկայ գտնուեցան Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետը եւ անդամներ, Հ.Մ.Մ Կեդրոնական վարչութեան եւ շրջաններու ատենապետները, հոգեւոր հովիւներ, Ն.Ս.Մ.Մ., Հ.Կ.Բ.Մ. եւ Տ.Ո.Ե.Մ. ներկայացուցիչներ:

Միջոցառման բացման խօսքէն ետք Արժ. Տ. Նարեկ Ա. քհնյ. Հեճինեան եւ Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան բարեխօսական աղօթք կատարեցին, որուն յաջորդեց Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի մասնաճիւղերու խօսքը, որ փոխանցեց Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան վարչութեան անդամ ընկերուհի Փաթիլ Փափազեան, որ ըսաւ.
«Սիրելի եւ պահանջատէր լիբանանահայ երիտասարդութիւն,
Դարձեալ համախմբուած ենք միասնաբար ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն յիշատակը:
111 տարիներ առաջ այսօր, պետականօրէն մշակուած ծրագրով իրագործուեցաւ ոճրագործութիւն մը, որ իր հրէշաւորութեամբ ու հետեւանքներու ծանրութեամբ նախադէպը չունէր ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ համաշխարհային պատմութեան մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը լոկ թուական մըն է մեզի համար, նոյնն է այն ինչ 101-ամեակը կամ 111-ը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք որ մեր դատը անժամանցելի է:
Ուստի մեզի համար Ապրիլ 24-ի օրը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ, իսկ պահանջատիրութիւնը ամէնօրեայ օրակարգ է, մեր մտածումներէն դուրս չի գար այնքան ժամանակ, որ ցեղասպան Թուրքիան չի ճանչնար զայն եւ կը շարունակէ իրականութիւնները խեղաթիւրել եւ ճշմարտութիւնները քօղարկել, ժխտելով այն յստակ իրականութիւնը, որուն համար մենք սակարկութեան կամ բանակցութեան չենք նստիր:
Հայոց ցեղասպանութիւնը արդիւնք է երիտթուրքերու ազգայնամոլական եւ ծաւալապաշտական համոզումներուն եւ քաղաքականութեան, այս ոճիրը կը շարունակուի այսօրուան Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ, անոր վարած ժխտողական քաղաքականութեամբ: Մեր ժողովուրդի ողբերգութեան մեղսակից կը համարենք բոլոր անոնք, որոնք օրին չկանխարգիլեցին, լռելեայն քաջալեր դառնալով իթթիհատի բարբարոսութիւններուն:
Այսօր, Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի երբ Թուրքիան տակաւին կը ժխտէ իր նախնիներուն կողմէ գործուած հրէշագործութիւնները, եւ ան կը մնայ անպատիժ մարդու իրաւունքներու պաշտպան մարմիններու, ինչպէս նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ:
111 տարիներ առաջ մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած սահմռկեցուցիչ դէպքերը, արեւմտահութեան ստուար տոկոսին տեղահանութիւնը եւ գաղթի ճանապարհներուն վրայ կատարուած անմարդկային արարքներն ու սպանդը միայն հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած արարք մը չէր, այլ ամբողջ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր, եւ ահա այսօր մենք ականատես կը դառնանք զանազան երկիրներու մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ ցեղերու դէմ ծրագրուած սպանդներու: Ու այս առումով է նաեւ, որ կ’արձանագրենք եւ որպէս պատմական վկայութիւն կը յայտարարենք, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործողները պատժուէին եւ հատուցում ստանար հայ Ժողովուրդը, ապա այսօր եղած սարսափելի ոճիրները պիտի չգործուէին:
Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը, անոր հետեւանքներուն վերացումը եւ ցեղասպանին կողմէ այդ ոճիրին ընդունումը մեզի համար կարեւորագոյն պատուար են կանխարգիլելու համար նմանօրինակ ոճիրներ եւ սպանդներ:
Գալով հայ երիտասարդութեան, մենք կը հաւատանք, որ ամէն միջոցներով յառաջ պիտի տանինք մեր արդար դատը, մինչեւ վերջնական եւ արդար լուծման: Մեր կողքին ունենալով աշխարհի բոլոր ծագերուն գտնուող, արդարութիւնը սիրող, մարդկային գերագոյն արժէքներուն հաւատացող յառաջադէմ մարդկութիւնը:
Կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հերոսներուն, շարունակելով իրենց սուրբ գործը, նոյն նուիրուածութեամբ եւ անձնազոհութեամբ:
Որպէս ժառանգորդները Փարամազներու, Զօրավար Անդրանիկներու, Աղասիներու, այսօր՝ աւելի քան երբեք, մենք պատրաստ ենք սատար կանգնելու ազատ եւ անկախ Հայաստանին եւ անշուշտ մեր պահանջատիրութեան:
Սիրելի երիտասարդներ,
Կասկած չունենաք, որ անպայման օր մը պիտի հասնինք մեր իրաւունքներուն, սակայն զգոյշ եւ հաստատ կամքով, առանց վարանելու, առանց ընկրկելու, հաստատ քայլերով եւ միասնականութեամբ:
Մեր նահատակներուն յիշատակը անմար է եւ անմար պիտի մնայ առ յաւէտ:
Կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ եւ այսօր, ինչպէս ամէն Ապրիլ Քսանչորսի, կ’ուխտենք շարունակել մեր երթը:
Կ’ուխտենք քալել մեր դատին համար, մինչեւ արդարութեան վերջնական յաղթանակը:
Փառք քեզի հայ ժողովուրդ,
Յաւե՜րժ փառք, մեռնիլ չգիտցող եւ մեռելներէն յարութիւն առնող իմ ժողովուրդ:
Յաւերժ փա՜ռք»։
Հոգեւոր հովիւներու «Պահպանիչ» աղօթքով, մոմավառութեամբ եւ «Սարդարապատ»ի յաղթերգով իր աւարտին հասաւ ոգեկոչման միջոցառումը։

