Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի կէսօրին, Լիբանանի հայկական վարժարաններուն աշակերտները մէկտեղուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, հոգեւորականներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ ազգային գործիչներու:

Անշէջ կրակին առջեւ տեղի ունեցաւ աշակերտներուն ձեռամբ ծաղկեպսակներու զետեղում, ապա մատուցուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին արտասանուեցան աշակերտներուն անունով խօսքեր: Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան:

