Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ցասումի Եւ Վերապրումի Օրը

April 25, 2026
in Խմբագրական
0
Խմբագրական. Ցասումի Եւ Վերապրումի Օրը

Մեր երէց սերունդներուն համար սուգի օր էր Ապրիլ 24-ը: Եւ ի՞նչպէս չըլլար սեւ թուական մը, որ էապէս փոխեց հայոց պատմութեան հոլովոյթը: Վիթխարի տարածութեամբ հայրենիքի բռնագրաւումը, անհամար նահատակներու դիզուած դիակները, դարերու ընթացքին վաստակուած հարստութեանց իւրացումը, սրբավայրերու եւ վանքերու սրբապղծումը, թանկարժէք մատեաններու եւ գիրքերու հրկիզումը, բռնօրէն թրքացած եւ բրտօրէն քրտացած մերազն զաւակներուն կորուստը, լլկուած որբեւայրիներու սովամահութիւնը, արնաթաթախ եաթաղաններու եւ տապարներու վերյիշումը եւ անապատներու կիզիչ արեւն ու կծող աւազները կապարային մղձաւանջով եւ գալարումներով պիտի վերապրէին մեր մեծ հայրերն ու հանիները:

Քսաներորդ դարուն առաջին ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը յիշողութենէն չի կրնար ջնջուիլ այս պատուհասը, որ խորքին մէջ կը վերաբերէր նաեւ ողջ մարդկութեան պատմութեան եւ փաստը այն է, որ այդ աղէտը անպատիժ մնալով, կրկնուեցան նմանատիպ ողբերգութիւններ՝ տարբեր վայրերու մէջ եւ ժամանակներու ընթացքին:

Ցեղասպաններուն գլխաւոր նպատակն էր ձերբազատիլ հայկական խնդիրէն՝ բիրտ ուժով լուծելով «հայոց յարուցած տաղտուկը», հայ անունը ջնջել ի սպառ: Յաջողեցա՞ն անոնք, ի հեճուկս Լօզանի դաշնագիրին թրքանպաստ կէտերուն: Իրենց նպատակին հասա՞ն արդեօք ցեղասպանութեան հեղինակներն ու անոնց յետնորդները: Անպատիժ սպրդեցան, այո՛, բայց այս կնճռոտ պատմութիւնը հասա՞ւ իր վախճանական կէտին:

Ահա այստեղ է որ սուգին կը յաջորդէ ցասումը, որ արմատացած է այն սերունդին մօտ, որ չի հանդուրժեր անտարբերութիւնը, չի համակերպիր միջազգային լռութեան եւ պիղատոսեան չքմեղանքին ի տես: Ցեղասպանութեան օրերուն մեղսակիցները բազում էին՝ իրենց շահերէն մեկնած. ուրիշներ լուռ էին՝ անմեղի դիմակներով ծպտուած. ոմանք կը հրճուէին չարախնդօրէն: Երբեմն արտասանուած բերանացի կծու դատապարտութիւնները ոչ մէկ արձագանգ գտան՝ այրած սիրտերը հազիւ ամոքող: Ահա թէ ինչու անարդարութեան դիմաց սկսաւ կուտակուիլ իրաւացի ցասումը. դառնալ պայքարի եւ ընդվզումի կոչ-հրաւէր: Ո՞վ կրնայ մեղադրել եւ դատապարտութեան սիւնին գամել տուժողը՝ երբ ան զոհն է բացայայտ վաշխառութեան եւ սանձակոտոր վայրագութեան: Թախիծ էր երէկ. կեանքի ու մահուան միջեւ տուայտանք մըն էր ահալի: Իսկ ապա՝ ցասո՛ւմ՝ ընդդէմ քար լռութեան: Ապա բռունցք՝ վերապրումի՛ եւ կեանքի՛: Հետեւապէս, տրամաբանական շարունակութիւն մը առկայ է սերունդներու միջեւ, որ կ’ամրապնդէ կապն ու պատկառանքը մեր անթաղ նահատակներուն հանդէպ:

Ապրիլ 24-ը մնաց դաջուած մեր ճակատին: Անոր խորհուրդը ուրուականի նման կը յամենայ իւրաքանչիւր հայու միտքին ու հոգիին մէջ: Մեր կորուսեալ հողին մորմոքն է այդ թուականը. ազգային ինքնութեան եւ ինքնազգաստացման ահազանգ մը հոգեցունց: Եւ այսօր՝ նաեւ ուխտի օր մը՝ երդուելու վերապրումի՛ համար: Որովհետեւ վերապրումը շառաչուն պատասխանն է ցեղասպանին եւ իրենց ժառանգորդներուն: Վերապրո՛ւմն է յարատեւ եւ ոչ թէ սուգն ու շիւանը, արցունքն ու վիշտը:

Վերապրելու հրամայականն է այսօր առաջնահերթ: Այս բազմաոլորտ առաջադրանքներ ունեցող օրակարգ է անկասկած, որ կը սկսի վերապրումի՛ հաւատքով, ինքնակազմակերպմամբ, հնարաւոր ուժերու գերլարումով եւ հետեւողական աշխատանքներով: Ունինք այն, ինչ որ ունինք, որոնք պահել-պահպանելու համար պիտի ներդնել բոլոր ուժերը, ուղղորդել շահեկան ճանապարհներով: Պահել-պահպանել հայրենի հողը, գաղութահայ կառոյցները, ազգային աւանդութիւնները, տոհմիկ բարքերը, լեզուն, մշակոյթն ու պապենական յիշատակները: Բոլորը մասունքներ են անսակարկելի: Անոնք է որ պիտի իրարու զօդեն սերունդները՝ իրենց գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ: Ուստի՝ Ապրիլ 24-ը միօրեայ արարողութիւն չէ բնաւ կամ տարեկան հաւաք: Ապրիլ 24-ը կենսակերպ է, ինքնադաստիարակութիւն է յարատեւ յաղթահարելու համար այլասերման եւ ուծացման ամէն օր փչող խորշակները դժնի:

Մեր մեծ հայրերուն ապրած Գողգոթան պէտք է ամէն օր մեզի յիշեցնէ, որ տառապալից կեանքը երբ կ’ընդունիս յանուն նպատակի, կը մաքառիս յստակ կէտ-նպատակի համար, ունիս ազգային գիտակցութեան դոյզն նախանձայուզութիւնը, ապա վերընձիւղման կամքը կը դառնայ յաղթական: Ա՛յդ պահուն իսկ ոսոխը կ’իյնայ դիտապաստ՝ անփառունակօրէն: Այս երեւոյթին է որ ականատես եղանք անցնող 111 տարիներու ընթացքին:

Այսօր, համազգային ուխտի այս օրուան առիթով, կը խոնարհինք սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ: Հոգեպէս անոնց հետն ենք՝ խունկ ծխելով եւ աղօթք մրմնջելով. ներքնապէս՝ ցասումը կը կրծէ մեզ՝ լրբացած մարդկութեան եւ թշնամիներուն ի տես. մտովի կը խոստանանք վերապրի՛լ շարունակելով մեր նախնեաց կիսատ երթն ու ուղին՝ մինչեւ կատարումն իրենց երազներուն:

Share67Tweet42
Previous Post

Հայկական Վարժարաններուն Աշակերտները Անթիլիասի Մէջ

Next Post

Անպատիժ Ցեղասպանութիւնը Եւ Շարունակուող Անարդարութիւնը

Next Post
Անպատիժ Ցեղասպանութիւնը Եւ Շարունակուող Անարդարութիւնը

Անպատիժ Ցեղասպանութիւնը Եւ Շարունակուող Անարդարութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.