Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սուրբ Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

April 25, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Սուրբ Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

Երէկ, 24 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. Պատարագ: Ապա, հանդիսապետութեամբ վեհափառ հայրապետին, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց տեղի ունեցաւ Բարեխօսական կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում, ներկայութեամբ ՀՄՄ-ի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը ներկայացնող սկաուտներու եւ երեք միութիւններուն փողերախումբերուն:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով կուսակցապետերը զետեղեցին միացեալ ծաղկեպսակ մը, որմէ ետք ծաղկեպսակներ խոնարհուեցան նաեւ ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՆՍՄՄ-ին, ՀԿԲՄ-ին եւ լիբանանահայ բարեգործական, մարզական, մշակութային եւ կրթական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ձեռամբ, մինչ փողերախումբերը նուագեցին մահերգն ու Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

Արարողութեան աւարտին փողերախումբերուն կարարողութեամբ մատուցուեցաւ ազգային երաժշտութիւն:

Երէկ կանուխ առաւօտեան, ծաղկեպսակներու զետեղում տեղի ունեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ժաաթաուիի Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ զետեղուած՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողին մօտ, մասնակցութեամբ ՀՄՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտական խումբին, ինչպէս նաեւ հայկական սկաուտական միւս շարժումներուն եւ փողերախումբերուն:

Share64Tweet40
Previous Post

Ցեղասպանութեան 111-րդ Ոգեկոչում. Յիշել, Յիշեցնել Ու Պահանջել

Next Post

Հոգեւոր Պետերէն՝ Համախմբուելու Կոչ

Next Post
Հոգեւոր Պետերէն՝ Համախմբուելու Կոչ

Հոգեւոր Պետերէն՝ Համախմբուելու Կոչ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.