Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 111-րդ Ոգեկոչում. Յիշել, Յիշեցնել Ու Պահանջել

April 25, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ցեղասպանութեան 111-րդ Ոգեկոչում. Յիշել, Յիշեցնել Ու Պահանջել

Լիբանանահայութիւնը Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, անգամ մը եւս մէկտեղուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուր հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչում, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին, երեք կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց, հայկական միութիւններու ատենապետներու եւ ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, դիւանագէտներու եւ ոչ-հայ հիւրերու:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վաչէ Տօնէրեան, ապա հայերէն ուղերձը արտասանեց ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Գէորգ Տաղլեան, իսկ նոյնը արաբերէնով՝ Գրիգոր Էքմէքճեան:

Խօսելէ ետք հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու համագործակցութեան եւ համակարգումին մասին, անոնք ահազանգեցին, որ «Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտումի եւ հատուցման պարտադրանքի բացակայութիւնը կամ ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը պատճառ դարձան եւ կը շարունակեն պատճառ դառնալ, որ կրկնուին ցեղասպանութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ», մատնանշելով Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը:

Տաղլեան եւ Էքմէքճեան զօրակցութիւն յայտնեցին բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ենթակայ են ցեղային զտումի, սպանդի եւ մարդկութեան դէմ այլ ոճիրներու: «Տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները, ցնցումները, զանգուածային ջարդերն ու տարածքներու գրաւումները կը ցնցեն նաեւ այս շրջանին մէջ ապրող հայկական համայնքները։ Անոնց նօսրացումը չի բխիր ո՛չ հայրենի պետութեան եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի հայութեան շահերէն։ Այս համայնքները, որոնց շարքին եւ առաջին հերթին Լիբանանը, մեր համասփիւռքեան մարդուժի պատրաստութեան կարեւորագոյն կեդրոններն են, մեր հոգեւոր, ազգային կեանքի գործիչներ հասցնող միջավայրերը։ Անոնց տկարացումը տկարացումն է Սփիւռքին եւ հետեւաբար համայն հայութեան քաղաքական, մշակութային եւ կրթական կեանքին»,  ահազանգեցին անոնք, շեշտելով պահանջատիրութեան երթը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Միացեալ խօսքին մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ 6 Մայիսին խորհուրդը պահպանելու կարեւորութիւնը, ահազանգելով որ «Անքարայի կողմէ թէ՛ շրջանին եւ թէ՛ Լիբանանին մէջ կիրարկուող թափանցման քաղաքականութիւնը նոր տարածքներ կը նուաճէ։ Զինուորական, կրթական թէ մշակութային տարազներուն տակ  Թուրքիան ներկայ է տարբեր շրջաններու մէջ եւ իրազդեցութիւնը կը տարածէ արաբական աշխարհին մէջ»։

Տաղլեան եւ Էքմէքճեան լիբանանցիներուն պարտականութիւնը համարեցին պատմութեան դասերը միշտ յիշելը: Անոնք պահանջեցին, որ Պաքու պատասխան տայ Արցախի մէջ գործուած ոճիրներուն եւ վերջ դրուի այնտեղ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան:

«Լիբանանահայութիւնը անպայման պիտի թօթափէ այսօրուան ծանր պայմաններուն ձգած հետեւանքները, համախումբ ձեւով վերստին պիտի ճշդէ մեր համազգային երթին հիմնական ուղիներն ու առաջադրանքները, միշտ հետապնդելով հայոց պետականութեան հզօրացումը, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան վերականգնումը, այս գաղութի կրթական, մշակութային եւ քաղաքական գործօններու հանգամանքներու ամրակայումը, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին հետապնդումը, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման աշխատանքը, հայութեան իղձերու կենսագործումը, պատմական արդարութեան վերականգնումը, լիբանանահայ համայնքին անվտանգութիւնը եւ քաղաքական գործօնի հզօրացումը», նշուեցաւ Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցի ոգեկոչումի խօսքերուն մէջ, որոնք եզրափակուեցան համայնքին մէջ հայկական համագործակցական ոգին վառ պահելու խոստումով:

Ապա, ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ շեշտեց յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը պարտաւոր է գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ ներկայ ճարտարագիտութեան ընծայած ազդու միջոցներով միշտ յիշեցնել Ցեղասպանութիւնը բոլորին՝ ներառեալ թուրք նոր սերունդին, որպէսզի կարելի ըլլայ  արդարութիւն պահանջել: Անդրադառնալով պահանջատիրական երթին, վեհափառ հայրապետը հրամայական համարեց իրաւական ոլորտին գործածութիւնը, այնպէս ինչպէս Կաթողիկոսութիւնը կատարած է: «Ժամանակն է, որ, ներկայ աշխարհի աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն ու միջազգային յարաբերութիւններու նոր զարգացումներուն ու դասաւորումներուն լոյսին տակ, մեր պահանջատիրական պայքարի ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները եւս լուրջ վերանայման ու վերարժեւորման ենթարկուին», ըսաւ ան: Կաթողիկոսը պահանջեց նաեւ, որ Հայաստանի պետութիւնը յանձնառու ըլլայ Անկախութեան հռչակագրին, ուր Թուրքիոյ կոչ կ’ուղղուի ճանչնալու Ցեղասպանութեան փաստը: «Կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու հատուցումը՝ Թուրքիոյ կողմէ, Արցախի ժողովուրդին վերադարձը եւ ինքնավարութեան վերահաստատումը միջազգային երաշխիքով, կրօնական ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը՝ Ատրպէյճանի կողմէ, կը մնան մեր հիմնական պահանջը», շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը:

Հսկումի արարողութեան ընթացքին ազգային երգերով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբը, ապա հսկումի երեկոյթը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ի յաղթերգով:

Share65Tweet41
Previous Post

Օհանը Մեկնեցաւ, Բայց Իր Աւանդն Ու Վաստակը Կը Մնան (Քառասունքին Առիթով)

Next Post

Սուրբ Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

Next Post
Սուրբ Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

Սուրբ Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.