Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ցաւէն՝ Յաւերժութիւն Փապլօ Փիքասօ Եւ Երուանդ Քոչար

Անի Թորանեան (Երեւան)

April 23, 2026
in Յօդուածներ
0
Ցաւէն՝ Յաւերժութիւն  Փապլօ Փիքասօ Եւ Երուանդ Քոչար

«Պատերազմը, ռումբերն ու թնդանօթները անցողիկ են,

իսկ Գեղարուեստը մշտնջենական է»:

Երուանդ Քոչար

 

Փաստը, որ պատերազմները անբաժան ուղեկիցն են մարդկութեան պատմութեան՝ անվիճելի է։ Չկայ դար մը, որ զերծ մնացած ըլլայ աւերածութենէ, արիւնէ ու կորստեան ցաւէ։ Դարերը կը փոխուին, սրընթաց արագութեամբ զարգացում կ’ապրի արհեստագիտութիւնը, սակայն մարդը կը շարունակէ կրկնել նոյն ճակատագրական սխալը՝ պատերազմներ կը հրահրէ, զանոնք վերածելով անխուսափելի իրականութեան։

Պատերազմները կարծես կը վերադառնան նոր դէմքով, նոր արդարացումներով, բայց նոյն ողբերգական հետեւանքներով, եւ մեզի անդադար կը յիշեցնեն, որ մարդ արարածը դեռ կը կրէ բնազդներ, որոնք դիւրութեամբ կը սպրդին ամէն տեսակ վերահսկումէ։

Այսօր աշխարհը, արդէն քանիերրորդ անգամ ըլլալով, գերլարուած ու խոցելի վիճակի մէջ է։ Աշխարհաքաղաքական հակասութիւնները, շահերու բախումները եւ ուժերու վերաբաշխումը մարդկութիւնը դրած են նոյն վտանգին առջեւ, եւ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ բռնկող հակամարտութիւնները մեզի կը յուշեն, թէ մարդը չէ յաղթահարած իր կործանարար հակումները։

Պատմութիւնը, կարծես, անցեալ չէ, այլ տարբեր ձեւեր ընդունած կը շարունակէ վերարտադրուիլ նաեւ այսօ’ր։

Անվերջ անկայուն վիճակը, միջինարեւելեան պատերազմներէն մինչեւ հին ու նոր տէրութիւններու միջեւ լարուածութիւնը ցոյց կու տան, որ մարդկութիւնը ընդունակ չէ դասեր քաղելու իր սխալներէն։

Սակայն, ընդունինք, որ պատերազմ հրահրողները, ի վերջոյ, ծանօթ են պատմութեան եւ անցեալի դէպքերուն։ Անոնք լաւ գիտեն, թէ ինչ հետեւանքներու կը յանգեցնեն իրենց գործողութիւնները, բայց ընչաքաղցութիւնը, ունեցածով չբաւարարուելու, ուրիշինը յափշտակելու եւ բարոյական բոլոր չափանիշերը խախտելու անոնց անյագ ախորժակը յաճախ վեր է գիտակցութենէն, հետեւաբար նաեւ փաստերէն ու պատմութենէն։

Իսկ ի՞նչ է արդիւնքը։ Մոլորակին բաժին հասած միլիոնաւոր անմեղ զոհեր, խեղուած ճակատագրեր, սուգի մատնուած կին, զաւակ, մայր, հայր եւ կոտտացող ցաւ։

Իւրաքանչիւր անհատ, որ կորուստի ցաւ կ’ապրի, պատմութեան եւ մարդկային ողբերգութեան նոր վկայ է, եւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ մարդուն գահավիժումը հետեւանք է իր հակումներուն, որոնք, հակառակ դարերու թաւալումին, կը մնան անփոփոխ։

Պատերազմները միայն քաղաքական կամ տարածքային նկրտումներ չեն, այլ մարդկային ու հոգեւոր ճգնաժամերու արտացոլանք։ Երբ մարդը կամ իշխանութիւնը դուրս կը մնան ձգողականութեան զսպող ուժէն, անոնց չարաբաստիկ գործողութիւնները կը յանգեցնեն համամարդկային ողբերգութեան։

Իրականութիւնը եւ անոր յարուցած տագնապը առաջին տեսնողը  արուեստագէտն է միշտ, որ իր  ստեղծագործութեամբ կը դառնայ իւրօրինակ վկայութիւն եւ դիմադրութեան կոչ միաժամանակ։

Այս առումով արուեստը, եթէ արուեստ է իրապէս, չի կրնար լռել։ Իր ժամանակի զգայուն լարը ըլլալով, արուեստագէտը չի կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ սոսկ դիտորդի դերին մէջ։

Արուեստը այն հարթութիւնն է, ուր կարելի է ոչ միայն արձանագրել անցուդարձերը, այլեւ վերաիմաստաւորել եւ փոխանցել անոնց խորքային, յաճախ նաեւ խորհրդանշական իմաստը։ Արուեստի մէջ պատերազմը չի ներկայացուիր լոկ որպէս իրադարձութիւն, այլ կը վերածուի ընդվզումի, ապրումի եւ յիշողութեան։

Ահա այս ի մտի ունենալով, այսօր առանձնացուցած ենք Փապլօ Փիքասոյի «Կեռնիքա»-ն եւ Երուանդ Քոչարի «Պատերազմի արհաւիրքը» մեծածաւալ  կտաւները։

1937 Մայիս 1-ին, Սպանիոյ հիւսիսը, պասքերով բնակեցուած Կեռնիքա քաղաքին վայրագօրէն ռմբակոծուած ըլլալուն լուրերը հասան Փարիզ։ Ականատեսներուն գրութիւնները գրաւեցին տեղական եւ միջազգային մամուլին առաջին էջերը։ Փիքասօ սարսափած էր լուրերէն եւ իր «Կեռնիքա»-ն բնական արձագանգը եղաւ դաժան կոտորածին։

Նկարին ստեղծագործական ընթացքը տեւեց շուրջ մէկ ամիս։ Փիքասօ հարիւրաւոր ուրուանկարներ փորձեց եւ ի վերջոյ, երբ գոհ մնաց արդիւնքէն, հսկայ նկարը (3,5 մեթր բարձրութիւն եւ 7,8 մեթր լայնք) ներկայացուց հանրութեան։ «Կեռնիքա»-ն սպանացի արուեստագէտին քաղաքական բողոքն էր ընդդէմ վանդալութեան, որ ցնցեց աշխարհը…։

Նկարին մէջ պատերազմի ողբերգութիւններն են եւ անմեղ մարդոց տառապանքները։ Գոյներու բացակայութիւնը (սեւ-կապտամոխրագոյն-ճերմակ) աւելի ցցուն կը դարձնէ ողբերգութիւնը։

Կ’ըսուի, թէ գիշեր մը, երբ նկարիչը Ֆրանսա կը բնակէր, անոր փայտ, կարագ, շաքար, շոքոլայ եւ ծխախոտ առաջարկելէ ետք (ան մերժած էր բոլորը) հինգերորդ շարասիւնը կազմակերպած Գերմանիոյ դեսպան Օթթօ Ապէց «Կեռնիքա»-ն ակնարկելով, հարցուցած է.

– Դո՞ւք ըրած էք։

– Ոչ, դո’ւք ըրած էք, – եղած է արուեստագէտին կտրուկ պատասխանը։

Երկրորդ գեղանկարը, որուն մասին պիտի խօսինք, կրկին արձագանգն է պատերազմի աւերիչ ուժին։

Երկու տարբեր մշակոյթներու ներկայացուցիչներ, երկու տարբեր մտածողութիւններ, սակայն նոյն զգացողութիւնը, նոյն հակազդեցութիւնը, նոյն ընդվզումն ու նոյն արձագանգը։

Ինչպէս արդէն տեսանք, «Կեռնիքա» աչքի կը զարնէ իր գունային լուծումով։ Սեւը, ճերմակը եւ կապտամոխրագոյնը ստեղծած են պաղ, անողոք միջավայր մը, ուր կեանքը կարծես սառած է։ Փիքասօ հրաժարած է իր երանգապնակէն, նպատակ ունենալով առաւելագոյնս շեշտել նկարին ողբերգականութիւնը։ Հոն կերպարները խաթարուած են, կոտրուած, ճչացող։ Ձին, կինը, երեխան՝ բոլորը միախառնուած են ընդհանուր քաոսի մէջ, չկայ կեդրոնական հերոս, բոլորը զոհ են։

Ի հակադրութիւն փիքասոյական մտածելակերպի, Քոչար պատերազմի աղէտը  ներկայացնելու համար գործի դրած է իր ամբողջ երանգապնակը։ Գերիշխող կարմիրը, ըստ ամենայնի, արիւնը կը խորհրդանշէ, նաեւ կրակը, աւերն ու կործանումը։ Մարմինները դարձդարձիկ են, կը բախին, կ’իյնան, կը բարձրանան եւ շարժում ու տագնապ կը հաղորդեն։ Կերպարներուն ուրուագիծերը ներհիւսուած են եւ անոնց գունային ներթափանցումներուն շնորհիւ ստեղծուած է ուժգին պրկում:  Տարածութիւնը գոց է ու ճնշող։ Արուեստագէտին պատերազմը ոչ միայն տեսարան, այլ ներսդիէն պայթող ուժ է։ Ուժ մը, որ դիտորդին կը ստիպէ զգալ մօտալուտ վտանգը։

Երկու հզօր ստեղծագործութիւն, որոնց երկուքին մէջ ալ կարելի չէ չնկատել կերպարներուն, երեւոյթներուն խաթարումը, որ անշուշտ ինքնանպատակ չէ։ Ատիկա ոչ թէ պարզ ձեւի խաղ, այլ տեսակ մը միջոց է, որ կ’օգնէ փոխանցել բուն ճշմարտութիւնը։ Երբ իրականութիւնը անտանելի է, արուեստագէտը ստիպուած կը կոտրէ անոր տեսանելի՝ արտաքին կեղեւը, որպէսզի աւելի յստակ ու «ընթեռնելի» դառնայ ներքին հոգեբանական վիճակը։

Փիքասօ եւ Քոչար միաժամանակ ապրած ու ստեղծագործած են 20-րդ դարու արուեստի կեդրոն Փարիզի մէջ, ուր կը ձեւաւորուէին նոր ուղղութիւններ, կը փոխուէին արուեստի լեզուներն ու սահմանները։ Անոնք ճանչցան զիրար, մաս կազմեցին նոյն ցուցահանդէսներուն, որ կապ հանդիսացաւ անոնց ստեղծագործութիւններուն միջեւ ոչ միայն գաղափարական առումով, այլեւ կենդանի՝ մարդկային շերտով։

Փիքասոյի բուռն ստեղծագործական աշխատանքը շարունակուեցաւ փարիզեան արուեստով շնչող մթնոլորտին մէջ, մինչ Քոչար, որ հասած էր իր փառքի բարձունքին, վերադարձաւ Խորհրդային Հայաստան, ուր, մեղմ է ըսել, բոլորովին այլ էին գեղագիտական ըմբռնումները, եւ ոչ միայն…

Աւելի քան երեսուն տարի պէտք եղաւ, որպէսզի 1936-ին Հայրենիք հաստատուած Քոչարին արտօնուի հանրութեան ներկայացնել իր գործերը (1965):

«Կեռնիքա»-ն եւ «Պատերազմի արհաւիրքը» արդիւնք են պատմական ողբերգութիւններու։ Եթէ առաջինը պասքերու քաղաքին ռմբակոծումն էր, ապա երկրորդին տուն տուողը Հայոց ցեղասպանութիւնն էր եւ 45 տարի տեւած Պաղ պատերազմին սարսափները։ Եթէ առաջինը ցուցադրութեան արժանացաւ իր ստեղծումէն անմիջապէս յետոյ, ապա երկրորդը համարուեցաւ վտանգաւոր եւ միայն ստեղծումէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք (1962) ներկայացուեցաւ հանրութեան։  Նկարի արարման ընթացքին Քոչար մտածած էր զայն վերնագրել «Եղեռն», բայց յետոյ, ենթադրելի պատճառներով, փոխեց զայն։

Այս փաստը, սակայն, ոչինչ կը փոխէ արուեստագէտի մեծութենէն, որ ոչ միայն ազգային, այլեւ համաշխարհային մեծութիւն է։

Փիքասօ եւ Քոչար ցաւն ու յիշողութիւնը փոխակերպած են արուեստի համայնական լեզուի։

Քոչարի արուեստին մէջ մենք կը տեսնենք նաեւ վերածնունդի, դիմադրութեան եւ ազատութեան շերտը։

Անոր Զուարթնոցի արծիւը ուժի խորհրդանիշ է, ազատութիւն է եւ կամք՝ վեր բարձրանալու պատմութեան ծանր բեռէն, առանց սակայն կորսնցնելու յիշողութիւնը։

«Արծիւը շատ ժողովրդների մօտ զինական ուժի նշան է, հայերիս մօտ էլ է եղել այդպէս, բայց ես արծուի կտուցին օղակ եմ դրել՝ նշանակում է զինական ուժը զսպուած է». այսպէս մեկնաբանած է Երուանդ Քոչար։

Պատերազմը կրնայ խեղել, կոտրել մարմինները, բայց ոչ ոգին։ Ազգային ցաւէն ծնած արուեստը կը վերածուի համամարդկային լեզուի՝ խօսելով թէ՛ կորուստի, թէ՛ ընդվզումի ու դիմադրութեան մասին։ Քոչարի ազատատենչ ոգին կը շարունակէ ապրիլ իր ժողովուրդին մէջ՝ որպէս պայքար եւ յիշողութիւն, ցոյց տալով, որ արուեստը ոչ միայն կը պահպանէ անցեալը, այլ նաեւ կրնայ ձեւաւորել մարդկութեան ապագան։

Այսօր այս գաղափարը աւելի այժմէական է քան երբեւէ։ Ժամանակակից բախումները, պատերազմներու նոր՝ տնտեսական, տեղեկատուական ու ճարտարագիտական մօտեցումները մեր մտապատկերին մէջ կը ստիպեն վերականգնել Փիքասոյի եւ Քոչարի հզօր ստեղծագործութիւնները։ Քսանմէկերորդ դարու տարաբնոյթ ռազմավարութիւններու միջոցաւ սանձազերծուող պատերազմները ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ տեղեկատուական եւ մշակութային են, ինչ որ աւելի կը կարեւորէ արուեստին դերը։

Պատերազմները կը շարունակեն ծնիլ մարդկային բնազդներու մութ խորքերէն, սակայն վերջնական խօսքը անոնցը չէ, այլ՝ արուեստինը։ Արուեստը ոչ միայն յիշողութեան պահապան, այլ նաեւ հրաւէր է՝ յղկուելու, զարգանալու եւ աւելի խաղաղ ապագայ կերտելու։ Ան կը սթափեցնէ՝ յիշեցնելով, որ անցեալի ողբերգութիւններուն կրկնութիւնը պէտք է բացառուի, եւ որ ստեղծագործական դիմադրութիւնը կրնայ նոյնքան զօրեղ ըլլալ, որքան մարտական պայքարը։

Share63Tweet39
Previous Post

Ձայներ Հալէպէն (արձագանգ սուրիահայ կեանքի) – 2

Next Post

Անդրանիկ Զօրավար I – Հայոց Ազատատենչութիւնը Ուսումնասիրող Դէմքը՝ Անդրանիկ Չելեպեան

Next Post
Անդրանիկ Զօրավար I – Հայոց Ազատատենչութիւնը Ուսումնասիրող Դէմքը՝ Անդրանիկ Չելեպեան

Անդրանիկ Զօրավար I - Հայոց Ազատատենչութիւնը Ուսումնասիրող Դէմքը՝ Անդրանիկ Չելեպեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.