«Հայերէն բնագիրով Անդրանիկ Չելեպեանի հեղինակած «Զօրավար Անդրանիկ եւ Հայ յեղափոխական շարժումը» խորագրեալ գիրքը բազմիցս հրատարակուած է ԱՄՆ-ի եւ Պէյրութի մէջ (Այս յօդուածին համար օգտուած ենք Պէյրութ լոյս տեսած Բ. տպագրութենէն, Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատուն, 1986, 744 էջ,-Յ.Ի.): Սոյն գիրքին Երեւանի մէջ 1989-ին հրատարակուած 40.000 (որ տակաւին պատկառելի քանակ մըն է) օրինակին փոխարէն ծրագրուած էր 75.000 օրինակ հրատարակել, սակայն օրուան կացութեան՝ Խորհրդային միութեան փլուզման, Հայաստանի մէջ թուղթի սակաւութեան եւ այլ պատճառներով չիրականացաւ: Խորհրդային վերջին տարիներու ըմբշամարտի ախոյեան, որուն անունը կը վրիպի յիշողութենէս (Նորայր Մուշեղեան- Յ. Ի.) [Նորիկ (Նորայր) Թագւորի Մուշեղեան (Նոյեմբերի 2, 1935, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ – Դեկտեմբերի 23, 2011, Երեւան, Հայաստան), հայ խորհրդային ըմբիշ, հայաստանցի աշխարհի առաջին ախոյեան (1958) եւ գաւաթակիր: 1986 թուականին հիմնել է «Զօրավար Անդրանիկ» համազգային միութիւնը։ ԽՍՀՄ մարմնամարզի վաստակաւոր վարպետ (1963), ՀԽՍՀ վաստակաւոր մարզիչ (1967), ՀԽՍՀ մարմնամարզի եւ մարզանքի վաստակաւոր գործիչ (1980), ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան եւ գաւաթակիր (1958), ԽՍՀՄ ախոյեան (1958–1959), ԽՍՀՄ ժողովուրդների II սպարտակիադայի յաղթող (1959), համամիութենական կարգի մրցավար (1974) ԽՄԿԿ անդամ 1967 թուականից] ձեռնարկած է գիրքին վերահրատարակութեան եւ բարոյապէս նպաստած: Ան մեծ ոգեւորութեամբ կը յիշէր թէ ինք իբրեւ խորհրդային ախոյեան քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ ինչպէ՜ս բեմին վրայ կռուած էր թուրք հակառակորդին հետ եւ զայն զգետնած: Ան մեզ տեղեակ պահեց, թէ իր մարզարանը կ’օգտագործէ իբրեւ միջոց արտասահմանէն դէպի Արցախ հայ ազատամարտիկներ փոխադրելու համար ու մտադրած էր իւրաքանչիւր ազատամարտիկի նուիրել սոյն գիրքէն օրինակ մը: Ան իր մարզարանի հիւրասենեակի պատին կախած էր Զօր. Անդրանիկի եւ Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի խոշոր նկարները: Ան խոր յարգանք կը տածէր Անդրանիկ Չելեպեանի հանդէպ», կ’ըսէ Ժագ Չելեպեան, հեղինակին որդին:
Անդրանիկ Չելեպեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա 1922-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական վարժարանը, որ աւարտելէ ետք մեկնած է Հալէպ եւ ուսանած Ամերիկեան գոլէճը (Aleppo College): 1944-ին աւարտելով վերադարձած է Քեսապ, ուսուցչական ասպարէզ մտնելով Հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ: Տարի մը ետք ան ուսուցչութեան կը կանչուի Հալէպի վերոնշեալ գոլէճը, ուր այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ չորս տարի (1945-1949), Հայ Սքուլի կրտսեր դասարաններուն դասաւանդելով ուսողութիւն եւ անգլերէն: 1949-ին կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը պաշտօնավարէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը: 1950-ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բնախօսութեան (Physiology) բաժանմունքի մէջ աշխատանքի կ’անցնի, ուր կը գործէ 14 տարի: Քովնտի կ’աշխատի գիտական գիրքերու նկարազարդմամբ, երեք բժշկական գիրքերու մէջ: Նաեւ բազմաթիւ յօդուածներով աշխատակցած է Պէյրութի «Ջանասէր», «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» թերթերուն:
Անդրանիկ Չելեպեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընտանեօք ԱՄՆ կը գաղթէ եւ կը հաստատուի Տիթրոյթ, ուր կը պաշտօնավարէ Ալեք Մանուկեան վարժարանին մէջ, որպէս հանրային յարաբերութեան վարիչ: Կ’աշխատակցի ամերիկահայ «Նոր Օր», «Նոր Կեանք», «Պայքար», «Տհի Արմինիըն Ռիփորթըր», «Տհի Արմինիըն Օպզըրվըր» (վերջին երկուքը անգլիատառ) եւ այլ թերթերու: Անոր առաջին պատմական աշխատասիրութիւնը «Զօրավար Անդրանիկ եւ Հայ յեղափոխական շարժումը» խորագրեալ գործն է, որուն կը հետեւին «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները դարերու ընթացքին» (անգլերէն), ապա «Դրօ» եւ «Հայ յեղափոխական դէմքեր» գործերը հայերէն, որոնք թարգմանուած են անգլերէնի:
Անդրանիկ Չելեպեանի գործերուն ընդմէջէն կ’ուրուագծուին իր նկարագրային գիծերը: Ան եղած է արթուն միտքի ու ազնիւ հոգիի տէր հայ մարդ: Չելեպեան չէ գոհացած եւ բաւականացած «բարոյական յաղթանակներ»ով միայն, այլ ձգտելով ազատ եւ անկախ մնալու մտածողութեան՝ ծառայած է ազգային գոյատեւման պայքարի փշոտ ու քարքարոտ ճանապարհի գաղափարաբանութեան: Ան ոչ միայն Զօրավար Անդրանիկի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսումնասիրած է, այլեւ Դրոյի եւ բազմաթիւ ուրիշ հայ յեղափոխականներունն ալ, ըստ հնարաւորին բոլորին իսկական էութիւնը բացայայտելով:
(Շարունակելի)

