ՔԵՍԱՊԻ «Սահակեան» սրահին մէջ, 21 Մարտին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի տեղւոյն «Մեղրի» մասնաճիւղը հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ նշած է Մայրերու Օրը։ Ներկայ եղած են գիւղաւանին հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր հովիւները, իսկ խուռներամ բազմութիւնը լեցուցած է սրահը ծայրէ-ծայր։ Հանդիսավարութիւնը կատարած է Յասմիկ Սաղտըճեան։ Նախ ՍՕԽ-ի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցած է Նարինէ Փանոսեան, որ վեր առած է խաչուհիներու ծառայասիրական ոգին։ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի աշակերտներ երգած կամ արտասանած են մայրերու ձօնուած փունջ մը երգեր ու քերթուածներ։

Տեսերիզի վրայ ցուցադրուած են Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ գաւառներու ձեռագործներու նմոյշներ։ Օրուան բանախօսուհին՝ օրդ. Մարիա Գաբրիէլեան (հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, Հալէպէն), կոչ ուղղած է մայրերուն եւ առհասարակ իգական սեռին՝ պահպանելու աւանդական հայ ընտանիքին դիմագծութիւնը եւ ստանձնելու ամէն տեսակ պաշտօն ու գօրծուն դեր մեր ազգային կեանքէն ներս։ Յորդորած է նաեւ հետամուտ ըլլալ բարձրագոյն ուսման ու կոփել-մշակել սեփական անհատականութիւնը։ Ան մէջբերած է Խրիմեան Հարիկէն հետեւեալ ոսկի պատգամը. «Եթէ պիտի յառաջանաս՝ առաջին քայլը ընտանիքն է։ Եթէ պիտի լուսաւորուիս՝ ճրագը ընտանիքէն պիտի վարես։ Եթէ պիտի հարստանաս՝ գանձապահն ու գանձարանը ընտանիքին մէջ են։ Եթէ պիտի ապրիս՝ երջանկութեան աղբիւրը ընտանիքն է»։ Բանախօսութենէն ետք կարճ խօսքեր արտասանած են ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն Սօսի Աթիկեան եւ Զեփիւռ Գէորգեան (Հալէպ)։ ՀՕՄ-ի կողմէ կնքուած «Պատուոյ գիր»-եր յանձնուած են կէս դարու ծառայութիւն ունեցող եօթը խաչուհիներու։ Հուսկ բանքը արտասանած է Քեսապի հովիւ Եսայի վրդ. Էօրտէքեան։
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, 22 Մարտին, Ազգային իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելած է թեմին կալուածոց հոգաբարձութեան երբեմնի ժրաջան ու երկարամեայ անդամ Յովհաննէս Յակոբեանի բնակարանը ու զայն պատուած «Օրհնութեան գիր»-ով ու «Ծառայութեան շքանշան»-ով։

Ծերունազարդ ազգայինը բերկրանք ապրած է՝ ի տես ազգ. առաջնորդարանի այս խրախուսիչ գնահատանքին։ Պատուիրակութեան անդամները զրուցած են մեծարեալին հետ ու արծարծած ազգային կարօտալի յուշեր…։ Նշուած է, որ Յովհաննէս Յակոբեան, կալուածոց հոգաբարձութենէն զատ՝ մաս կազմեր է Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրի շինարարական յանձնախումբին, ազգ. գերեզմանատան յանձնախումբին, թեմի Ընկերային ծառայութեան խորհուրդին եւ այլն, յատկապէս օգտակար հանդիսանալով պետական գրասենեակներու հետ ազգ. առաջնորդարանի յարաբերական աշխատանքներուն։
ՀԱԼԷՊԻ Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 22 Մարտին, յընթացս Ս. Պատարագի, ոգեկոչուած է Մարաշի 1920-ի աղէտին 106-րդ տարելիցը։ Պատարագած ու քարոզած է Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Պետրոս արք. Մրէաթեան։ Այնուհետեւ, ներկաները համախմբուած են եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ, ուր կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն, մինչ համայնքին սկաուտական փողերախումբը հնչեցուցած է պատշաճ եղերերգեր։

Այստեղ, ծաղկեպսակներ դրուած են Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան ու Մարաշի Հայրենակցական Միութեան անունով։ Իվերջոյ, կղերականաց դասը, միութենականներ ու հայրենակիցներ մէկտեղուած են եկեղեցւոյ յարակից դահլիճը, ուր ժամանած են նաեւ հայ միւս համայնքներու հոգեւոր պետերը։ Ուղերձ մը կարդացած է Միսաք Սեմերճեան (յանուն մարաշցի հայրենակիցներու), անդրադառնալով Մարաշի աղէտին ու նահատակաց յիշատակը վառ պահելու անհրաժեշտութեան։
ՀԱԼԷՊԻ Կաթողիկէ հայոց Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ, 22 Մարտի միջօրէին, հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը միասնաբար բացումը կատարած են Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի 60-ամեակին առթիւ սարքուած ցուցահանդէս-վաճառքին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ Ողջունելով ներկաները՝ հիմնարկի տնօրէնուհի Լանա Պոյնարեան-Մալաքեան, ոգեկոչած է բարերար Վարդան Ճինիշեանի յիշատակը ու շեշտած՝ կարիքաւորներուն օգտակար դառնալու իրենց պատրաստակամութիւնը։

Ան հրաւիրած է ներկաները դիտելու հայ տիկիններու ձեռքով պատրաստուած ու յարդարուած ճոխ ու այլաբնոյթ տաղաւարները։ 60-ամեակի այս ձեռնարկին համար որդեգրուած է սկզբունք մը. տաղաւարներուն մասնակից իւրաքանչիւր հաստատութիւն կամ անհատ (մասնակից եղած են 45 հայ կիներ) երեք օրուան ընթացքին իր վաճառքէն գոյացած նիւթական եկամուտին մէկ մասը պիտի տրամադրէ Ճինիշեան հիմնարկին՝ կարիքաւոր ընտանիքի մը կամ տարեցի մը աջակցելու նպատակով։ Այս իմաստով ալ՝ ձեռնարկը զգեցած է զուտ բարեսիրական բնոյթ։ Համայնքապետերու անունով դրուատական ելոյթ մը ունեցած է վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Վաճառքի հանուած են ձեռային աշխատանքներ, զարդեղէններ եւ քաղցրաւենիքի տեսակներ։
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ Աւ. Ահարոնեան կեդրոնին մէջ, 24 Մարտի ցերեկը, տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ համայնքին առաջնորդը՝ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, դասախօսութիւն մը տուած է Ս.Օ.Խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղին հրաւէրով։ Ձեռնարկը առնչուած է Մեծ Պահքին եւ ուստի՝ հիւր բանախօսէն խնդրուած է հոգեւորականի իր խորհրդածութիւնները կիսել ներկաներուն հետ՝ ինչ կը վերաբերի պահեցողութեան կիրարկումին եւ այժմէականութեան։

Ներկայ եղած են շուրջ 30 հոգի։ Յանուն ՍՕԽ-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին՝ ներկաները ողջունած է Քրիստին Սեդիկեան։ Նախքան բանախօսութիւնը, ի գործ դրուած է գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը։ Ասատուրեան եպս. բացատրած է որ Մեծ Պահոց քառասուն օրերը առիթ են քրիստոնեային՝ ձերբազատելու կեանքի առօրեայ աղմուկէն եւ սպառումէն ու հակելու դէպի ապաշխարութիւն, աղօթք կամ հոգեւոր նորոգութիւն, դէպի ներաշխարհի վերակենդանացում, հաղորդակցութիւն՝ Արարիչին հետ։ Հոս,– ըսած է ան,– հարկ է ներշնչուիլ սուրբերու վարքերէն, որպէսզի մինչեւ Զատիկ «մենք եւս յարութիւն առնենք մեր մեղքերու գերեզմանէն, դառնալով նոր արարածներ»։ Ձեռնարկը եզրափակուած է մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Գորէսեանի շնորհակալական արտայայտութիւններով։
ՀԱԼԷՊԻ «Արեւելք» տպարանէն, բոլորովին վերջերս, լոյս տեսած է Հալէպի հարազատ զաւակ՝ բանաստեղծուհի եւ արձակագրուհի Մարուշ Երամեանի (աւելի քան տասնամեակէ մը իվեր Գահիրէ հաստատուած է) նոր մէկ գիրքը, որ կը կոչուի «Ճերմակ քաղաքին գոյները»։ Հատորին Ա. մասը կը պարունակէ ակնարկներու շարք մը, ուր հեղինակուհին մտորումներ կ՛արձանագրէ սփիւռքեան մեր ընդհանրական մտահոգութիւններուն մասին։

Բ. մասը կը վերաբերի Հալէպին։ Քաղցր յուշերու կծիկ մըն է, որ կը քակուի էջէ-էջ՝ վերակոչելով պատանութեան, դպրոցական օրերու, հայահոծ երբեմնի թաղերու անմոռանալի յիշատակներ, դէմքեր…։ Այս գրութիւնները նախապէս լոյս ընծայուած էին Հալէպի «Գանձասար» լրագրին մէջ, «Պրիսմակէս» ընդհանուր վերնագրին տակ։ Գիրքը (207 էջ) հրատարակուած է արդէն «Գանձասար»-ի նախաձեռնութեամբ եւ Սարգիս ու Ռոպեր Մինասեաններու մեկենասութեամբ։

