Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 23 Ապրիլ 2026

April 23, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 23 Ապրիլ 2026

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՇԱՀԵՐԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿՈՉ

Այսօր սկզբունքով Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ զինադադարին ճակատագիրը վճռելու քննարկումներ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատ ժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Պէյրութը եւ պահանջէ զինադադարի երկարաձգում ու հարաւային շրջաններուն մէջ իսրայէլեան թշնամական գործողութիւններու դադրեցում: «Բանակցութիւններուն վերաբերեալ Լիբանանի կեցուածքը յստակ եւ անփոփոխ է. կը պահանջենք պահպանել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու բոլոր լիբանանցիներուն շահերը:

Դիմած ենք բանակցային ընտրանքին, որովհետեւ անցեալի փորձը ապացուցած է, որ պատերազմները կ’առաջնորդեն միայն կորուստներու», նշեց Աուն, աւելցնելով որ այս հարցը շարունակաբար կ’արծարծէ խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին հետ: Աուն կոչ ուղղեց նաեւ խստացնելու ապօրինի զինամթերանոցներուն խուզարկումները: Պաապտայի պալատին մէջ ապահովական ժողով մը գումարած ատեն նախագահը կարեւորեց ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն համագործակցութիւնը՝ երաշխաւորելու համար քաղաքացիներուն եւ մանաւանդ տեղահանուածներուն շահերը: «Անթոյլատրելի է ապահովական որոշումներուն խափանումը եւ ներքին կայունութեան վտանգումը», զգուշացուց Աուն, կարմիր գիծ համարելով ներքին խաղաղութիւնը: Ան դրուատեց նաեւ լիբանանեան բանակը՝ հարաւային վնասուած ճամբաները եւ կամուրջները արագօրէն վերաբանալուն եւ տեղահանուածներուն իրենց գիւղեր վերադարձը դիւրացնելուն համար: Ուժանիւթի նախարար Եասին Ժապէր իր կարգին դժգոհեցաւ, որ Լիբանան արտերկրէն որեւէ օգնութիւն չէ ստացած տեղահանուածներուն աջակցելու համար, ինչպէս կատարուած էր 2024-ի պատերազմին:

 

ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ կարելի չէ հարաւի մէջ յանգիլ մնայուն կայունութեան, առանց բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական նահանջին, գերիներու վերադարձին եւ տեղահանուած քաղաքացիներու տունդարձին: «Լիբանան կը մղէ պատերազմ մը, որ չէ ընտրած, այլ պարտադրուած է իր վրայ: Մեր առաջնահերթութիւնն է միջազգային համագումարի մը կազմակերպումը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակառուցել կործանուած բնակավայրերը», ըսաւ վարչապետը:

 

ՍԱԷՐ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆ Է»

Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Ժիտաուն Սաէր կարծիք յայտնեց, որ «Հըզպալլա գլխաւոր խոչընդոտն է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումին եւ խաղաղութեան հաստատումին առջեւ»: Անոր համաձայն, Լիբանանի հետ կան սահմանային շարք մը փոքր եւ լուծելի տարակարծութիւններ եւ այդ հարցերը պիտի քննարկուին այսօր Ուաշինկթընի մէջ: Իսրայէլացի նախարարը Լիբանանի կառավարութեան կոչ ուղղեց համագործակցելու Հըզպալլային դէմ: Իսրայէլի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետը իր կարգին զգուշացուց, թէ բանակը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային բոլոր ճակատներուն վրայ շարունակելու մարտերն ու յարձակումները:

 

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտին բռնկած պատերազմին հետեւանքով ցարդ մահացած է 2475 հոգի, վիրաւորուած՝ 7696 ուրիշներ: Մինչեւ երէկ երեկոյեան, ժամանակաւոր ապաստարաններուն մէջ կը գտնուէր 121.126 մարդ: Նախարարութիւնը նշեց, որ երէկ երկու մարդ մահացած է հարաւային Թիրի գիւղին մէջ ինքնաշարժի մը թիրախաւորումէն, աւելցնելով որ այդ միջադէպը տեղի ունեցած է լրագրողներու խմբակի մը մօտ:

Փրկարարները որոշ ժամանակ ետք յաջողած են տարհանել երկու զոհի մարմին եւ վիրաւորուած լրագրող Զէյնապ Ֆարաժը, սակայն չեն կրցած հասնիլ լրագրող Ամալ Խալիլին՝ իսրայէլեան ծանր հրաձգութեան պատճառով: Անոնք ուստի դիմեցին ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին՝ երաշխաւորելու համար փրկարարներուն ապահով ուղին դէպի Թիրի: Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ շրջաններուն մէջ իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին բնակարաններու եւ այլ կառոյցներու քանդումը՝ մանաւանդ Պընթ Ժպէյլի, Պէյթ Լիֆի, Շամաայի եւ Հանինի մէջ: Գիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային կեդրոնը յայարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ցարդ կործանուած կամ վնասուած է աւելի քան 62 հազար բնակարան:

 

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆԱՀԱՆՋ ԵՒ ԶԻՆԱԹԱՓՈՒՄ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտեց Լիբանանը պահպանելու կարեւորութիւնը: Ան խոստացաւ կանգնիլ Լիբանանի կողքին, կարեւորելով զինադադարի երկարաձգումը, աւելցնելով որ կայունութիւնը կարելի չէ պահպանել առանց իսրայէլեան ամբողջական նահանջին եւ Հըզպալլայի զինաթափումին: Նախագահը յայտարարեց նաեւ Լիբանանի մէջ ֆրանսացի խաղաղապահի մը մահը, քանի մը օր առաջ ստացած վէրքերուն պատճառով: Նշենք, որ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մէջ ծառայող ֆրանսացի զինուոր մը մահացած էր եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած, հարաւային Ղանտուրիէ գիւղին մէջ կատարուած հրաձգութեան հետեւանքով: Միջադէպէն ետք Մաքրոն յայտնած էր, որ նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ միջադէպին պատասխանատուն Հըզպալլան է, թէեւ կուսակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը ժխտեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի շրջուն ջոկատին հետ հրաձգութեան փոխանակումը:

 

ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՇԱՐԺԻՆ

Լիբանանի MEA օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ Կիրակի, 26 Ապրիլէն սկսեալ, պիտի վերսկսին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա ուղղուող թռիչքները, սկիզբը շաբաթական չորս թռիչքի դրութեամբ: Իսկ Իրանի օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ 50 օրուայ դադարէն ետք այսօր առաջին թռիչքը պիտի կազմակերպուի Թեհրանի եւ Մաշհատի միջեւ:

 

ԹԵՀՐԱՆ ՊԻՏԻ ՉՃԱՆՉՆԱՅ ԹՐԱՄՓԻ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց Իրանի հետ զինադադարի երկարաձգումը, որպէսզի բաւարար ժամանակ տրամադրուի բանակցութիւններուն յաջողութիւնը ապահովելու համար: Ան սակայն շեշտեց, որ Իրանի նկատմամբ սահմանուած ծովային պաշարումը պիտի շարունակուի: «Իրան ելեւմտական փլուզում կ’ապրի, ուստի կը պահանջեն անմիջապէս վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը, որովհետեւ օրական դրութեամբ կը կորսնցնեն 500 միլիոն տոլար», ըսաւ ան: Փաքիստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընին՝ զինադադարը երկարաձգելու մասին իր առաջարկը ընդունելու համար:

Արեւմտեան լրատուամիջոցներ սակայն հաղորդեցին, որ ամերիկեան պաշարումի սկիզբէն ի վեր, Իրանին պատկանող 34 նաւ յաջողած է հատել նեղուցը եւ հասնիլ նաւահանգիստներ:

 

ՏԱԿԱՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՉԿԱՅ

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաքէր Քալիպաֆ սակայն շեշտեց, որ «Հորմուզի նեղուցին վերաբացումը անկարելի է զինադադարի այս ահաւոր խախտումներու լոյսին տակ»: Իսկ պետական հեռատեսիլի կայանը հաղորդեց, որ Թեհրան կը մերժէ ճանչնալ Թրամփի յայտարարած միակողմանի զինադադարը, այլ պիտի գործէ միայն ազգային շահերուն հիման վրայ: Իրանի յեղափոխական պահակագունդը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ մերձակայ ջուրերուն մէջ թիրախաւորած է երեք նաւ, որոնք կը փորձէին ապօրինաբար հատել Հորմուզի նեղուցը, սպառնալով խստօրէն վարուիլ բոլոր այն նաւերուն հետ, որոնք չեն յարգեր նեղուցէն անցնելու Իրանի պայմանները: Պահակագունդը նաեւ սպառնաց ճակատումի վերսկսումին պարագային կործանել «տարածաշրջանին մէջ թշնամիին ենթակառոյցներուն մնացորդացը»: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Իսմայէլ Պաքայի յայտնեց, որ տակաւին որոշում չեն կայացուցած Իսլամապատի մէջ կայանալիք բանակցային յաջորդ փուլին մասնակցելու մասին: «Բանակցելու սկսանք բարի կամքով, սակայն Ուաշինկթըն ժխտական կեցուածք ցուցաբերեց եւ կը շարունակեն պաշարել Իրանի նաւահանգիստները», բողոքեց Պաքայի, տեղի ունեցածը համարելով թշնամական վերաբերմունք: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի զինադադարը յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ Լիբանանի զարգացումները քննարկեց իր իտալացի պաշտօնակիցին հետ:

 

ՇԱՐԱԱ. «ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ՅՈԳՆԱԾ ԵՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԷՆ»

Դամասկոսի «Ֆայհա» պասքէթպոլի մարզադաշտին վերաբացումին առթիւ, Սուրիոյ հաւաքականը նախանցեալ օր հիւրընկալեց Լիբանանի խումբը: Բարեկամական մրցումը վերջ գտաւ Լիբանանի 110-73 յաղթանակով:

Այս առթիւ, Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա պասքէթի դաշտէն յայտարարեց, թէ «Սուրիան ու Լիբանանը յոգնած են պատերազմներու արհաւիրքէն, ուստի ժամը հասած է վերջ տալու մարտերուն եւ անցնելու վերակառուցումի եւ վերականգնումի փուլ»: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շնորհաւորեց զոյգ հաւաքականներուն ելոյթը եւ համաձայնեցաւ Շարաային հետ, կոչ ուղղելով կառուցելու լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդներուն բարգաւաճ ապագան:

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

Բարեկամական, Բայց Թէժ Մրցում՝ Հ.Մ.Մ.-Ի Պատանիներու Եւ Հայրերու Միջեւ

Next Post

Ձայներ Հալէպէն (արձագանգ սուրիահայ կեանքի) – 2

Next Post
Ձայներ Հալէպէն (արձագանգ սուրիահայ կեանքի) – 2

Ձայներ Հալէպէն (արձագանգ սուրիահայ կեանքի) - 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.