Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Հ.Մ.Մ.-ի 2014–2015 թուականներու ծնունդ պատանի ֆութպոլիստները OPPA մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեցին իրենց հայրերը՝ բարեկամական հանդիպումով մը։
Մրցումին առաջին վայրկեաններէն իսկ երկու կողմերն ալ սկսան յարձակողական խաղ ցուցադրել՝ շարունակաբար փորձելով կոլեր նշանակել։ Խաղը ընթացաւ արագ եւ լարուած պայքարով, ստեղծելով այնպիսի մթնոլորտ, որ յիշեցուց մեծ մրցաշարքերու, նոյնիսկ «Չեմփիընզ լիկ»ի ոգին։
Հանդիպումը լի էր հետաքրքրական դրուագներով եւ փոխադարձ յարձակումներով, որոնք կը պահէին հանդիսատեսներու ուշադրութիւնը մինչեւ վերջին վայրկեան։ Վերջին սուլիչով մրցումը աւարտեցաւ արդարացի՝ 8-8 հաւասար արդիւնքով։
Խաղէն ետք մրցակիցները շնորհաւորեցին զիրար եւ հեռացան դաշտէն, կրկին հանդիպելու խոստումով։

