Պատերազմական եւ ապահովական ծանր ու մտահոգիչ շաբաթներ ու ամիսներ ետին ձգելէ յետոյ, լիբանանեան առօրեան կը սկսի աստիճանաբար վերագտնել իր բնական ընթացքը։ Այդ շրջանին, հայկական միութիւններու եւ օժանդակ մարմիններու ծրագրերը՝ ներքին թէ արտաքին, մեծ մասամբ կասեցուած կամ յետաձգուած էին, ինչ որ ստեղծած էր համատարած անգործունէութեան վիճակ, յատկապէս Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն։
Այսօր, սակայն, երբ կեանքը կամաց-կամաց կը վերադառնայ իր հունին, եւ փակ դռներն ու պատուհանները կրկին կը բացուին դէպի հասարակական կեանք, ուրախալի է տեսնել, որ մեր միութենական կեանքն ալ կը սկսի վերակենդանանալ։ Նման ձեռնարկները, որոնք մեր համայնքային կեանքին համար կենսական նշանակութիւն ունին, թթուածին շնչելու չափ օգտակար են անոնց շարունակականութիւնը ապահովելու իմաստով։

Այս շրջագիծին մէջ ողջունելի եւ գնահատելի էր Ս.Դ.Հ.Կ. «Կուժունի» մասնաճիւղի ակումբային դիւանին կողմէ կազմակերպուած նարտիի մրցաշարքը, որ հանդիսացաւ վերջին շրջանի առաջին ներքին ձեռնարկներէն մէկը։
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Ապրիլի երեկոյեան, Հ.Մ.Մ. Անթիլիասի ակումբին մէջ, համախմբելով 32 մասնակիցներ, որոնց մէջ կային ղեկավար ընկերներ, անդամներ եւ միութեան բարեկամներ։ Մասնակիցներու մեծամասնութիւնը հայեր էին, բացառութեամբ մէկ մասնակիցի՝ Ապպուտ անունով, որ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ նաեւ հանդիսացաւ մրցաշարքին յաղթողը։
Մրցաշարքին մրցանակը կը կազմէր 100 ամերիկեան տոլար. յաղթողը ազնիւ քայլով մը գումարին կէսը նուիրեց ակումբային դիւանին՝ արժեւորելով ձեռնարկին համայնքային բնոյթը։
Աւարտական հանգրուանին մրցաշարքը յաղթողին մրցակիցն էր Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանը։ Երկու վարպետներն ալ յաջողութեամբ անցնելով նախորդ փուլերը՝ հասած էին եզրափակիչ, ուր ծաւալեցաւ հետաքրքրական եւ մրցակցային մթնոլորտ։
Վերջապէս, կը շնորհաւորենք Ս.Դ.Հ.Կ. «Կուժունի» մասնաճիւղին Ակումբային դիւանը այս յաջող նախաձեռնութեան համար, յատկապէս արժեւորելով ընկեր Արա Գոճաօղլանեանի կազմակերպչական ջանքերը եւ համացանցային հետեւողական տեղեկատուութիւնը, որոնց շնորհիւ այս հաճելի երեկոն հասաւ բարւոք աւարտի։

