Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառատօնը՝ Արժէքներուն Կառչելու Հրաւէր

Շիրազ Ճէրէճեան

April 21, 2026
in Գաղութային
0
Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառատօնը՝ Արժէքներուն Կառչելու Հրաւէր

21-րդ դարու առաջին քառորդը յատկանշած արհեստագիտական արագընթաց եւ անդադար զարգացումով ամէն օր յայտնուող նորարարութիւնները արմատական փոփոխութիւններ յառաջացուցած են մարդ արարածի անձնական ու հաւաքական կեանքին մէջ: Ակներեւ է, որ յառաջդիմական փոփոխութիւնները ունեցած են նաեւ իրենց կողմնակի ժխտական երեսը, որ կը ներառէ արժեհամակարգային ցնցումներ, անցեալին խորթ թուացող երեւոյթներու յայտնութիւն, ընկերային կեանքի թուայնացում եւ հոգեւոր արժէքներու արհամարհում: Ալիքը ակամայ հասած է նաեւ հայկական աշխարհին՝ ներառեալ արդէն իսկ թիւով զգալիօրէն կրճատուած լիբանանահայութեան, հարուածելով առաջին հերթին ու մասնաւորաբար նոր սերունդը եւ զայն հեռացնելով հայկական միջավայրէն ու եկեղեցիէն:

Այսուհանդերձ, իր անուանակոչութեան առթիւ, 18-19 Ապրիլ 2026-ի շաբաթավերջին, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի այցելած հայորդիները պիտի ստանային բոլորովին այլ տպաւորութիւն մը. անոնք այնտեղ պիտի տեսնէին հաւաքական աշխոյժ աշխատանքի ոգեշնչող պատկեր մը, ուր երեխաներէն մինչեւ երէց սերունդը մէկտեղուած էին թաղամասի աւելի քան 110-ամեայ ազգային-հոգեւոր ամրոց հանդիսացող եկեղեցւոյ մէջ, մանաւանդ որ այս տարի նախատեսուածը պարզապէս անուանակոչութեան տօն եւ անոր ընկերակցող մատաղօրհնէք չէր, այլ անոնց կողքին՝ խաչքարի օրհնութիւն եւ համայնքային սրահի բացում, ամբողջական քառատօն մը, առաջնորդութեամբ դրականութիւն եւ խանդավառութիւն սփռող հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանին, որ 2012-ին ստանձնած էր Տէր Օշականի վախճանումով թափուր մնացած դժուար ծառայութիւնը եւ երիտասարդական շունչ տուած էր ծուխին, ստեղծած փոխադարձ վստահութեան եւ հաւաքական աշխատանքի մթնոլորտ մը, ուր իւրաքանչիւր անձ հնարաւորութիւն ունի ներդրում ունենալու սեփական կարողութիւններու ծիրին մէջ: Ծառայասիրական այս միջավայրին մէջ, եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւին, շրջանին մէջ ՍԴՀԿ «Աղասի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՄՄ-Պէյրութի ջանքերով ծնունդ առաւ Ռըմէյլահայութեան օժանդակութեան մարմինը, որ տնտեսական ճգնաժամային օրերուն առատաձեռն բարերարնեու աջակցութեամբ օգնութեան ձեռք մեկնեց բազմաթիւ ընտանիքներու՝ ներառեալ կարիքաւոր ոչ-հայ հարեւաններու: Համագործակցութեան այդ շունչը քառատօնի օրերուն եւս տարածուած էր ամէնուրէք:

Շաբաթ օր, կէսօրուայ ժամերէն սկսեալ, եկեղեցւոյ շրջափակը վերածուած էր մեղուի փեթակի, ուր կամաւորներու բանակ մը կ’ամբողջացնէր կիրակնօրեայ տօնական պատարագին նախապատրաստութիւնները, մինչ տիկնանց յանձնախումբը, փոխատենապետուհի Սոնա Նազարեան-Սէօքիւնեանի, գլխաւորութեամբ լծուած էր մատաղի պատրաստութեան: Բոլոր գործերը կ’առաջնորդէր հոգեւոր հովիւը, որուն մերթ կը գտնէին խորանին վրայ, մերթ գրասենեակը, մերթ շրջափակին մէջ ու մերթ հեռախօսը ձեռքին՝ հաղորդակցութիւններու մէջ: Շուտով, հեռուէն կը լսուէր ազգային երաժշտութիւն. ՀՄՄ Պէյրութի սկաուտներն էին եւ փողերախումբը, որոնք հաճելի սովորութեամբ մը կը տողանցէին դէպի եկեղեցի, այնտեղ վայելելու իրենց շաբաթական հաւաքը: Քանի մը ժամ տեւած սկաուտական յատուկ ծրագիրը աւարտեցաւ քայլերգներու կատարումով, գրեթէ միաժամանակ լրացաւ նաեւ մատաղի պատրաստութիւնը եւ հայկական այդ աւանդական ուտեստը լեցուեցաւ յատուկ տուփերու մէջ, որոնք ժամեր ետք պիտի բաժնուէին հաւատացեալ ժողովուրդին:

Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մարդիկ սկսան ուղղուիլ եկեղեցի: Օրհնութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, մասնակցութեամբ Դպրաց դասին՝ գլխաւորութեամբ դպրապետ Աւետիս Գասարճեանի, եւ երգեհոնի վրայ Սոնա Թորոսեանի, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի, կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներու, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Յովհաննէս Պչաքճեանի, Ս. Յարութիւն եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու ազգային երեսփոխաններ Վիգէն Հաննէսեանի եւ Կիրակոս Տօնիկեանի, ՍԴՀԿ «Աղասի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ հաւատացեալներու բազմութեան:

Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց գերպ. Տ. Շնորհք ծ. վրդ. Աշըքեան: Ան խօսեցաւ մարդոց կեանքին մէջ Սուրբ Յարութեան իմաստին եւ արժէքին մասին, ու շեշտեց, որ հաւատացեալները հաւաքականութեան ընդմէջէն պիտի պայծառացնեն եկեղեցին եւ քրիստոնեայ ընտանիքը, փառաբանելով Աստուած: Ան ողջունեց նաեւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ընտանիքը, մաղթելով որ սուրբ առաքելութիւնը շարունակուի անսակարկ եւ կարելի ըլլայ յառաջանալ ու մեր շրջանակին ցոյց տալ, որ Քրիստոս ա՛յս կը պահանջէ մեզմէ:

Գերպ. ծայրագոյն վարդապետը ապա օրհնեց մատաղը, որ նուիրուած էր եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն, վախճանեալ քահանայ հայրերուն հոգիներուն եւ անդի աշխարհ անցած բոլոր անոնց, որոնք ծառայած են եկեղեցւոյ: Մատաղին համար առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարած էին հաւատացեալներ եւ բարերարներ՝ Լիբանանէն ու արտերկրէն:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր Տ. Շնորհք ծ. վրդ. Աշըքեան օրհնեց Խալիլ Պատաուիի երբեմնի բնակիչներ Վաղարշ եւ Վարսենիկ Մեսրոպեաններուն նուիրած խաչքարը, որ նուիրուած է իրենց վաղամեռիկ դստեր Սիլվիա Մեսրոպեանի անմար յիշատակին, ինչպէս նաեւ իրենց ծնողաց՝ Միհրան եւ Սեդա Սէօքիւնեաններուն: ՀՄՄ-ի փողերախումբը կատարեց քայլերգները, ապա Տ. Ղեւոնդ երախտագիտութիւն յայտնեց խաչքարի անակնկալ նուէրին համար եւ յայտնեց, որ խաչքարը շրջափակին վերադարձուցած էր ջերմութիւն մը, որ կորսուած էր Ռուբինեան Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի փակումով եւ անոր աշակերտներուն ճիչերուն բացակայութեամբ: Ան ապա պատմեց մէկ այլ բարեգործութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին ու անոր տնօրէն տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանին, որոնց աջակցութեամբ շրջափակին մէջ կարելի եղած էր կառուցել «Ռըմէյլահայութեան տուն» սրահը: Տէր հայրը հաւատացեալները հրաւիրեց յաճախ այցելել այդ սրահը եւ այդպէս միշտ ամուր պահել իրենց կապը եկեղեցւոյ հետ: Ան ողջոյնի խօսք ուղղեց Թորոս Աւետիսեանի ատենապետած թաղական խորհուրդին, Մատլէն Սաղպազարեանի գլխաւորած տիկնանց յանձնախումբին, Դպրաց դասին եւ բոլոր կամաւորներուն:

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով խօսք արտասանեց թաղական խորհուրդի փոխատենապետ Նազօ Սէօքիւնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ՍԴՀԿ-ի բոլոր անդամներուն եւ եկեղեցւոյ զօրակցող պաշտօնական, հասարակական գործիչներուն ու բարերարներուն: Թաղական խորհուրդի քարտուղարուհի Սիլվա Յակոբեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սիլվիա Մեսրոպեանի կեանքին, յարգանքի տուրք մատուցեց անոր յիշատակին, ապա փոխանցեց խաչքարը նուիրողներուն մաղթանքները, խնդրելով Աստուծմէ, որ միշտ կանգուն պահէ եկեղեցին: Թաղական խորհուրդի անդամ Սեւակ Կիւվլէքճեան իր կարգին խօսեցաւ «Ռըմէյլահայութեան տուն» սրահին մասին եւ գոհունակութեամբ նշեց, որ կան ու միշտ պիտի ըլլան հայ եկեղեցւոյ, հայ աշակերտին եւ հայ ընտանիքին հասնող բարերարներ, որոնք կառչած են հայապահպանման սուրբ առաքելութեան: Ան պատմեց ռըմէյլահայութեան աջակցելու գործին մէջ տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանի իշխանական ներդրումին մասին եւ անդրադարձաւ Գլարա Մարկոսեանի կեանքին ու գործունէութեանց:

Հուսկ, հանգուցալուծուեցաւ սրահին դռան ժապաւէնը եւ ՀՄՄ-Պէյրութի սկաուտուութեան նախաձեռնութեամբ մատուցուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, մինչ պաշտօնական հիւրերը գնահատեցին Տէր Հօր եւ թաղական խորհուրդին ջանքերը՝ եկեղեցւոյ եւ ծուխին կեանքը միշտ աշխոյժ պահելու եւ առաւել զարգացնելու:

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչումէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քառատօնը լաւագոյն նկարագրութիւնն էր հայ ժողովուրդի ապրելու եւ արարելու կամքին՝ Մեծ Եղեռնէն ու բռնի տեղահանութենէն ետք վերածնունդ օտար հողի վրայ, կարճ ժամանակ ետք եկեղեցւոյ կառուցում, հայապահպանում, գրեթէ հարիւր տարի Պէյրութի մէջ եւ այլուր շարունակական աճ, բարեգործութիւն եւ հաւաքական աշխատանք, յաջորդական մարտահրաւէրներու յաղթահարում եւ անկոտրում կամք՝ միշտ տէր կանգնելու մեր ազգային ինքնութեան, հայ եկեղեցւոյ եւ մեր դաւանած արժէքներուն:

 

Share68Tweet42
Previous Post

Կիրակոս Յ. Տօնիկեան (1900 – 1972)

Next Post

«Կուժունի» Մասնաճիւղի Ակումբային Դիւանի Նարտիի Մրցաշարքը

Next Post
«Կուժունի» Մասնաճիւղի Ակումբային Դիւանի Նարտիի Մրցաշարքը

«Կուժունի» Մասնաճիւղի Ակումբային Դիւանի Նարտիի Մրցաշարքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.