Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կիրակոս Յ. Տօնիկեան (1900 – 1972)

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

April 21, 2026
in Յօդուածներ
0
Կիրակոս  Յ.  Տօնիկեան (1900 – 1972)

Լիբանանահայ գաղութի տիպ ու տառին հարուստ պատմութեան մէջ իր պատկառելի եւ ծանրակշիռ ներդրումը ունի Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք հաստատութիւնը: Քիչ-շատ հայերէն գիրքերու հետ առնչուած ոեւէ անձ կամ ոեւէ ընթերցասէր հայորդի չի կրնար հանդիպած չըլլալ այս հրատարակչութեան անուան, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը գործէ ամենայն ջանադրութեամբ: Ո՞վ էր անոր հիմնադիրն ու տարիներու պահապանը, որուն մեկնարկած գործը կը շարունակուի երեք սերունդներու օրինակելի յաջորդականութեամբ մը:

Կիրակոս Տօնիկեան՝ որդի Յակոբ Թերզեանի, ծնած է 11 Յունուար 1900-ին, Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքը: Հինգ ամսական էր երբ կը կորսնցնէ մայրը, որուն համար մեծ հայրը (մօրենական)՝ Տօնիկ Տօնիկեանը, որբացած փոքրիկ Կիրակոսը որդեգրելով՝ կը տանի իր մօտ եւ այդ պատճառով ան կը ստանայ Տօնիկեան մականունը: Հազիւ հինգ տարեկան՝ կ’որբանայ եւ ականատես կ’ըլլայ Ատանայի կոտորածին (1909), ինչ որ խոր ազդեցութիւն կը թողու մանկան վրայ: Ապա կը փոխադրուի Մերսինի որբանոց, որմէ ետք կը ղրկուի Ռոտոսթօ՝ Ճամճեան ընտանիքէն որդեգրուելով: Հոն կը ստանայ իր նախնական ուսումը տեղւոյն Ս. Թագաւոր թաղի Յովնանեան վարժարանէն ներս: Այնուհետեւ, Պալքանեան պատերազմէն ետք, 1912-ին, կը վերադառնայ ծննդավայրը՝ Ատանա, ուր կ’աւարտէ Աբգարեան վարժարանը: Ինքնաշխատութեամբ ձեռք կը բերէ ազգային-հասարակական գիտելիքներ:

Վրայ կը հասնի Մեծ Եղեռնի չարագոյժ թուականը եւ Կ. Տօնիկեան, 15 Օգոստոս 1915-ին, կը ձերբակալուի եւ շատերու նման կը տարագրուի՝ դեռ 15 տարեկան պարմանի: Կը հասնի Հալէպ, թշուառ գաղթականներու բազմութեան մէջ, Սէպիլի տխրահռչակ մահաստանը: Բանտարկութիւն, հարցաքննութիւն, պատերազմական ատեան, չարչարալից կեանք, ծեծ, քաղց եւ ապա աքսոր դէպի Մէսքէնէ՝ ստոյգ մահուան ճիրաններ: Սասունցիներու հետ շղթայակապ կ’ուղղուի Համամ, սակայն ճամբու կիսուն կը յաջողի խոյս տալ: Անորոշութիւն անապատին մէջ սարսափելի օրեր՝ կեանքի տարրական պայմաններէ զրկուած: Կը կողոպտուի ճանապարհին, կը հալածուի եւ դարձեալ ձերբակալութիւն ու բանտ. անգամ մը եւս կը յաջողի խուսափիլ մահուան սպառնալիքէն եւ ապա՝ բանուոր, ջաղացպան, կրօնափոխութեան առաջարկ, միշտ հետապնդումներ եւ ճարպիկութեամբ կրնայ վերադառնալ Հալէպ՝ մօրաքրոջ մօտ, եւ որմէ ետք զինք կ’ուղարկեն Ատանա՝ բարենպաստ միջամտութենէ ետք: Ատանա կը հասնի Օգոստոս 1917-ին, երկու տարուան ոդիսականէ յետոյ:

Հայութիւնը վերադարձած էր Կիլիկիա, մեծ յոյսերով, միշտ ապաւինելով ֆրանսական իշխանութիւններուն, որոնք խոստացած էին Կիլիկիոյ մէջ հայկական ինքնավարութիւն մը գոյացնել: Այդ շրջանին, Կ. Տօնիկեան կ’անդամակցի Հնչակեան ուսանողական միութեան: Կը հիմնէ համեստ գրախանութ մը: Սակայն, երբ քեմալականներ կը սկսին շրջափակել Կիլիկիոյ աւանները, ան զէն ի ձեռին կ’անդամագրուի որպէս կամաւոր, մասնակցելով ինքնապաշտպանութեան: Կիլիկիոյ հայութեան պարպումի որոշումէն ետք կը հեռանայ անկէ, նախ կը հաստատուի Պէյրութ եւ ապա 1922-ին՝ Դամասկոս, ուր Միհրան Սէֆէրեանի հետ կը վերակազմէ տեղւոյն Հնչակեան կուսակցութեան մասնաճիւղը եւ կը հիմնէ Տալւորիկ մարզական միութիւնը: Դամասկոսի մէջ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ դիմաց կը բանայ գրատուն մը: Հոն կ’ամուսնանայ տարսոնցի Վարդուհի Առաքելեանի հետ:

1924-ին կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը սկսի ծաւալել ազգային-հասարակական լայն գործունէութիւն: Կը հաստատէ իր գրախանութը: Հիմնադիրներէն մէկը կը դառնայ Սահակեան վարժարանին, աւելի ուշ՝ երկար տարիներ դառնալով անոր հոգաբարձութեան անդամներէն մին: Միաժամանակ գործուն ներկայութիւն է հնչակեան եւ ՀՄՄ-եան կեանքէն ներս. վարչական անդամ է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Պէյրութի «Տաւրոս» մասնաճիւղին: Պէյրութի Ատանա քէմփին (Վրանաքաղաք) մէջ կը բանեցնէ փոքրիկ տպարան մը, որ աւելի ուշ կը փոխադրէ Մար Մըխայէլ, բարեբաստիկ պատահականութեամբ մը, Վրանաքաղաքին ամբողջական հրկիզումէն 15 օր առաջ, գրատունն ու տպարանը փրկելով մեծ աղէտէ: Հաւատալով Խ. Հայաստանի ապագային եւ անոր մէջ տեսնելով հայութեան յոյսն ու ապաւէնը, միշտ կը կանգնի անոր կողքին՝ դառնալով ՀՕԿ-ի (Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ) հիմնադիր անդամներէն: 1927-ին կ’անդամակցի Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, 1962-ին ստանալով վեթերանի կոչումն ու վկայականը: Կը մասնակցի Զանգեզուրի աղէտեալներու ի նպաստ հանգանակութեան աշխատանքներուն (1928): Յաճախ մաս կազմած է Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին: Լայնօրէն բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն ցոյց տուած է ազգային հայրենասիրական բոլոր միութիւններուն:

Կիրակոս Տօնիկեան ունէր նաեւ գրական հակումներ: Կը ստորագրէր «Կ. Կիլիկեցի» գրչանունով: 30-ականներուն, քանի մը տարիներ կը հրատարակէ «Կիլիկիա» տարեգիրքը եւ «Սիհուն» անունով ամսագիրը: 1926-էն կը խմբագրէ եւ կը հրատարակէ «Արարատ» գրպանի երգարանը, որ կ’արժանանայ երեք հրատարակութեանց: Կը հրապարակէ «Ընտանիքին բարեկամը» հատորը, որ կ’ունենայ 12 հրատարակութիւններ: Սակայն, ամենաուշագրաւը եւ մնայուն արժէք ունեցողը իր թարգմանած՝ նախկին իթթիհատական Մեւլան Զատէ Ռիֆաաթի «Օսմանեան կայսրութեան մութ ծալքերը» յոյժ կարեւոր եւ վաւերագրական գիրքն է, որ կ’ունենայ երեք հրատարակութիւններ Պէյրութի մէջ եւ ապա կը վերատպուի նաեւ Երեւանի մէջ: Օրինակելի նախաձեռնութեամբ մը կը հրատարակէ հայ դասական գրականութենէն բազմաթիւ գործեր, այդպիսով քաջալերելով ընթերցասիրութիւնը նոր սերունդին մօտ: Բազմահարիւր կոթողային եւ արժէքաւոր գիրքեր լոյսին կու գան իր տպարանին գլաններէն: Իր տպարանը կ’այցելեն Լիբանան ժամանած բազմաթիւ հայրենական թէ արտասահմանեան անուանի հիւրեր: Կ’ունենայ վեց զաւակներ՝ Ռեբեկա, Փարամազ, Շաքէ, Յակոբ, Մարիժան եւ Իվոն: Որդիները հաւատարմութեամբ եւ բարեխղճութեամբ կը շարունակեն եւ կը զարգացնեն իրենց հօր սկսած հրատարակչական ու տպագրական գործը՝ հասցնելով արդիական մակարդակի:

Կիրակոս Տօնիկեան կը մահանայ 10 Հոկտեմբեր 1972-ին, Պէյրութ: Իր մասին «Արարատ» օրաթերթին մէջ ընկ. Հրանդ Գանգրունի կը վկայէ՝ «Ընկեր Կ. Տօնիկեան եղաւ անշահախնդիր հայրենասէր, անկեղծ հայը, նուիրուած կուսակցականը, զոհաբերուող մարդը եւ զաւակներուն ապագայով մտահոգ հայրը»:

2004-ին կը նշուի Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք  հաստատութեան 80-ամեակը: Կը յղուին բազմաթիւ շնորհաւորագրեր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. իր Կոնդակին մէջ կը գրէ՝ «Մենք Մեր աբեղայութեան օրերէն ծանօթ ենք Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք Հաստատութեան, եւ յատկապէս անոր հրատարակութիւններուն: Լիբանանի թեմի Մեր Առաջնորդական շրջանէն ի վեր գնահատած ենք միշտ այս հաստատութեան ներդրումը մեր մշակոյթի գանձանակին: Տօնիկեան եղբայրներուն համար այս հաստատութիւնը լոկ առօրեայ ապրուստ ապահովելու միջոց մը չեղաւ: Անոնք իրենց նախաձեռնութիւններով եւ հրատարակած հատորներով ջանացին գոհացնել ժամանակի պահանջքը եւ նոր հրատարակութիւններով ճոխացնել ու հարստացնել հայ ընտանիքին գրադարանը»: «80-ամեակին առթիւ կ’օրհնենք յիշատակը Կիրակոս Տօնիկեանին, որպէս գլխաւոր սիւնը այս հաստատութեան»:

Դոկտ. Հ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան կը գրէ՝ «Ստուգիւ, չկայ գրահրատարակչական մարզ, որուն մէջ Դուք ռահվիրայի դեր կատարած եւ արդիւնաբերած չըլլաք: Թուելու հարկ չկայ երբեք: Խօսուն եւ մնայուն վկայ է Ձեր Հաստատութեան ատոք բերքը, որուն ի տես կը գոչեմ սրտաբուխ խնդակցութեամբ եւ աղօթախառն շնորհաւորութեամբ, «Ձեր հունձքը վարա՜ր, Ձեր վարձքը կատա՜ր: Աստուած Ձեզ օրհնէ»»: Թորոս Թորանեան կը գրէ՝ «Երկրէն՝ Կիլիկիայէն եկած համ ու բուրմունք մը կայ այս հաստատութեան մէջ, որ կը շարունակէ իր ծառայութիւնները մեր ժողովուրդին»: Ընկեր Ժիրայր Նայիրի կը գրէ՝ «Կը մաղթենք, որ մշակոյթի, գիր-գրականութեան ու գրահրատարակչութեան ջահ հանդիսացած այս հիմնարկը շարունակէ լուսարձակել եւ փողփողել սփռելով հոգեսնունդ, սորվեցնելով ցուցաբերել յարգանք հանդէպ բարոյական արժէքներու, որոնց ծարաւն ու պէտքն ունի մերօրեայ տակաւ ուծացող նոր սերունդը, մանաւանդ այսօ՛ր»: Գէորգ Տարօնի կը գրէ՝ «Այս հաստատութիւնը կատարած է ու կը շարունակէ կատարել երախտաշատ գործ, որ արժանի է մեր յարգանքին ու մեր գնահատութեան»:

Կ. Տօնիկեանի կրտսեր որդին՝ Յակոբը, 2004-ին լոյսին կ’ընծայէ իր հօր «Կեանքիս յուշերը 1900-1972)» հետաքրքրական պատկերագիրքը, ուր կան արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ՝ պատմութեան համար խիստ անհրաժեշտ:

Share64Tweet40
Previous Post

Ձայներ Հալէպէն (Արձագանգ Սուրիահայ Կեանքի) – 1

Next Post

Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառատօնը՝ Արժէքներուն Կառչելու Հրաւէր

Next Post
Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառատօնը՝ Արժէքներուն Կառչելու Հրաւէր

Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառատօնը՝ Արժէքներուն Կառչելու Հրաւէր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.