Մարտը այն ամիսն է, ուր ընդգրկուած են ժողովրդային լայն խաւերու համար սիրելի քանի մը տօներ։ Կայ Մեծ Պահոց շրջանը՝ իր Միջինքով, կայ Մայրերու տօնը, կայ Ուսուցչաց տօնը…։ Յաճախ Ծաղկազարդն ալ կ՛իյնայ այս ամսուան մէջ։ Այս բոլոր տօները առիթներ են մեր զանազան հաստատութիւններուն համար՝ կազմակերպելու ընկերային մտերմիկ հաւաքոյթներ, սարքելու ճաշասեղաններ ու անոնց շուրջ համախմբելու իրենց համակիրները։ Յաճախ նկատած ենք, որ կնոջական կազմակերպութիւնները տենդագին կը մրցին իրարու հետ՝ աւելի՛ փայլք տալու համար իրենց կողմէ սարքելի Միջինքի կամ Մայրերու Օրուան ձեռնարկներուն (չվարանելով վարձել փարթամ հիւրանոցներու շքեղ սրահները…), իսկ դպրոցներն ալ անպայման կ՛ուզեն պատուել իրենց կրթական պաշտօնեաները՝ նախաճաշի սեղանով, ընթրիքով կամ պարանցիկ երեկոյթով…։
Այսպիսի ձեռնարկներ, առհասարակ, կը կրեն զուտ ընկերային բնոյթ։ Այնուհանդերձ, եթէ հայերէն բանաւոր գեղեցիկ խօսքեր ալ տեղ գտնեն այնտեղ՝ յայտագրին մէջ, այս ձեռնարկները կը զգենուն մշակութային որոշ դիմագծութիւն մը ու փոքր չափով կը սատարեն գաղութներու հայապահպանման աշխատանքներուն։
Ահա՛ սուրիահայ լուրերու թարմ փունջ մը, ուր մշակոյթ եւ ընկերային հաւաք երբեմն ընդելուզուած են իրարու…։
ՀԱԼԷՊԻ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) դաստիարակչական յանձնախումբը, 10 Մարտի ցերեկը, մշակութային բնոյթի կիսօրեայ ծրագիր մը գործադրած է, շուրջ 30 անդամուհիներու մասնակցութեամբ։ Փոխադրակառք մը մասնակիցները նախ տարած է Հալէպի պետական համալսարանի կեդրոնական գրադարանը, ուր խաչուհիները շրջած են մատենադարանին զանազան բաժինները։

Այնուհետեւ անոնք անցած են բժշկական ամպիոնի մասնաշէնքը, ուր զիրենք ընդունած է բաժանմունքի վերատեսուչ տոքթ. Սիլվա Իշխանեան։ Շրջագայութեան յաջորդ կանգառը հանդիսացած է Ասորւոց հին թաղամասի հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած է դասախօսական նիստ մը։ Հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան բանախօսած է «Գիրքին ու ընթերցանութեան կարեւորութիւնը» նիւթին շուրջ, կատարելով շահեկան մատնանշումներ։ Հոս, Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլէսէրեանի «Խորհրդածութիւններ քառասնօրեայ պահեցողութեան» նորատիպ գիրքէն մէկ-մէկ օրինակ բաշխուած է ներկաներուն։ Ձեռնարկը աւարտած է հաւաքական ճաշով։
ՀԱԼԷՊԻ մէջ, 14 Մարտին, անարգ ոճիրի մը զոհ գացած է 67 տարեկան հայուհի մը՝ Մարալ Խշուաճեան (ծնեալ՝ Մակարեան)։ Դէպքը լայն արձագանգ գտած է ընկերային ցանցերու վրայ։ Սկիզբը կարծուեր է, թէ ոճիրը անծանօթ աւազակներու գործ է։ Այնուհետեւ յայտնի դարձեր է, թէ ոճրագործը իր հէք զոհին ծանօթ էր մօտէն, տեղեակ էր նոյնիսկ անոր ընտանեկան պարագաներուն, բնակարանին եւ այլն։ Հալէպի Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը առանձին մահազդով մը գուժած է այս մահը, նշելով որ տիկ. Խշուաճեան անդամ էր միութեան։

Հաւանաբար այս դէպքը,– բայց նաեւ ապահովական այլ մտահոգութիւններ,– դրդապատճառ եղած են որ Հալէպի ազգ. առաջնորդարանի դիւանը արաբերէնով հաղորդագրութիւն մը հրապարակէ 23 Մարտին։ Հոն կ՛ըսուի, թէ առաջնորդարանը «խոր մտահոգութեամբ կը դիտարկէ աւազակութեան, բռնութեան եւ ոճիրի կրկնուող դէպքերը, որոնք անմեղներու կեանքը կը խլեն»։ Կը պահանջուի պատկան իշխանութիւններէն ազդու քայլեր եւ միջոցառումներ՝ ձերբակալելու եւ պատժելու մարդասպանները ու երաշխաւորելու հասարակութեան ապահովութիւնը։
ՀԱԼԷՊԻ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) ամէնամեայ աւանդական ձեռնարկներէն մէկն է «Մայրերու Օր»-ուան պաշտօնական հանդիսութիւնը, որ մի՛շտ ալ կը սպասուի ակնդէտ ու առիթ մը կ՛ըլլայ փառաբանելու հայ մայրը եւ արժեւորելու կենսական դերը հայ իգական սեռին։ Այս տարի եւս, 17 Մարտին, մեծաթիւ խաչուհիներ եւ համակիրներ լեցուցած են «Եսայեան» հանդիսասրահը եւ մասնակից դարձած տօնակատարութեան։

Բացման խօսք արտասանած են Սոնա Տարագճեան (հայերէն) եւ Սօսի Թովմասեան (արաբերէն)։ Գործադրուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, բաղկացած՝ երաժշտութենէ, երգէ եւ ասմունքէ։ Բանախօսած է գաղութին ծանօթ մտաւորականներէն օրդ. Հուրի Ազէզեան, նախ մօր կերպարը առնչելով Աստուածամօր բնութեան, այնուհետեւ ուրուագծելով հայ կնոջ տիպարը՝ դարերու ընթացքին, որպէս առանցքային ներկայութիւն մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Ողջոյնի խօսք արտասանած է ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան, որ յիշեցուցած է թէ սուրիահայ խաչուհիները լուռ ու համեստ ծառայութեամբ կը շարունակեն օգնել կարիքաւորին, խնամել հիւանդները եւ նեցուկ կանգնիլ դպրոցական տղոց, վայելելով հովանին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան։ Հանդէսին հուսկ բանքը արտասանած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան։
ԳԱՄԻՇԼԻԻ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Անահիտ Եագուպեան» սրահին մէջ, 17 Մարտի յետմիջօրէին, ընկերային հաւաքով մը նշուած է թէ՛ Մայրերու Տօնը, թէ՛ ալ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 120-ամեակը։ Ձեռնարկը սարքուած է Միութեան տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։

Ներկայ եղած են մեծաթիւ համակիրներ։ Ձեռնարկին սկիզբը, Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան ողջունած է բոլոր հայ մայրերը, շեշտը դնելով կնոջ զոհաբերութեան ոգիին վրայ։ Այնուհետեւ, տիկնայք Թամար Յովսէփեան եւ Զարուհի Թովմասեան կիրարկութեան դրած են օրուան պատշաճ յայտագիր մը, ուր տեղ գտած են մա՛նաւանդ բանաստեղծական մէջբերումներ։ Նուէրներ տրուած են երկու տարեց մայրերու։ Ներկաները հաւաքուած են ճաշի սեղաններու շուրջ։ Երաժշտութիւն եւ խմբային պար համալրած են յայտագիրը։
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ «Ֆոր Սիզըն» հիւրանոցի ճաշասրահին մէջ, 11 Մարտին, տեղւոյն ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց յանձնախումբը սարքած է Միջինքի նախաճաշ մը, որուն բաժնեկից եղած են 140 հոգի։ Բարիգալստեան խօսք արտասանած է տիկ. Սեդա Խտրլարեան՝ հակիրճ ծանօթութիւններ տալով Միջինքի աւանդական սովորութիւններուն մասին։ Սեղանի օրհնութիւնը կատարած է Տրդատ քհնյ. Քիրէճեան, որ միաժամանակ բացատրած է Մեծ Պահքի թելադրած խորհուրդը։

Նախաճաշի ընթացքին ազգային ու ժողովրդական սիրուած երգերով հաճելի մթնոլորտ ստեղծած է Հալէպէն հրաւիրեալ երգիչ Յակոբ Այնթէպլեան։ Մասնակիցներէն 2 դեռատի խօսեցեալ օրիորդներ եւ 2 նորապսակ հարսեր նուէր ստացած են մէկական Աւետարան։ «Պատուոյ տիկին» ընտրուած է տիկնանց կազմէն Անահիտ Պօղոսեան, որուն մասին նշուած է, որ ունի միութենական ու դաստիարակչական երկարամեայ վաստակ։ Ան նուէր ստացած է կրծքազարդ մը։
ՀԱԼԷՊԻ «Ոսկետառ» տպարանէն, ճի՛շդ Աւագ Շաբթուան նախօրէին, լոյս տեսած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի փոքրածաւալ հին մէկ գործին՝ «Աւագ Շաբաթ»-ի վերատպագրեալ նոր հրատարակութիւնը։

Շուրջ յիսուն էջերու վրայ տարածուող այս գործը լուսարձակ կը բանայ Աւագ Երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ երկարող մէկ շաբթուան աստուածաշնչական դրուագներուն ու անոնցմէ բխած խորհուրդներուն վրայ, ընթերցողին մօտ վերապրեցնելով Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին փուլը։

