ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼՈՒ ՓՈՐՁ
Լիբանան կը գտնուի Իսրայէլի եւ Հըպալլայի միջեւ զինադադարի տասնօրեայ ժամանակահատուածին մէջ, թէեւ բոլոր հնարաւորութիւնները առկայ են զինադադարի աւարտէն ետք, հետեւաբար այժմ աշխատանք կը տարուի երաշխաւորելու երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կանխելու մարտական գործողութիւններուն վերսկսումը: Գետնի վրայ, Լիբանանի հարաւը ականատես կը դառնայ համեմատական հանդարտութեան, թէեւ սահմանամերձ գօտին այժմ բռնագրաւուած է եւ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն ազատ շարժիլ առաջին գիծի գիւղերուն մէջ, կատարել խուզարկումներ եւ պայթումներ: Իսրայէլեան բանակը հրապարակեց բռնագրաւեալ հատուածին քարտէզը եւ բազմաթիւ բնակավայրերու բնակիչներէն պահանջեց չուղղուիլ այդ գիծէն հարաւ ու չվերադառնալ կարմիր հատուածին մէջ մնացած իրենց բնակարանները:

«Արգիլուած գօտիին» սահմանը կը սկսի ծովեզերքէն՝ Մաժտալ Զուն գիւղին մօտ եւ կ’անցնի շուրջ 20 գիւղերէ, հասնելով մինչեւ արեւելեան հատուած՝ Շըպաայի մօտ: Իսրայէլեան անօդաչու սարքեր երէկ ժամեր շարունակ սաւառնեցան շարք մը շրջաններու վերեւ, իսկ յետմիջօրէին հատուածեցին Նապաթիէի մերձակայ Քաաքաահիէ գիւղը, ապա յայտարարեցին Հըզպալլայէն բջիջ մը թիրախաւորելու մասին: Իսրայէլեան հրետանին հարուածեց Հուլայի շրջանը եւ անօդաչու սարք մը ինկաւ Քֆարշուպայի վրայ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բանակը կը մտադրէ լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններուն մէջ կառուցել 20 զինուորական դիրք՝ շարունակելու համար պայքարը Հըզպալլայի դէմ: Երէկ մարդ մը սպաննուեցաւ, որովհետեւ հատած էր արգիլուած գօտին եւ մօտեցած իսրայէլեան դիրքերուն: Բռնագրաւեալ գօտիի Տըպըլ շրջանին մէջ իսրայէլացի զինուոր մը նախանցեալ օր պղծեց Քրիստոսի արձան մը՝ զայրոյթ յառաջացնելով բնակչութեան մօտ:

Իսկ իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ ճշդած է զինուորին ինքնութիւնը ու զայն խստիւ պիտի պատժէ: Վարչապետ Պենիամին Նելանիահու եւ արտաքին գործերու նախարար Ժիտաուն Սաաէր ներողութիւն խնդրեցին քրիստոնեաներէն, խոստանալով պատժել զինուորը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին նաեւ սեփական կորուստները: «Մաարիֆ» թերթը խօսեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ականուած ծրարներու վտանգին մասին, որուն պատճառով մէկ օրուայ մէջ վիրաւորուած է 37 զինուոր: Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան սուզորդները երէկ երկու զոհի մարմին գտան Քասիմիէ շրջանի կործանուած կամուրջին տակ:
ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՆԻՍՏԵ՞Ր
Դիւանագիտական եւ քաղաքական ջանքերը կը շարունակուին՝ բանակցութեան սեղանի շուրջ մէկտեղելու լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները, թէեւ Լիբանանի մէջ որոշակի ընդդիմութիւն կայ ուղղակի բանակցելու ընտրանքին նկատմամբ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաւաստիացուց, որ ամերիկեան կողմը աշխատանք կը տանի զինադադարին ժամկէտը երկարաձգելու ուղղութեամբ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պէյրութի մէջ ամերիկացի դեսպան Միշէլ Իսային հետ քննարկեց զինադադարը երկարաձգելու հնարաւորութիւնը, նշելով որ բանակցութիւններուն լիբանանեան պաատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ դեսպան Սիմոն Քարամը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներն ալ նշեցին, թէ Ուաշինկթընի մէջ բանակցային երկրորդ նիստը պիտի գումարուի Հինգշաբթի օր, մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու երկիրներու դեսպաններուն: Հըզպալլայի երեսփոխաններ նշեցին, որ կ’ուզեն զինադադարի շարունակութիւն, սակայն պիտի տապալեն Իսրայէլին գծած նոր սահմանը, շեշտելով թէ «ոեւէ մէկը պիտի չյաջողի ապազինել մեզ»: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա կարեւորեց բանակցութիւնը, դիտել տալով, որ Լիբանան պէտք է վերջ տայ Իսրայէլի հետ պատերազմական դրութեան:
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ
Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ կայունութիւնը ցնցելու փորձերը, որոնց մասին օր մը առաջ ահազանգած էր Սուրիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը: «Կը զօրակցինք Դամասկոսին եւ կտրականապէս կը մերժենք, որ լիբանանցիներ մասնակցին Սուրիոյ ապահովութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը վտանգող արարքներու», յստակացուց նախարարութիւնը:

Այլ գիծի վրայ, ապահովական տեղեկութիւններ նշեցին, թէ Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է սպայի մը թիկնապահը՝ Իսրայէլին հետ հաղորդակցելու եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու յանցանքով, որուն հետեւանքով Նապաթիէի մէջ զոհուած էր պետական անվտանգութեան 13 աշխատակից: Իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ յայտնաբերած եւ վնասազերծած է Իրանին հետ առնչուող խմբակ մը, որ կը ծրագրէր երկրին մէջ իրականացնել ահաբեկչական գործողութիւններ:
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Որոշակի հանդարտութիւն կը տիրէ նաեւ Իրանի ճակատին վրայ: Մինչ Իրանի Արտաքին գիրծերու նախարարութիւնը կը յայտարարէր, թէ տակաւին որոշում չէ կայացուցած բանակցային յաջորդ ժողովին մասնակցելու մասին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ պիտի ստորագրուի համաձայնութիւն մը, զայն համարելով ամերիկեան ամբողջական յաղթանակ: Ան սակայն նշեց, որ Հորմուզի նեղուցը փակ պիտի մնայ մինչեւ վերջնական համաձայնութեան կնքումը, խոստանալով չաճապարել, որպէսզի չմշակուի վատ գործարք մը: Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ տեսակցելու իրանցի պաշտօնատարներուն հետ, եթէ դրական զարգացումներ ըլլան շրջանին մէջ: Միւս կողմէ, Իրանի դատական իշխանութեան ղեկավարը շեշտեց, որ Թեհրան բանակցութիւններուն ընթացքին նոյնիսկ քայլ մը պիտի չզիջի իր պահանջներէն, որովհետեւ «թշնամին պարտուեցաւ եւ այժմ կ’ուզէ մեր հետ բանակցիլ»: Ամերիկեան զինուած ուժերուն կեդրոնական հրամանատարութիւնը հրապարակեց Իրանի դրօշը բարձրացուցած նաւի մը գրաւումին տեսագրութիւնը, յայտարարելով որ նաւը 6 ժամ շարունակ հաղորդակցութենէ ետք մերժած էր հպատակիլ շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն: Իսկ Իրանի զինուորական բանբերը շեշտեց, որ իրենք յարմար պահուն պիտի հակադարձեն ամերիկեան գործողութեան, աւելցնելով որ գրաւուած նաւուն դէմ ցարդ չեն շարժած, որովհետեւ նաւաստիներուն ընտանիքները անոր վրայ են: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան փաքիստանցի միջնորդներուն յայտնեց, որ ամերիկեան ծովային պաշարումը կը համարուի զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտում:

Իսկ «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ քարիւղի գիները հինգ առ հարիւր բարձրացած են՝ պատերազմի վերսկսումին հետ կապուած մտավախութիւններու լոյսին տակ:
ԿԱԶԱՅԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ՝ 71,4 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ

Միջազգային ուսումնասիրութիւն մը երէկ եզրակացուց, թէ Կազան վերականգնելու եւ կեանքը վերաշխուժացնելու ծախսը կը հատէ 71,4 միլիառ տոլարի սահմանը, նկատի առնելով պաղեստինեան այդ հարուածին հիմնայատակ կործանումը՝ աւելի քան երկու տարի տեւած արիւնալի եւ կործանարար պատերազմի լոյսին տակ:
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՑԱԾ Է, ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՐ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ԴԻՄԷ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ՝ ԼԻԱՐԺԷՔ ԱՆԴԱՄ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է, թէ Հայաստանը որ պարագային պաշտօնապէս պիտի դիմէ Եւրոմիութեան՝ անոր լիարժէք անդամ դառնալու հարցով։
Նիկոլ Փաշինեան թեմային անդրադարձած է՝ ներկայացնելով իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը։

«2023 թուականից Հայաստանում գործող ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնն իր նպաստը բերեց մեր երկրի կայունութեանն արեւելեան սահմանների երկայնքով: 2024 թ. ընդունուել եւ կենսագործվում է Հայաստանին աջակցող ԵՄ «Դիմակայունութիւն եւ աճ» ծրագիրը: ԵՄ անդամ պետութիւնները համախոհական որոշմամբ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրեցին «Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի» ներքոյ: 2025 թուականին ընդունուեց Եւրոպական Միութեանը Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքը։ Մեկնարկեց ՀՀ-ԵՄ մուտքի արտօնագրերի ազատականացման երկխօսութիւնը, Հայաստանին փոխանցուեց այդ ուղղութեամբ գործողութիւնների ծրագիրը: Մեկնարկեցին ՀՀ-ԵՄ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան վերաբերեալ խորհրդակցութիւնները: Նոյն թուականին ստորագրուեց ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը։ 2018 թուականից ուժի մէջ է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակելու է Եւրոպական Միութեանն անդամագրուելու չափանիշներին համապատասխանելու համար անհրաժեշտ բարեփոխումների իրականացումը, մինչեւ այդ չափանիշներին լիարժէք համապատասխանելը։ Երբ Հայաստանը կը համապատասխանի այդ չափանիշներին, ԵՄ-ին անդամագրուելը կը դառնայ քաղաքական որոշման հարց եւ կախուած կը լինի նրանից, թէ արդեօք ԵՄ-ն պատրա՞ստ է ընդունել Հայաստանին։ Եթէ այո՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմի ԵՄ-ի լիարժէք անդամ դառնալու համար։ Եթէ ոչ՝ վերը նշուած բարեփոխումների իրականացումը ռազմավարական ձեռքբերում կը լինի Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ Հայաստանը դարձած կը լինի եւրոպական չափանիշներին լիարժէք համապատասխանող երկիր»,- ըսած է Փաշինեան։
Խօսելով Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին եւ անոր վերաբերեալ իշխող ուժի նախընտրական ծրագրին մէջ ներառուած դրոյթին մասին՝ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հասկնան, որ հնարաւոր չէ միաժամանակ ըլլալ թէ՛ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ, թէ՛ Եւրոպական Միութեան անդամ։
«Բայց քանի դեռ Եւրոպական Միութեան հետ մօտարկման, ԵՄ անդամակցութեան չափանիշներին համապատասխանելուն ուղղուած բարեփոխումները համատեղելի են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ լինելու հետ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակի մնալ ԵԱՏՄ անդամ եւ կը զարգացնի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները նրա անդամ երկրների հետ»,- նշած է ՀՀ վարչապետը։

