Վերջին օրերուն աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած էր Հունգարիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ։ Վարչապետ Վիքթոր Օրպան կը պայքարէր իր քաղաքական կեանքին համար, որ կրնար վերջ տալ անոր 16 ամեայ իշխանութեան։ Կանխատեսումները իրականութիւն դարձան եւ Օրպանի գլխաւորած կուսակցութիւնը խոշոր պարտութիւն կրեց իր նախկին դաշնակից Փիթըր Մակյարի առաջնորդած ուժին դէմ։
Օրպանի պարտութիւնը պարտութիւն էր միաժամանակ Ռուսաստանին եւ նախագահ Թրամփի վարչակազմին համար։ Մոսկուան կորսնցուց Եւրոպական միութենէն ներս իր գլխաւոր դաշնակիցը, իսկ Թրամփ՝ իր «գաղափարակիցը», որուն չկրցաւ օգնել նոյնիսկ փոխնախագահ Ճ.Տ.Վենսի անձնապէս մասնակցութիւնը Օրպանի եզրափակիչ հանրահաւաքին։
Երկար ժամանակէ մը ի վեր Վիքթոր Օրպան դարձած էր Եւրոպական միութեան «աչքի փուշը», քայլ առ քայլ հեռանալով ժողովրդավարական արժէքներէն ու ամէն քայլափոխի արգելափակելով միաձայնութեան կարիք ունեցող որոշումները։ Ռուս-ուքրանական պատերազմի բռնկումէն ետք, Օրպան դիրքորոշուեցաւ Քրեմլինի կողքին ու կը մերժէր Եւրոպայի կողմէ Քիեւին տրուող ռազմական ու ֆինանսական բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները՝ պատճառ դառնալով անոնց ձգձգումին։
Վիքթոր Օրպան դարձած էր Հունգարիոյ միապետը՝ իր հսկողութեան տակ առնելով դատական համակարգն ու լրատուական միջոցները։ Փտածութիւնը սկսած էր մաշեցնել տնտեսութիւնը, երկիրը դարձնելով ամէնէն աղքատը Եւրոպայի տարածքին։ Տնտեսական այդ անկումն է, որ տապալեց Օրպանի վարչակարգը, եւ Պրիւքսէլ մեծ գոհունակութեամբ դիմաւորեց եւրոպամէտ ուժերու իշխանութեան գալը։
Վիքթոր Օրպանի պարտութիւնը գոհունակութիւն կու տայ հայութեան ու Հայաստանին։ Ան է որ Պաքուին յանձնեց ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութեան ընթացքին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինով սպաննած Ռամիլ Սաֆարովը, որպէսզի ան իր ցկեանս բանտարկութեան պատիժը շարունակէ կրել Ատրպէյճանի մէջ։ Սակայն, վերադարձին, Ալիեւ անոր ներում շնորհելով զայն դիմաւորեց որպէս հերոս։
Օրպան-Ալիեւ սերտ յարաբերութիւնները ունեցան իրենց շարունակութիւնը։ Հունգարիան անդադար կը փորձէր արգելափակել Հայաստանին տրուող օգնութիւնները, պայման դնելով, որ նոյնը կատարուի Ատրպէյճանի համար հաւասարապէս։ Այսպիսով, Երեւան ազատուած եղաւ «Օրպանի գլխացաւանքէն»։
Օրպանի պարտութեամբ հրճուած են նաեւ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները, խորհելով որ նոյն պատկերը կրնայ կրկնուիլ Յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Սակայն, Օրպանի ու Փաշինեանի միջեւ համաչափութիւն տեսնելը տեղին չէ։ Օրպանի վարչակարգը աւելի նման էր իրենց իշխանութեան, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէր համակարգային փտածութիւն ու համատարած կաշառակերութիւն, տնտեսութիւնը կեդրոնացած էր իշխանութեան մօտիկ եղող անհատներու մօտ, իսկ ազատութիւնները կաշկանդուած էին բոլորին համար։ Այսօր, Հայաստանի տնտեսութիւնը կը զարգանայ հաստատ քայլերով, եւ լրատուամիջոցները ազատ են ու բազմազան։
Իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, Օրպան դրսեւորեց դրական կեցուածք ու քաղաքական կամք՝ իր ժողովուրդին ընձեռելով ազատ եւ արդար ընտրութիւններու մասնակցելու իրաւունք, բան մը որ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը զլացան Հայաստանի քաղաքացիներուն, որոնք ճարահատ՝ 2018-ին դուրս գալով փողոց Թաւշեայ յեղափոխութեամբ տապալեցին անոնց քսանամեայ տխրահռչակ իշխանութիւնը։

