Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յիշելով Վերժին Չերչեան Աբրահամեանը

April 18, 2026
in Այլազան
0
Յիշելով Վերժին Չերչեան Աբրահամեանը

Թէեւ Լիբանանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ներկայ քանդիչ պատերազմն ու տիրող մտահոգիչ կացութիւնը կը ծանրաբեռնէ մեր առօրեան, սակայն ան չի կրնար մեզ հեռացնել մեր յիշողութենէն այն նուիրեալ կրթական-մշակութային դէմքերը, որոնք երկար տարիներ պայքարած են այս վիրաւոր-հիւրընկալ երկրին մէջ, հոն ծնած ու մեծցած, սերունդներ դաստիարակած եւ այսօր, դառն ճակատագրով, առյաւէտ մեզմէ բաժնուած են։

Այդ նուիրեալներէն էր Վերժին Աբրահամեանը, որուն մահուան տարելիցին առիթով, յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք անոր կեանքն ու հարուստ վաստակը։

Վերժին Չերչեան Աբրահամեանը երկար տարիներ ծառայեց որպէս ուսուցչուհի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճին մէջ, միաժամանակ իր գրական եւ մշակութային հետաքրքրութիւնները իրագործեց որպէս «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի խմբագրուհի՝ մեծ սիրով աշխատելով հայ մանուկին համար կրթական ու արժէքաւոր բովանդակութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ։

Այս տարելիցին առիթով, մեր պաշտօնակից Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»-ն արդէն իսկ մահախօսական մը հրատարակած էր երկու շաբաթ առաջ։ Մենք զայն կ’արտատպենք մեր էջերուն մէջ, միեւնոյն ատեն «Նոր Մարմարա»-ին միացնելով մեր ցաւակցութիւնները եւ արտայայտելով մեր խոր վշտակցութիւնը իր ամուսնոյն՝ թերթիս բարեկամ պրն. Կարօ Աբրահամեանին, ինչպէս նաեւ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ անոր յիշատակը յարգողներուն։

(Ա.)

 

ՈՂԲ. ՎԵՐԺԻՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Ռամազանի տօնի արձակուրդի օրերուն կը լրանայ Պէյրութի «Փթիթ» մանկապատանեկան հանդէսի ողբացեալ խմբագրապետուհի Վերժին Չերչեան Աբրահամեանի մահուան տարելիցը։ Ան, երկարատեւ եւ անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքած էր 20 Մարտ 2025-ին, խոր սուգի մատնելով իր ամուսինը, թերթիս պատուակալ աշխատակից, գրականագէտ՝ Կարօ Աբրահամեանը, բարեկամներն ու մշակութային շրջանակները։

Վերժին Աբրահամեան նուիրեալ մշակութային գործիչ մըն էր, որ սերտ կապ պահած էր հայ կրթական ու գրական կեանքին հետ։ Թէեւ տնտեսագիտութեան շրջանաւարտ էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, սակայն իր իրական կոչումը գտած էր գիրի եւ մամուլի աշխարհին մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ հետեւած էր հայագիտական կեանքին եւ իր գիտելիքները ծառայեցուցած՝ ստեղծագործ աշխատանքի մէջ։

Ան յատկապէս յիշատակելի կը մնայ որպէս «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերականի հիմնադիրն ու խմբագիրը, զոր մեծ նուիրումով ղեկավարեց տարիներ շարունակ՝ տղոց գրասեղանին վրայ դնելով կրթական ու գունագեղ բովանդակութեամբ հանդէս մը, իսկ վերջին տարիներուն որպէս կայքէջ մը։ Իր մահէն ետք «Փթիթ» կայքէջը երկու անգամ ունեցաւ նոր յաւելուածներ, յառաջիկայ օրերուն երրորդ յաւելուածը եւս տեղ պիտի գտնէ կայքէջին վրայ։

Մահուան տարելիցին առթիւ յարգանքով կ’ոգեկոչենք Վերժին Աբրահամեանը, վերանորոգելով մեր ցաւակցութիւնները իր հարազատներուն, յատկապէս ամուսնոյն՝ Կարօ Աբրահամեանին։

ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ

 

Share64Tweet40
Previous Post

Օրպանի Պարտութիւնը՝ Յաղթանակ Եւրոպայի Ու Հայաստանի Համար

Next Post

Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի Յիշատակին

Next Post
Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի Յիշատակին

Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի Յիշատակին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.