Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Անկցի՛ Աշխարհը, Որ Ապրի՛ Կովարածն Ու Ճերմակ Արջը

Պերճ Արապեան

April 18, 2026
in Յօդուածներ
0
Անկցի՛ Աշխարհը, Որ Ապրի՛ Կովարածն Ու Ճերմակ Արջը

Չեմ գիտեր եթէ կովարածէն տարբեր թարգմանութիւն մը կայ Cowboy բառին, թէ ոչ, եթէ երբեւիցէ կայ, խնդրեմ լուսաբանեցէք անգէտ համեստս: Մեղքը մեր շատ սիրելի ուսուցիչներուն վզին է: Cowboy-ի թարգմանութիւնը մեզի սորվեցուցած են որպէս կովարած, այսինքն՝ կով-արածող:

Անգլերէնով cowboy բառը մէկ այլ հոմանիշ մըն ալ ունի՝ wrangler, որ թարգմանի՝ կռուարար: Արդ, ամերիկացի տիպար հերոսները կրնանք որակել ու կոչել կռուարար կովարածներ:

Մեր պատանեկութեան մե՜ծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին ու շատ յաճախ կը դիտէինք ամերիկեան western  ֆիլմեր: Հերոսները, ճինզ տափատով, ամերիկեան գլխարկով, կօշկակեռ երկարավիզ կօշիկներով, երբեմն մէկ, բայց շատ յաճախ երկու, թաւալող-բազմահարուած ատրճանակներով զինուած մարդիկ, որոնք ծանօթ են որպէս Cowboy:

Լա՛ւ կը յիշեմ, յատկանշական նշանաւոր ֆիլմերէն մէկուն մէջ, հերոսը հպարտօրէն կ’ըսէր. «Սովորաբար ես դրամ կողոպտելու համար կը սպաննեմ, բայց դուն բարեկամս ես, քեզ ոչինչի համար պիտի սպաննեմ»:

«Աղան աղա կը մնայ, եթէ նոյնիսկ ցեխն իյնայ»: Cowboy-ն ալ կռուարար կովարած կը մնայ եթէ նոյնիսկ փողկապ կապած ըլլայ:

Նոյն մտայնութեամբ, այս անգամ բարբառողը, փողկապաւոր հերոս, հրեայ, սատանայածին Հէնրի Քիսինճըրն է: 1970-ական թուականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկար տարիներու արտաքին գործերու նախարարը, բայց ՄՆԱՅՈՒՆ խորհրդականն ու խորհրդատուն դրամատիրական վաշխառու դրամատուներուն եւ «քարթել»ներուն: Ապրեցաւ հարիւր տարի ու դար մը ամբողջ աշխարհով տարածեց իր ճիւաղային ու կործանարար ծրագրերը: Գործակիցն ու «բարեկամը» նախագահ Նիքսընին: Իր իսկ նախագահին գիրկը նստած, փետտեց անոր մօրուքը, մինչեւ որ Նիքսըն ստիպուեցաւ հրաժարիլ նահագահութենէն: Վերոնշեալ ֆիլմի հերոսին նման Քիսինճըր կ’ըսէր. «Ամերիկայի հետ թշնամանալը վնասակար է, բայց բարեկամանալը՝ մահացու»:

Աւելի քան 47 տարիէ, Ամերիկան ու Իրանը թշնամացած են: Այսօր սուր պատերազմի մէջ: Որքան ալ որ Իրան ցաւցնէ իր հակադարձութիւններով, որպէս թշնամի երկիր, անկասկած որ վնասի մէջ է: Այս երեւոյթին մէջ տարօրինակութիւն մը չկայ:

Տարօրինակը Ամերիկայի գործակից, հլու հնազանդ, ընդհանրապէս բոլո՜ր, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքի «բարեկամ» երկիրներու իրավիճակն է: Որպէս արդիւնք ամերիկեան-իրանեան պայքարին, բոլորն ալ ստացած են մահացու հարուածներ:

Սէուտի Արաբիան 50 տարի ետք մերժած էր նորոգել petrodolar–ի համաձայնագիրը: Մերժած էր իրենց նաֆթը միայն ամերիկեան տոլարով վաճառելու խոստումը, ուրեմն մեղաւոր էր:

Քաթարի մեծագոյն եկամուտը՝ հեղուկ կազը, մրցակից էր ամերիկեանին, ուրեմն Տոհա պէտք էր դադրէր արտածելէ:

Արաբական Էմիրութիւնները մաս կը կազմէ BRICS–ին, ձեւով մը ձերբազատուելով կանաչ մամոնայի միահեծան գործածութենէն, ուրեմն՝ յանցաւոր են:

Բայց բարեկամ Եւրոպային, Ճափոնին, Քուէյթին, Պահրէյնին, Իրաքին ու միւսներուն մեղքը՞…:

Գործուած ոճիրին որպէս հետեւանք, համայն աշխարհի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն տնտեսութիւններն են որ ողնայարէն հարուած ստացած են ԱՆԽՏԻ՛Ր: Նաֆթի, պարարտացուցիչի, հեղուկ կազի գիները եռապատկուելու ճամբուն՝ կրկնապատկուած են արդէն: Իսկական ոճիր մը համայն մարդկութեան:

Սովորական որեւէ պարզ ոճիրի մը պատճառները, նպատակը, թնճուկն ու ծալքերը կը բացայայտուին արդիւնքներէն դատելով եւ օգտուող կողմերը բացայայտելով:

Համայն աշխարհին դէմ գործուած այս ոճիրէն (քուլիսներու ետին մասնակից, դաւադիր կամ ոչ, ո՞վ կրնայ գիտնալ) կտրուկ կերպով օգտուող ՈՒՐԻ՜Շ գեր պետութիւն մըն ալ կայ, որ կը կոչուի Ռուսիա, ծանօթ որպէս «Ճերմակ Արջ» ծածկանունով:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երբեմնի նախագահ Տուայթ Այզընհաուըր (նախագահած է 1953-1961), որ գերագոյն հրամանատարն ալ եղած էր Հիթլէրի վրայ արշաւող ու պարտութեան մատնող դաշնակցային բանակներուն, կ’ըսէր. «Այսօրուընէ ետք, եթէ երկու գերհզօր պետութիւնները (ԱՄՆ – Սովետական Միութիւն-Ռուսիա) համաձայն չըլլան, աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնի թաղային կռիւ մը կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային պատերազմի»:

Ո՛չ Վենզուելայի նախագահին առեւանգումը, ոչ ալ ամերիկեան-իրանեան պատերազմը համաշխարհային պատերազմի վերածուեցան, վերածուելու ալ հաւանականութիւնը չկայ կարծեմ: Արդեօք այս բոլորին կանխաւ համաձայնա՞ծ էին երկու հզօր պետութիւնները, ի՞նչ իմանանք:

«Պատերը ականջ ունին», կ’ըսէ հայկական ասոյթը: 15 Օգոստոս 2025-ին Թրամփ-Փութին «սիրալիր» հանդիպումին, Ալասքայի գագաթաժողովի ժողովասրահներուն պատերը վստահաբար շա՜տ ըսելիքներ ունին, թէ որ խօսելու լեզու ունենային անշուշտ:

Այս բոլորը ի՞նչ ցուցանեն:

Ցուցանեն թէ պէտք է վնասուին ու անկցի՛ համայն աշխարհը, որպէսզի զեխ ու շռայլ կեանք մը վայելեն կռուարար-կովարածն ու ճերմակ Արջը:

Իրենցմէ դուրս՝ ջրհեղեղ, որո՞ւն հոգը:

 

Share65Tweet41
Previous Post

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

Next Post

Օրպանի Պարտութիւնը՝ Յաղթանակ Եւրոպայի Ու Հայաստանի Համար

Next Post
Օրպանի Պարտութիւնը՝ Յաղթանակ Եւրոպայի Ու Հայաստանի Համար

Օրպանի Պարտութիւնը՝ Յաղթանակ Եւրոպայի Ու Հայաստանի Համար

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.