Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)

April 18, 2026
in Յօդուածներ
0
Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

 «ԱՐԱՐԱՏ», 5-10 Ապրիլ 1971

Հայկ Գիւլիքեւխեան…։ Վստահ եմ որ դժուարաւ հնչեցիք այս մականունը։ Ե՛ս ալ ձեզի պէս` թերեւս  3-4 անգամ հեգեցի բառը, մինչեւ որ յստակօրէն կարելի եղաւ հնչել զայն…։ Գիւլիքեւխեա՜ն…։ Լսե՞ր էիք այս անունը։ Բացէ՛ք «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ի 3-րդ հատորը եւ հոն, «Գիմ» տառին տակ, դէմ-յանդիման պիտի գաք այս անունին ու անոր դիմանկարին։

«Արարատ»-ի այս շաբթուան թիւերէն մէկուն մէջ, Հայաստանէն Ա. Սոլախեան յուշագրական յօդուած մը ստորագրեր է Գիւլիքեւխեանի մասին, բացատրելով որ ան Խորհրդային Հայաստանի առաջին տասնամեակներուն յայտնի անուն էր մամլոյ, գրողներու շրջանակի եւ համալսարանի մէջ։ Կը դասաւանդէր «Պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիալիզմ», այլ խօսքով՝ մարքսիստ վարդապետութիւն…։ Մտերիմ շրջանակներու մէջ զինք կը կանչէին «Գիւլի» (մականունին կրճատումը)։ Յօդուածագիրը կը վկայէ. «Մարքսիստ-փիլիսոփայ, գրականագէտ Գիւլիքեւխեանը հրապարակախօսական իր յօդուածներով սոցիալիստական իրապաշտութեան դիրքերից ուժեղ պայքար էր ծաւալում հակաիրապաշտական հոսանքների եւ մեր երկրում նրանց արտայայտութիւնների դէմ, ոչ միայն գրականութեան, այլ նաեւ արուեստի միւս բնագաւառներում (թատրոն, կինօ, կերպարուեստ եւ այլն)։ Բոլոր դէպքերում հարցերին նա մօտենում էր լենինեան կուսակցականութեան դիրքերից»…։ Ան մահացեր է 1951-ին։ Ստուգեցինք, որ ծնունդով շուշեցի էր, Ղարաբաղէն։

Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) նոր շարք մը սկսած է. «Գայզերական Գերմանիոյ դիրքը Եղեռնէն յետոյ 1916-17-ին»։ Հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ յօդուածագիրը կը գործածէ «գայզերական» բառը՝ փոխան հայաշունչ «կայսերական»-ին։ Վերնագրին մէջ կայ անճշդութիւն մը եւս. 1916-17-ն կարելի՞ է «Եղեռնէն յետոյ» սեպել։ Այդ թուականներուն՝ Մեծ Եղեռնը կը շարունակուէր իր ամբողջ սաստկութեամբ…։ Դժբախտաբար, անգամ մը եւս պիտի հաստատենք, որ Վանիկի գրութիւնները թէ՛ լեզուական եւ թէ՛ պատմագիտական դիտանկիւնէ վստահութիւն չեն ներշնչեր։ Այնտեղ տեւաբար կը գերիշխէ ընդհանուր թափթփածութիւն մը…։

Ուրախացուցիչ լուր մը կը հաղորդուի այս շաբաթ։ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան պաշտօնական մէկ հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէ, թէ Պէյրութի Սահակեան վարժարանը Սին էլ Ֆիլի շրջանին մէջ ունեցեր է արդէն իր սեփական հողը, որուն վրայ պիտի կառուցուի նոր դպրոցաշէնք, ինչ որ վաղեմի երազն էր հին ու նոր սահակեանցիներուն։ Հողաշերտը 5750 քառ. մեթր է եղեր։ Գնուած է 405.000 լիբանանեան ոսկիի (այլ խօսքով՝ տարածքը արժած է 138.000 տոլար)։ Ասիկա արդինքն է Գնէլ եպս. Ճէրէճեանի եւ Յարութիւն Կուժունիի միասնաբար Ամերիկայի մէջ եւ այլուր ձեռնարկած հանգանակութեան։ Մասնաւորապէս կը յիշատակուի տիթրօյթաբնակ Լեւոն Մկրտիչեանը, որ 75.000 տոլարի ասպետական նուիրատուութեամբ՝ գլխաւոր ջատագովը եղած է ծրագրին։ Կը նշուի, որ վերջերս Հ.Կ.Բ.Մ.-ը պաշտօնապէս ճանչցուեր ու վաւերացուեր է լիբանանան պետութեան կողմէ ու հիմա պիտի ձեռնարկուի նոր դպրոցաշէնքի կառուցման։

Այս շաբթուան ամէնէն կարեւոր լուրը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանի ժամանումն է Պէյրութ։ Այս առթիւ է որ, ըստ հրատարակուած ծանուցումներու, տասնօրեակի մը վրայ երկարող այլաբնոյթ ձեռնարկներ պիտի իրականանան եղեր Պէյրութի մէջ։ Նախ, 11 Ապրիլին, բացումը պիտի կատարուի բարերարին անունով կնքուած «Ալեք Մանուկեան երիտասարդական կեդրոն»-ին։ Երկու օր ետք ելոյթ պիտի ունենայ եղեր Հալէպէն ժամանած Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սպենդիարեան երգչախումբը։ Յետոյ, 15 Ապրիլին, պիտի տօնախմբուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 65-ամեակն ու Հ.Ե.Ը.-ի 40-ամեակը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ. յաջորդ օր ալ Տիգրան Չուխաճեանի «Զուարթ» օփէրէթին ներկայացումը պիտի կատարուի եղեր Թէաթր տիւ Լիպանի մէջ…։ Դեռ աւելին, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը Գ. Կիւլպէնկեան սրահին մէջ (Յովակիմեան-Մանուկեան վրժ.) պիտի ներկայացնէ եղեր նոր փիէս մը՝ «12 զայրացած մարդիկ»։ Գործին հեղինակը կը կոչուի Ռեճինալտ Ռոզ, բեմադրիչը Պերճ Ֆազլեանն է։ Ներկայացումը պիտի կրկնուի եղեր եօթը անգամ (Ապրիլ-Մայիս), բայց Ա. օրուան «կալա»-ն (14 Ապրիլ) յա՛տկապէս պիտի սարքուի Ալեք Մանուկեանի ու իր տիկնոջ ի պատիւ։ Միաժամանակ, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի 8-րդ Նաւասարդեան խաղերը եւս պիտի կայանան եղեր 12 Ապրիլին, հանրապետութեան նախագահ Սլէյման Ֆրանժիէի հովանաւորութեամբ եւ վարչապետ Սաէպ Սալամի նախագահութեամբ։ Հո՛ս եւս պատուոյ հիւրն է Ալեք Մանուկեան։ Մարզական-սկաուտական այս խաղերուն պիտի մասնակցին եղեր Եգիպտոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Կիպրոսի մասնաճիւղերը։ Վայր՝ Պէյրութի մարզական աւանը։

Կը տեսնուի, թէ մշակութային փառաւոր ձեռնարկներով յագեցած եռուն տասնօրեակ մը յայտարարուած է Պէյրութի մէջ, որ այդ տարիներուն (նախապատերազմեան շրջան) կ՛ապրէր իր ոսկեդարը…։

Ներքին գաղութային լուրերէն մին կը վերաբերի Պէյրութի «Կոմիտաս» սրահին մէջ Չատրեան ամոլին սարքած համերգին (Ապրիլ 4)։  Ընտրանի հասարակութեան մը ներկայութեան, այդ օր, նախ թաւջութակահարուհի Ալեքսանտրա Չատրեան (ազգութեամբ՝ ռումէն) կտորներ նուագեր է Պեթհովէնէն, Հենտըլէն, Կոմիտասէն եւ այլն։ Այնուհետեւ, երգիչ Կարապետ Չատրեան հրամցուցեր է տասը երգ՝ ամբողջովին Սպենդիարեանէն։

Հայրենակցական միութիւնները, այդ թուականներուն, որքա՜ն աշխոյժ էին ու որքա՛ն բազմագոյն։ Ահա՛ երկու լուրեր այդ ճակատէն.

Այնթապի Հայրենակցական Միութիւնը սարքեր է յիշատակի հանդէս մը՝ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան 51-րդ տարեդարձին առիթով։ Ձեռնարկը կայացեր է Գ. Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, Ապրիլ 1-ին, նախագահութեամբ պրն. Գրիգոր Պօղարեանի (Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի երկարամեայ երբեմնի տնօրէն)։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերեր են Վեհանոյշ Թէքեան եւ Թորոս Սպիտանեան (ասմունք), Կարպիս Պօյաճեան եւ Արտա Ռումեան (մեներգ)։ Բանախօսեր են երկու դէմքեր՝ ճարտարագէտ Նորայր Խրլոբեան եւ կրթական մշակ Երուանդ Պապայեան։ Հուսկ բանքը արտասաներ է Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան։

Թղթակցութիւն մըն ալ կայ Կիւրինի Հայրենակցական Միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին մասին (20 Մարտ, Օթէլ Մարթինէզ)։  Կ՛ըսուի, թէ հոն խօսք առած է միութեան ատենապետը՝ Թորոս Արեւեան, յիշեցնելով որ քսանէ աւելի ուսանողներու թոշակը կը հոգան եւ տասը չքաւոր ընտանիքներու ալ մնայուն օժանդակութիւն կը տրամադրեն։

Կը հաղորդուի, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը 25 Մարտ 1971 թուակիր պաշտօնագրով մը իրաւական ճանաչում շնորհած է Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան, որ անպաշտօն կերպով կը գործէր արդէն շուրջ քսան տարիէ իվեր։ Միութեան մէկ զեկոյցը կը յայտնէ, թէ որպէս գլխաւոր նպատակ՝ կը հետապնդուի հայկական հիւանդանոցի մը գոյառումը, «որտեղ իր ամոքումը գտնէ հայ տառապեալը եւ որտեղ իր մէկտեղումը ունենայ վասն գիտութեան եւ մարդկութեան՝ լիբանանահայ գաղութի բժիշկ մտաւորականութիւնը»։

Տխուր լուր մը հասած է Հալէպէն։ Մեծ հրդեհ մը հրոյ ճարակ դարձուցեր է կիւրինցիներու քէմփը (20 Մարտ 1971-ին) եւ պատճառ դարձեր, որ բազում ընտանիքներ մնան անպատսպար ու աներդիք։ Բարեբախտաբար մարդկային զոհեր չեն եղած։ Կազմուած է միջհամայնքային օգնութեան մարմին մը՝ օժանդակելու համար աղէտեալներուն։

Հայաստանի թերթերը գուժեր են մահը հռչակաւոր դերասան Աւետ Աւետիսեանի։ Ան ծնած է եղեր Թիֆլիս, 1897-ին։ Ուսաներ է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը։ 1916-ին անցեր է Պաքու, ուր ճակատագրական եղած է իր հանդիպումը հայ բեմի մեծ վարպետին՝ Յովհաննէս Աբէլեանի հետ։  Ու անկէ ետք՝ ամբողջ կեանքը նուիրեր է թատրոնի։ Անմոռանալի դերեր ստանձներ է յատկապէս Գաբրիէլ Սունդուկեանի եւ Շիրվանզադէի թատերախաղերուն՝ «Պէպօ»-ի, «Խաթաբալա»-ի, «Քանդուած օճախ»-ի, «Պատուի համար»-ի, «Չար ոգի»-ի մէջ։ Ասոնց կողքին՝ խաղցեր է նաեւ Շէյքսփիրի «Համլէտ»-ին, «Օթելլօ»-ին մէջ։ Քսանհինգէ աւելի դերեր մարմնաւորեր է նաեւ սինեմայի մէջ։ Գրեթէ կէս դար ծառայեր է «Սունդուկեան թատրոն»-ի բեմին՝ վայելելով մեծ ժողովրդականութիւն։

«Ալեք Մանուկեան Գրական Մրցանակ»-ը, որ կեանքի կոչուեր է նորերս, կոչ ուղղեր է հայ գրողներուն մասնակցելու իր հաստատած գրական մրցումին՝ բանաստեղծութեան, պատմուածքի, վէպի, թատերախաղի կամ պատմական ուսումնասիրութեան մը ներկայացումով։ Կ՛ըսուի, թէ մրցանակակիր երկերը պիտի հրատարակուին հիմնադրամին ծախքով, իսկ հեղինակները, յաւելեալ, պիտի ստանան եղեր 700-1500 տոլարի միջեւ տարուբերող դրամական պարգեւներ։ Պայմաններէն մէկը այն է, որ ներկայացուած գործը ըլլայ հայերէն, ու ատիկա դատակազմին ներկայացուի այս առիթով գործածուած ծածկանունով մը…։ Պէպօ Սիմոնեան, առանձին յօդուածով մը, անդրադարձեր է այս մրցանակի խանդավառիչ երեւոյթին եւ ողջունած Բարեգործականի նախաձեռնութիւնը։

Աւելի հին եղող «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»-ը, որ կը վայելէր հովանին Թէքէեան Մշակութային Միութեան, բացայայտած է արդիւնքները իր Ե. տարուան մրցանքին։ Կ՛ըսուի, թէ իրենց սեղանին հասած էր 34 անուն գիրք։ Մրցանակի արժանացած են Վահէ-Հայկի «Հայրենի ծխան»-ը (Ե. հատոր, պատմուածքներ), Ժագ Յակոբեանի «Հայատրոփ հայավէպ»-ը (չափածոյ), Յարութիւն Մաթեանի «Ես կը սիրեմ կեանքը»-ն (չափածոյ)։ Իւրաքանչիւր հեղինակի տրուեր է  350 տոլար։

Սիւնակս, ըստ ընկալեալ սովորութեան, կը փակեմ ազգային ծանուցումներու փունջով մը.

— ԱՐԱՐԱՏ Մարզական Միութիւնը «Գարնանային մեծ պազար-քերմէս» մը պիտի սարքէ եղեր իր սեփական ակումբին մէջ, 9-11 Ապրիլ, այնուհետեւ ալ պարահանդէսի մը պիտի հրաւիրէ իր համակիրները Օթէլ Նորմանտիի սրահներուն մէջ։

— Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւնը իր տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի սարքէ եղեր 11 Ապրիլին, Քազինօ տիւ Լիպանի մէջ։

— Կասիոսի Հայրենակցական Միութեան ճաշկերոյթ-խրախճանքը եւս պիտի կայանայ եղեր նոյն օրը (11 Ապրիլին), Սայաթ-Նովա ճաշարանին մէջ։

— Հաճնոյ Երիտասարդաց Երկսեռ Միութեան պարահանդէսը պիտի կայանայ եղեր Մայիս 2-ին, Քարլթոն պանդոկին մէջ։

— Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Արտաւազդ» թատերախումբը պիտի բեմադրէ եղեր Մոլիէռի «Քաղքենին՝ ազնուական» կատակերգութիւնը, Յարութիւն Երէցեանի ղեկավարութեամբ (Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ, 21 Ապրիլ – 2 Մայիս)։

— Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի ակումբին մէջ, 8 Ապրիլին, բանախօսութեամբ ու գեղարուեստական յայտագրով պիտի ոգեկոչուի եղեր Մխիթարեան Միաբանութեան մեծանուն դէմքերէն Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը, ծննդեան 150-ամեակին առիթով։ Բանախօսն է Հրաչ Քաջարենց։

— Տօնիկեան հրատարակչատունէն լոյս տեսած է վեր. Արսէն Կէօրկիզեանի «Պաւղիկեան-թոնդրակեցիներու շարժումը Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (Է.-ԺԲ. դար)» գիրքը, ուր կը բացատրուի, թէ այդ շարժումը կը կրէր զուտ կրօնական բնոյթ՝ նպատակ ունենալով սրբագրել ու բարեկարգել ծիսակատարութիւններով բեռնաւորուած այն ատենուան եկեղեցիները…։

Share63Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 18 Ապրիլ 2026

Next Post

Անկցի՛ Աշխարհը, Որ Ապրի՛ Կովարածն Ու Ճերմակ Արջը

Next Post
Անկցի՛ Աշխարհը, Որ Ապրի՛ Կովարածն Ու Ճերմակ Արջը

Անկցի՛ Աշխարհը, Որ Ապրի՛ Կովարածն Ու Ճերմակ Արջը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.