Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 18 Ապրիլ 2026

April 18, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 18 Ապրիլ 2026

ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ՏԱՍՆՕՐԵԱՅ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներէն երեք օր ետք՝ 2 Մարտ 2026-ին բռնկած Հըզպալլա-Իսրայէլ պատերազմը վերջապէս դադար առաւ երէկ արեւածագին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Լիբանանի նախագահին ու Իսրայէլի վարչապետին հետ հեռաձայնով անջատաբար հաղորդակցելէ ետք յայտարարեց տասնօրեայ զինադադարը՝ որպէս բարի կամքի դրսեւորում: Ամերիկեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ հրապարակեց համաձայնութեան մանրամասնութիւնները եւ շեշտեց, որ այդ կարելի եղած է իրականացնել շնորհիւ լիբանանեան-իսրայէլեան ուղղակի բանակցութիւններուն եւ որպէս նախապատարաստութիւն՝ յանգելու մնայուն խաղաղութեան: Ըստ համաձայնութեան, Պէյրութ եւ Թել Աւիւ պիտի ջանան նախապատրաստել խաղաղութեան մթնոլորտը եւ փոխադարձաբար ճանչնալ զոյգ երկիրներուն գերիշխանութիւնը:

«Երկու կողմերը կը գիտակցին, թէ Լիբանանի պետութիւնը կը դիմագրաւէ զինեալ կազմակերպութիւններու առկայութեան վերաբերող մարտահրաւէր եւ կը շեշտեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը խախտող այդ ապօրինի կազմակերպութիւնները զսպելու հրամայականը, որպէս զէնք կրելու իրաւունք ունենան միայն լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ, ուր Լիբանան եւ Իսրայէլ շեշտեցին, որ պատերազմի դրութեան մէջ չեն, այլ բանակցութեան պիտի մասնակցին բարի կամքով՝ յանուն վերջնական կայունութեան եւ խաղաղութեան: Նշելով, որ դրական յառաջընթացի պարագային այս նախնական զինադադարը կարելի է երկարաձգել, համաձայնութիւնը վերապահեց Իսրայէլի իրաւունքը՝ «որեւէ ատեն դիմելու ինքնապաշտպանութեան, եթէ յառաջանան վտանգներ: Այլապէս, Իսրայէլ օդային, ցամաքային կամ ծովային որեւէ յարձակում պիտի չգործէ զինուորական կամ քաղաքացիական թիրախներու դէմ»: Միաժամանակ, Լիբանանի կառավարութիւնը քայլերու պիտի ձեռնարկէ արգիլելու Հըզպալլային եւ ապօրինի զինուած այլ կազմակերպութիւններու ռազմական գործունէութիւնն ու իսրայէլեան թիրախներուն դէմ նոր յարձակումներու ձեռնարկումը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին, նախագահ Թրամփ փափաքած է, որ կայունութիւն հաստատուի Լիբանանի ու տարածաշրջանին մէջ, կարեւորելով զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը եւ Հըզպալլային կոչ ուղղելով այս կարեւոր փուլին խոհեմութեամբ վարուելու: «Պիտի տեսակցիմ Աունին ու Նեթանիահուին հետ ու համոզուած եմ, որ անոնք պիտի համաձայնին», ըսաւ Թրամփ, խոստանալով շարունակաբար աջակցիլ լիբանանեան բանակին: Աուն իր կարգին շեշտած է զինադադարին եւ Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան ուժերու անյապաղ նահանջին կարեւորութիւնը, անդրադառնալով պատերազմին հետեւանքով Լիբանանի կրած ծանր վնասներուն: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու բանակցային ուղին՝ հիմնուելով իր նախաձեռնութեան սկզբունքներուն վրայ: Իսրայէլի վարչապետը միւս կողմէ նշեց, որ Թրամփ կը մտադրէ երկու երկիրներուն ղեկավարները բանակցելու համար հրաւիրել Ուաշինկթըն:

 

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՀԱՐԱՒ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Հըզպալլա տեղի ունեցածը համարեց յաղթանակ, շեշտելով որ Իսրայէլ չէ կրցած տիրապետել հարաւային Պընթ Ժպէյլ քաղաքին: Ըստ յայտարարութեան, 45 օրուան ընթացքին Հըզպալլա գործադրած է 2184 յարձակում, իսկ այժմ պատրաստ է հակադարձելու որեւէ խախտումի: Կուսակցութեան երեսփոխանները նշեցին նաեւ, որ զինադադարը յայտարարուած է շնորհիւ Իրանի ջանքերուն եւ ամերիկեան կողմին վրայ բանեցուցած ճնշումներուն: Այսուհանդերձ, Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» երեսփոխանական խմբակցութիւնը կառավարութիւնը ամբաստանեց Լիբանանը «սաստիկ վտանգաւոր փուլի մղելու մէջ, ուր վտանգուած է հայրենիքին ազատ եւ անկախ գոյութիւնը»:

Զինադադարի գործադրութենէն վայրկեաններ առաջ, իսրայէլեան օդուժը 12 յարկանի շէնք մը փլուզեց Սուր քաղաքին մէջ, որուն փլատակներէն յայտնաբերուեցաւ առնուազն 11 զոհի մարմին եւ 35 վիրաւոր, մինչ քաղաքացիական անվտանգութիւնը մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեց կորսուածներուն որոնումը: Վերջին յարձակումն ալ բաժին հասաւ Կարմիր խաչի Թըպնինի կեդրոնին՝ պատճառելով նիւթական ծանր վնաս: Իսկ բռնագրաւեալ Խիամի մէջ, իսրայէլեան ուժերը իրականացուցին բնակարաններու պայթումներ: Զինադադարին զուգահեռ, իսրայէլեան բանակը հերթական զգուշացումը ուղղեց լիբանանցիներուն, պահանջելով չվերադառնալ Լիթանի գետէն հարաւ, ուր կը շարունակեն տեղակայուիլ իսրայէլացի զինուորները: Այսուհանդերձ, զինադադարը տակաւին ուժի մէջ չմտած, հազարաւոր տեղահանուած քաղաքացիներ սկսան վերադառնալ հարաւ՝ իրենց բնակավայրերը հասնելու փորձով: Շուտով խճողում յառաջացաւ ծովեզերեայ մայրուղիին վրայ մինչ բանակը գործի լծուեցաւ վերաբանալու Քասիմիէն Սուրին  կապող գլխաւոր կամուրջը, որ ժամեր առաջ ենթարկուած էր նոր հարուածի: Լիբանանեան բանակը հարաւ վերադարձողներէն պահանջեց մնալ զգօն, աւելցնելով որ սահմանափակ խախտումներ եղած են զինադադարի յայտարարութենէն ետք:

Իսկ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ այլ շրջաններու մէջ եղաւ ուրախութեան հրաձգութիւն ու թեթեւ հրթիռներու արձակում: Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ հետապնդած է օդը զէնք կրակողները եւ ձերբակալած 9 հոգի: Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, թէ զինադադարէն վայրկեաններ առաջ հրթիռներով թիրախաւորած է իսրայէլեան բանակի հաւաքավայրեր եւ սահմանամերձ հինգ բնակավայրեր: Ապահովական ուժերը հարաւ վերադարձողները զգուշացուցին փլուզուած կառոյցներու բեկորներուն տակ չպայթած ռումբերու առկայութեան մասին, քաղաքացիներէն պահանջելով չմօտենալ կասկածելի իրերուն, այլ անոնց մասին անյապաղ տեղեկացնել առնչակից մարմիններուն:

 

ՀԱԶԱՐՆԵՐՈՎ ԿՈՐՈՒՍՏ ԵՒ 7 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ ՎՆԱՍ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտէն ի վեր իսրայէլեան 7916 ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ոչ վերջնական տուեալներով մահացած է 2.294 հոգի՝ ներառեալ 1834 տղամարդ, 274 կին եւ 177 երեխայ, վիրաւորուած է 7.544 մարդ: Իրենց տուներէն տեղահանուած է 141.733 լիբանանցի, որոնց մէկ մասը ապաստանած են 690 ժամանակաւոր կեցավայրերու մէջ:

Ուժանիւթի նախարար Եասին Ժապէր ելեւմտական հարցեր արծարծեց իր ուաշինկթընեան տեսակցութիւններուն ընթացքին եւ տեղեկացուց, որ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան կրած է շուրջ 7 միլիառ տոլարի վնաս: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զինադադարը որակեց ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլ, ինչպէս նաեւ կարմիր գիծ համարեց լիբանանցիներու ազգային միասնութիւնը, պնդելով թէ ոչ մէկ ատեն պիտի արտօնէ ներքին կայունութեան խախտումը եւ ազգային միասնականութեան տապալումը: Մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը հովուապետական այցելութեամբ երէկ կը գտնուէր Ժըզզին գաւառի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:

Ան շեշտեց, որ «խաղաղութիւնը լոկ քաղաքական ընտրանք մը չէ, այլ մարդկային եւ հոգեւոր յանձնառութիւն»: Օրհնելով բոլոր անոնք, որոնք կ’աշխատին խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ, պատրիարքը կոչ ուղղեց ամրապնդելու հարաւի մէջ յայտարարուած զինադադարը եւ ըսաւ. «Բա՛ւ է պատերազմիլ: Մենք կարիք ունինք դարձնելու էջը եւ ձեռնարկելու խաղաղութեան ծրագրի մը»:

 

ԱՌԻՒԾԻ ՄՌՆՉԻՒՆ ԵՒ ԿԱՏՈՒԻ ՄԼԱՒՈՑ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց, որ բանակը պիտի մնայ Լիբանանի հարաւային գրաւուած շրջաններուն մէջ: «Ցամաքային գործողութիւնն ու Հըզպալլայի դէմ յարձակումները յանգած են տպաւորիչ արդիւնքի, սակայն պատերազմը չէ վերջացած եւ մեր նպատակն է հասնիլ զինուորական կամ դիւանագիտական միջոցներով Հըզպալլայի զինաթափումին», ըսաւ ան: Տասնօրեայ զինադադարի համաձայնութիւնը Իսրայէլի մէջ արժանացաւ թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու:

«Մաարիֆ» թերթը նշեց, թէ « պատերազմը սկսանք առիւծի մռնչիւնով եւ աւարտեցինք կատուի մլաւոցով»: «Հաարէց» թերթը հաղորդեց, որ Թրամփ ճնշած էր Նեթանիահուին վրայ՝ յայտարարելու համար զինադադար, որպէսզի գոհանայ Թեհրանը եւ վերջ տրուի Իրանի պատերազմին: Տեղական լրատուամիջոցներ նշեցին, թէ Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ զինադադարի գիծ հաստատելէ ետք, իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն կործանել իրենց տիրապետութեան տակ մնացած լիբանանեան բնակավայրերը, ինչպէս կը կատարէ Կազայի մէջ: Իսկ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի ու Իրանի դէմ պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած է 7834 մարդ, իսկ 104 հոգի տակաւին կը բուժուի հիւանդանոցներուն մէջ: Իսրայէլեան սահմանային Մարկալիոթ բնակավայրի ղեկավարը քննադատեց զինադադարը, զայն համարելով Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու կամքը: Իսկ Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եաիր Լափիտ շեշտեց, որ Լիբանանի հետ առճակատումին լուծումը կարելի չէ նախքան Իսրայէլի նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

 

ԶԻՆՈՒՈՐ ԿԸ ԶՈՀՈՒԻ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ 33-ամեայ զինուոր Պիլալ Խալէտ զոհուած է Թրիփոլիի Պէպ Թըպպէնէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ապահովական խուզարկումներու ընթցաքին, երբ կասկածելիներ կրակ բացած են շրջուն ջոկատին ուղղութեամբ: Բանակն ու ապահովական ուժերը կը փորձեն յայնաբերել յանցագործը եւ զայն յանձնել դատական առնչակից մրամիններուն:

 

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա ողջունեց իր ամերիկացի պաշտօնակից Տոնըլտ Թրամփին ջանքերը՝ Լիբանանի մէջ զինադադար յայտարարելու ուղղութեամբ: Դիտել տալով, որ Դամասկոս կ’ազդուի Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն, Շարաա մաղթեց, որ տարածաշրջանը ուղղուի բարեկարգումներու ուղղութեամբ եւ այսուհետեւ չրկնուին նման պատերազմներ: Ռիատ դրական համարեց զինադադարի համաձայնութիւնը, իսկ Պահրէյնի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը գնահատեց լիբանանեան ճակատին վրայ զինադադարի հաստատումը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց յարգելու զինադադարդը: Եւրոխորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա «բացառիկ լուր» որակեց զինադադարը կոչ ուղղելով նստելու լուրջ բանակցութիւններու: Գերմանիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը շեշտեց, թէ Լիբանան ու Իսրայէլ կարիք ունին երկարատեւ համաձայնութիւններու՝ երաշխաւորելու համար սահմանային կայունութիւնը: Փորթուկալի արտաքին գործերու նախարարը այցելեց իր լիբանանցի պաշտօնակիցին եւ Լիզպոնի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած ուղիին, շեշտելով բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ալ մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի ճակատագրին մասին՝ ի տես ռազմական գործողութիւններու վերսկսումի վտանգին: Ապու Տապի ողջունեց զինադադարը եւ աջակցութիւն յայտնեց Պէյրութի կառավարութեան՝ գործադրելու զէնքի մենաշնորհի ծրագիրը:

Share63Tweet40
Previous Post

Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի Նիւթական Աջակցութիւնը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն Եւ Մասնագիտական Վերապատրաստման Ծրագրերուն

Next Post

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

Next Post
Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.