Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը (Fond Armenien de France) վերահաստատեց իր հաստատուն աջակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին՝ 2026 թուականի Մարտ ամսուան սկիզբը տրամադրելով 100.000 տոլարի նիւթական օժանդակութիւն՝ ուղղուած երկրի 16 հայկական ուսումնական հաստատութիւններուն։ Այս նշանակալի ներդրումը նպատակ ունի ապահովել վարժարաններուն անխափան գործունէութիւնը եւ պահպանելու կրթութեան բարձր որակը՝ ներկայիս առանձնայատուկ դժուար պայմաններուն մէջ։ Նշեալ աջակցութիւնը կը փոխանցուի Երեւանէն՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին եւ գործակցութեամբ Համահայկական Հիմնադրամին Լիբանանի մարմինին միջոցով։
2019 թուականէն ի վեր, «Հայաստան» հիմնադրամը հետեւողական կերպով կը կանգնի Լիբանանի հայ համայնքին կողքին՝ դիմակայելու երկրին վրայ ազդեցութիւն ունեցած բազմաթիւ ճգնաժամերը, ներառեալ Քովիտ-19 համաճարակը, 2020 թուականի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը, դրամատնային համակարգի փլուզումը եւ անոր յաջորդած ծանր ընկերային-տնտեսական պայմանները։ Այս բոլորին այսօր կը միանան շարունակուող պատերազմական եւ տարածաշրջանային լարուածութիւնները, որոնք կը շարունակեն խորացնել երկրին փխրուն իրավիճակը։
Կրթական ոլորտին ուղղուած աջակցութեան զուգահեռ, Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը 2022 թուականէն ի վեր կը ֆինանսաւորէ նաեւ մասնագիտական վերապատրաստման նպատակային ծրագրեր Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, որոնք կը գործադրուին Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանին հովանաւորութեամբ։ Ծրագրերը կը ներառեն խնամատարութեան եւ մարդասիրական աջակցութեան սկզբունքներու ուսուցում, խնամատարներու եւ ատամնաբուժական օգնականներու պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայիս ընթացքի մէջ գտնուող ընկերային ցանցերու մէջ մարքեթինկի (marketing) դասընթացքներ։
Այս նախաձեռնութիւնները իւրաքանչիւր փուլին մօտ քսան երիտասարդներու կ՚ընձեռեն մասնագիտական հմտութիւններու ձեռքբերման եւ աշխատանքի շուկայ յաջող ներգրաւման իրական հնարաւորութիւններ։
Լիբանանի Հայաստան Հիմնադրամին յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի հայ համայնքը կը յայտնեն իրենց խորին երախտագիտութիւնը այս կարեւոր աջակցութեան համար, որ իրականութիւն դարձած է Ֆրանսայի Հայաստան Հիմնադրամի շարունակական նուիրումին, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործուն մասնակցութեան շնորհիւ։
Հայաստան Համահայկական Լիբանանի Հիմնադրամի
գործուն մարմին

