Երբեւիցէ ստա՞ծ էք։ Չեմ կարծեր որ այս հարցումին ժխտական պատասխանողները կարեւոր թիւ մը ներկայացնեն։ Կամ այն է, որ դուք սկզբունքի տէր անհատներ էք եւ, ի գին ամէն բանի, ստելը անընդունելի է ձեզի համար, կամ թէ այն , որ առիթը չէ ներկայացած ստելու, պարզապէս։
Սակայն եկէք հարցը տարբեր ձեւակերպենք․ կարո՞ղ եմ, զորօրինակ, կարեւոր հոգէ մը ազատելու նպատակաւ կատարել խոստում մը, որ յարգելու դիտաւորութիւնը չունիմ։ Հոս ի հարկէ հարցումը երկու նշանակութիւն ունի․ խոհեմութի՞ւն է կամ օրինաւո՞ր` սխալ խոստում մը տալ։ Երբեմն խոհեմութիւն կրնայ ըլլալ, սակայն երբեք օրինաւոր։ Իրականութեան մէջ միշտ չէ որ ստելով կամ անիրագործելի խոստում մը կատարելով մեր հոգէն կ՛ազատինք։ Ընդհակառակը կրնայ պատահիլ որ անիրական խոստումին հետեւանքները մեզ աւելի լուրջ հոգերու առաջնորդեն։ Մէկը, որ նիւթական կարիքի մէջ է, դրամ փոխ ուզելու պարտադրուած է, գիտնալով սակայն, որ փոխ առնուած գումարը երբեք ի վիճակի չէ ժամանակին վճարելու։ Ան պիտի ստէ, խոստանալով հատուցանել իր պարտքը տրուած թուականին, հակառակ պայմանաժամը յարգելու իր ցանկութեան։ Հոս, եթէ գումարը կարեւոր է եւ փոխատու անձը խիստ եւ պահանջող, պայմանաժամը չյարգելու պարագան կարող է լուրջ հետեւանքներ յառաջացնել փոխառուին, ինչպէս անոր սեփական ունեցուածքի գրաւում կամ այլ պատիժներ։
Այսուհանդերձ կան սուտեր, որոնք կը թուին ըլլալ արդար․ եթէ պատերազմի շրջանին թշնամի զինուորը ձեր դուռը կը թակէ ձերբակալելու այն ընդդիմադիրը , որ ներսը պահուըտած է, պէ՞տք է ըսել իրականութիւնը ․․․ ի հարկէ ոչ մէկ կասկած նման պարագային․ հոս ստելը իրաւունք կը դառնայ։
Ստելու իրաւունքին նկատմամբ 18-րդ դարու ականաւոր փիլիսոփաներ գերմանացի Էմմանուէլ Քանթ եւ ֆրանսացի Պենժամէն Քոնսթան հակադարձ գաղափարներ ունեցած են։ 1796 ին, այս վերջինը, որ Քանթի հետեւողական ընթերցողն էր, պաշտպանած է մարդասիրական եւ բարեացակամական տեսակէտը՝ Քանթի ճշմարտութեան պարտականութեան գաղափարին փոխարէն։ Է․ Քանթի համաձայն, իրականութիւնը խոստովանիլը պարտականութիւն մըն է, նաեւ բարոյականի հրամայական։ Այսուհանդերձ Պ․ Քոնսթան հարց կու տայ․ «Ի՞նչ է պարտականութիւնը․ պարտականութեան գաղափարը իրաւունքէն անբաժանելի է։ Պարտականութիւնը անհատի մը համար ուրիշի մը իրաւունքներուն կը համապատասխանէ։ Հոն, ուր իրաւունքներ չկան, չկայ նաեւ պարտականութիւն։ Ըսել ճշմարտութիւնը պարտականութիւն է անոնց համար, որոնք ճշմարտութեան իրաւունքը ունին։ Մինչդեռ ոչ մէկ անհատ իրաւունք ունի այն ճշմարտութեան, որ ուրշներու վնաս կը հասցնէ»։ Բարոյականը պէտք չէ հիմնուած ըլլայ սկզբունքներու վրայ, որոնք անկախ կը մնան փորձառութենէ եւ պարագաներէ։ Քոնսթանի համաձայն, ամէն իրականութիւն յայտնել յարիր չէ (toute vérité n’est pas bonne à dire), ոչ-պայմանաւորուած եւ բացարձակ ճշմարտութեան մը պարտականութիւնը մարդկութեան քայքայումին կրնայ առաջնորդել։
Քանթի պատճառաբանութիւնը կը պնդէ սուտին անմարդկային բնոյթին վրայ, որովհետեւ, անոր համաձայն, ստելը ոչ միայն կը նշանակէ անարգել ուրիշներ, այլ միաժամանակ կ’անարգէ նաեւ իր սեփական անձը, ինչ որ կը թարգմանի ուրիշի անձին վրայ` անտեսել մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ անտեսել իր իսկ անձը։ Հոս կը սկսի Քանթի պատճառաբանութեան սահմանը, նաեւ հասարակ մարդուն դիրքորոշումը սուտին նկատմամբ։ Պէ՞տք է իւրացնել Քանթին գործնական փիլիսոփայական տեսակէտը եւ յանգիլ այն եզրակացութեան, որ գոյութիւն չունի բարեպաշտ ստախօսութիւն, որ ճշմարտութիւնը բացարձակ պարտականաթիւնն է մարդուն։ Թէ ոչ որդեգրել Քոնսթանի, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի իմաստասէր Եանքելեվիչի փիլիսոփայութիւնը, որուն համաձայն՝ պէտք է գոյութիւն ունենայ արժէքներու նուիրապետական դասակարգ մը։ Որովհետեւ ինչ կ՛ըլլար ներկայ աշխարհը եթէ մատնէինք ոճրագործի բարեկամը, թշնամիի ընդդիմադիրը, նաեւ բազմաթիւ առօրեայ երեւոյթներ, ուր երբեմն ստելը ազատարար կամ բարերար դեր ունի։

