Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կրակին Մէջ՝ Ծառայութեան Կոչումով. Զրոյց Հրշէջ Ընկեր Կարէն Աւագեանի Հետ

April 16, 2026
in Հարցազրոյց
0
Կրակին Մէջ՝ Ծառայութեան Կոչումով. Զրոյց Հրշէջ Ընկեր Կարէն Աւագեանի Հետ

Լիբանանի դժուար ու անորոշ պայմաններուն մէջ, կան անձեր, որոնք լուռ նուիրումով կը ստանձնեն մարդկային կեանքեր փրկելու ծանր ու պատասխանատու առաքելութիւնը։ Այդպիսի նուիրեալներէն մին է ընկեր Կարէն Աւագեանը՝ Լիբանանի հրշէջ ծառայութեան մէջ գործող հնչակեան երիտասարդ մը։

Կարէնը իր մօր՝ ընկերուհի Սիլվայի միակ զաւակն է։ Փոքր տարիքին կորսնցուցած է հայրը՝ ընկեր Տիգրանը, որ տարիներ շարունակ «Արարատ» օրաթերթին մէջ բծախնդիր նուիրումով պաշտօնավարած էր։ Այդուհանդերձ, Կարէնը ընտրած է ծառայութեան ուղին՝ իր կեանքը նուիրելով մարդասիրական առաքելութեան մը, որ քաջութիւն, անձնուիրութիւն եւ անսակարկ կամք կը պահանջէ։

Այսօր, երբ երկիրը կը գտնուի լարուած, անապահով մտահոգիչ պայմաններու մէջ, ընկեր Կարէն կը շարունակէ իր ծառայութիւնը՝ հազուագիւտ օրինակ մը դառնալով երիտասարդ սերունդին համար։ Այս առիթով հետաքրքրուեցանք անոր գործունէութեամբ եւ փորձեցինք մօտէն ծանօթանալ հրշէջի առօրեային ընդհանրապէս, եւ Կարէնի փորձառութեան մասնաւորապէս։

(Ա.)

 

Հ.- Կարէն, ինչպէ՞ս ծնաւ այս դժուար եւ վտանգաւոր ասպարէզը ընտրելու ձեր որոշումը։ Ի՞նչն էր այն շարժիչ ուժը, որ ձեզ մղեց հրշէջ ծառայութեան։
Պ.- Իմ որոշումիս հիմքը քանի մը ազդակներ ունէր։ Առաջինը՝ ընտանիքս։ Մեր ընտանիքին մէջ միշտ կար նուիրումի ոգին՝ ընտանիքին, ակումբին եւ եկեղեցիին հանդէպ։ Այդ մթնոլորտին մէջ մեծցած եմ եւ յաճախած եմ ակումբ, ուր միութենական ու կազմակերպական կեանքը իմ մէջ սերմանեց ծառայելու եւ նուիրուելու գաղափարը։ Ամէն անգամ, երբ ծառայութիւն մը կը կատարէի, ներքին բաւարարութիւն ու ուրախութիւն կը զգայի։
Հրշէջի առաքելութիւնը շատ մօտ էր այս արժէքներուն՝ մարդոց օգնել, կեանքեր փրկել, ունեցուածք պաշտպանել։ Ահա հոն է, որ գիտակցեցայ, որ իմ կոչումս հանրութեան ծառայելն է։ Այդ նուիրումի զգացումը ինծի ուրախութիւն կը պատճառէր եւ այդպէս որոշեցի շարունակել այս ուղին։

 

Հ.- Խաղաղ պայմաններուն մէջ անգամ հրշէջի աշխատանքը վտանգներով լեցուն է։ Ձեր փորձառութեամբ՝ ո՞րն է ամենամեծ վտանգը, որուն կրնայ հանդիպիլ հրշէջ մը։
Պ.- Ի տարբերութիւն այլ՝ համեմատաբար «ապահով» երկիրներու, Լիբանանի մէջ հրշէջ ըլլալը յատուկ դժուարութիւններ ունի։ Օրինակ՝ կրակ մարելու ընթացքին պէտք է համոզուած ըլլանք, որ հոսանքը ամբողջովին անջատուած է։ Սակայն մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունի թէ՛ պետական, թէ՛ ելեկտրածին շարժիչներու հոսանք (ժեներաթորներ)։ Հնարաւոր է, որ պետական հոսանքը անջատուած ըլլայ, բայց ժեներաթորինը՝ ոչ, եւ ջուրի առկայութեան պարագային ասիկա կեանքին համար լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ։ Աւելին՝ կան նաեւ ապօրինի հոսանքի դէպքեր։ Ուստի, միշտ պէտք է կրկնակի զգուշաւոր ըլլալ, որովհետեւ փոքր անուշադրութիւն մը կրնայ մահացու հետեւանք ունենալ։

 

Հ.- Այսօր, երբ երկիրը կը գտնուի լարուած եւ պատերազմական մթնոլորտի մէջ, ինչպէ՞ս կը փոխուի ձեր աշխատանքը։
Պ.- Խաղաղ պայմաններուն մէջ հրդէհները հրշէջի առօրեային մաս կը կազմեն։ Բայց պատերազմի ժամանակ իրավիճակը բոլորովին կը փոխուի։ Ռմբակոծումներու պայմաններուն մէջ պէտք է մտնես կրակի եւ վտանգի մէջ, փլատակներու տակ գտնուողներուն օգնութեան հասնելու համար։ Այստեղ է, որ կը փորձուի հրշէջին կամքը․ շարունակե՞լ առաքելութիւնը, թէ՞ ոչ։ Այս ծառայութեան մէջ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլաս՝ օրուան 24 ժամը, դիմագրաւելու ամենադժուար պայմանները։

 

Հ.- Ձեր ծառայութեան ընթացքին ունեցա՞ծ էք պահեր, երբ ձեր կեանքը ուղղակի վտանգի մէջ գտնուած է։
Պ.- Շատ անգամներ։ Ամէնէն վտանգաւոր իրավիճակներէն մէկը գետնատակ հրդէհներն են, ուր ամենափոքր սխալը կրնայ ճակատագրական ըլլալ։ Ամէնէն ծանր փորձառութիւններէն մէկը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն էր։ Այդ օրը մեր ընկերներէն ոմանք նահատակուեցան։ Երբ հասանք վայր, տեսարանը աննկարագրելի էր՝ հսկայական փոս մը, ամբողջ շրջանը փոխուած, եւ մեր ընկերները՝ անհետացած։
Միւս դէպքը կը յիշեմ շէնքի մը մէջ, երբ յանկարծ լոյսը մարեցաւ, եւ ծուխին մէջ նոյնիսկ իմ կողքս գտնուող ընկերս չկրցայ տեսնել։ Այդ պահուն զգացի կեանք ու մահուան սահմանագիծը՝ զգացում մը, որ դժուար է բառերով նկարագրել։

 

Հ.- 2020-ի Օգոստոս 4-ի պայթումին օրը ո՞ւր կը գտնուէիք։
Պ.- Այդ օր արձակուրդի մէջ էի։ Երբ պայթումը լսեցինք, առանց վարանելու վերադարձայ ծառայութեան կեդրոն եւ անմիջապէս մեկնեցանք դէպքի վայր՝ թէ՛ կրակը մարելու, թէ՛ մեր ընկերները փնտռելու։

 

Հ.- Ինչպէ՞ս կը յիշէք ձեր այն ընկերները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ծառայութեան մէջ։
Պ.- Անոնք անմոռանալի են։ Այս առիթով եւս կը յայտնեմ իմ ցաւակցութիւնները իրենց ընտանիքներուն։ Ամէնէն ծանր կորուստներէն մէկը ծնողքի համար զաւակի կորուստն է։ Մենք մինչեւ այսօր կը զգանք անոնց ներկայութիւնը եւ աւելի պարտաւոր կը զգանք շարունակելու մեր ծառայութիւնը՝ անոնց յիշատակը բարձր պահելու համար։

 

Հ.- Ճգնաժամային պահերուն ի՞նչ ձեւով կը կազմակերպէք փրկարար աշխատանքները։
Պ.- Նախ պէտք է վստահ ըլլաս, որ ինքդ ապահով ես։ Այնուհետեւ խումբերը կը բաժնուին․ մէկ մասը կը զբաղի հրդէհի մարումով, իսկ միւսը՝ փրկարար աշխատանքներով։ Կեանքի մէջ գտնուողներուն փրկութիւնը առաջնահերթութիւն է։

 

Հ.- Ինչպիսի՞ համագործակցութիւն կը գոյանայ հրշէջ ծառայութեան, շտապ օգնութեան եւ այլ փրկարար մարմիններուն միջեւ նման ճգնաժամային պահերուն։
Պ.- Ամէն կառոյց իր պատասխանատուութիւնը ունի։ Համակարգուած համագործակցութիւնը աշխատանքը կը դարձնէ աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ։

 

Հ.- Ի՞նչ արժէքներ են, որոնք կը մղեն երիտասարդները ծառայելու այս ասպարէզին մէջ։
Պ.- Ամէնէն մեծ շարժիչը նուիրումն է։ Մարդ փրկելու զգացումը անփոխարինելի է եւ չի համեմատուիր որեւէ նիւթական բանի հետ։

 

Հ.- Ի՞նչ պատգամ ունիք երիտասարդներուն, որոնք կը մտածեն իրենց կեանքը նուիրել նման մարդասիրական եւ փրկարար ծառայութեան։
Պ.- Թէեւ շատեր կը խուսափին վտանգէն, բայց կ’ուզեմ ըսել՝ երբ մէկու մը կեանքը կը փրկես կամ կրակներուն մէջէն ընտանիք մը կ’ազատես կամ հրդէհի ժամանակ բոլորը քեզ կը դիտեն եւ որպէս հերոս կը դիմաւորեն եւ ինչպիսի օրհնաբեր խօսքեր կը լսես, ու անոնց աչքերուն մէջ երախտագիտութիւնը կը տեսնես, այդ զգացումը անգնահատելի է։ Ասիկա է այս ծառայութեան իրական արժէքը։

 

Հ.- Գիտենք նաեւ, որ դուք Նոր Հաճըն թաղին մէջ կուսակցական պատասխանատու ընկերներէն էք: Ինչպէ՞ս կը համադրեք ձեր հրշէջի ծառայութիւնը միութենական գործունէութեան հետ։
Պ.- Աշխատանքն ու միութենական կեանքը համադրուած են։ Թաղամասն ու կուսակցութիւնը մէկ հոգիի վրայ հիմնուած չէ: Բազմաթիւ ընկերներէս այսօր գետնի վրայ կը գործեն, ամէն մէկը գործի վրայ է եւ ինծի հետ միասին պատասխանատուութիւն ստանձնած է: Միութենական-կուսակցական առաքելութիւնն ալ ծառայութիւն մըն է, եւ հոս առիթը յարմար նկատելով կ’ուզեմ վարձքը կատար ըսել իմ բոլոր ընկերներուս, որոնք կուսակցական աշխատանքներու վրայ են յատկապէս այս դժուար օրերուն եւ պայմաններուն մէջ: Այս բոլորը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք են, եւ միասնականութիւնն է յաջողութեան գաղտնիքը։

 

Հ.- Միութենական ծառայութիւնը ի՞նչ դեր ունի երիտասարդներու դաստիարակութեան մէջ։
Պ.- Միութենական եւ կուսակցական ծառայութիւնը երիտասարդներուն մէջ կը սերմանէ պատասխանատուութեան զգացում։ Կը սորվեցնէ համերաշխութիւն, առաջնորդութիւն եւ կազմակերպուածութիւն, պատրաստելով անոնց կանգնելու ծանր մարտահրաւէրներուն դիմաց՝ նուիրումով, խիզախութեամբ եւ անկեղծ մարդասիրութեամբ։

Share66Tweet41
Previous Post

Լիբանանը Խաչմերուկի Վրայ․ Տարածաշրջանային Պատերազմներու Մէջ Կորսուած Ինքնիշխանութիւն

Next Post

Փիլիսոփայական մտրումներ (36). Ստելու Իրաւունքը

Next Post
Փիլիսոփայական մտրումներ (36). Ստելու Իրաւունքը

Փիլիսոփայական մտրումներ (36). Ստելու Իրաւունքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.