Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Բարեգործականը. Նուիրումի 120 Տարի

Ն. Ճէրէճեան

April 16, 2026
in Խմբագրական
0
Բարեգործականը. Նուիրումի 120 Տարի

Երէկ՝ 15 Ապրիլին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը նշեց իր հիմնադրութեան 120-րդ տարեդարձը՝ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած այս մեծ կառոյցին յոբելեան մը։

Այս առիթով, Բարեգործական վարժարաններուն մէջ կազմակերպուած էր ներքին մարզական ձեռնարկ մը՝ տնօրէնութեան, մարմնամարզի ուսուցչուհիին եւ ուսուցչական կազմին նախաձեռնութեամբ։ Որպէս ինքնակոչ հիւր, ականատես եղայ նախակրթարանի եւ բարձր դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած այդ տօնակատարութեան, որուն մէջ շաղախուած էին մանկական անմեղ ուրախութիւնը եւ կեանքի կենդանի շունչը։

Ինչքա՜ն կարօտցած էինք այդ զուլալ ձայները… Մանուկներու եւ պատանիներու ժպիտներն ու ճիչերը, որոնք դեռ երէկ լռած էին՝ փոխարինուելով սաւառնակներու եւ անօդաչու սարքերու սարսափազդու վռվռոցով, ռումբերու բոմբիւնով եւ փլուզուող շէնքերու դղրդիւնով։ Երէկ, մարզադաշտին վրայ, կարծես կրկին վերածնունդ ապրեցաւ կեանքը՝ խաղաղութեան եւ անձրեւէն ետք բացուող ծիածանի յոյսով։

Այս տեսարանէն իմ միտքերս թռիչք առին դէպի անցեալ՝ Միութեան հիմնադրութեան օրերը, երբ Ցեղասպանութեան նախօրէին ծնունդ առաւ այս հայաշէն մեծ կառոյցը։ Ան դարձաւ ապաստան անօթեւան որբերու, խնամք՝ տարեցներու եւ այրիներու, կեանքի նոր սկիզբ՝ հազարաւոր գաղթականներու։

Սփիւռքի տարածքին, Միութիւնը նպաստեց նոր ընտանիքներու կազմաւորման, երիտասարդներու կայացման, համայնքներու ամրապնդման։ Ան դարձաւ հայութեան հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային զարգացման անփոխարինելի հիմնասիւններէն մէկը՝ իր անսպառ նուիրումով։

Միեւնոյն ժամանակ, հայրենիքի նկատմամբ անոր ծառայութիւնը մնաց մշտարթուն։ 1920-ական թուականներուն Նոր Եդովկիա գիւղի հիմնումը, Նուպարաշէնի կառուցումը քանի մը վկայութիւններ են այդ անսակարկ նուիրումին։ Խորհրդային տարիներուն ալ Միութիւնը շարունակեց մնալ հայրենիքին օժանդակ բազուկը։

1988-ի երկրաշարժէն ետք, ան առաջին շարքերէն ներս հասաւ օգնութեան՝ դեղորայքով, սննդամթերքով, հագուստով եւ մասնագիտական աջակցութեամբ, հիմնելով նաեւ վերականգնողական բժշկական կեդրոններ։ Իսկ Հայաստանի անկախութենէն ետք, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ ընկերային բազմաբնոյթ ծրագրերով շարունակեց իր հայրենանպաստ գործունէութիւնը՝ յատկապէս Արցախի վերականգնման գործին մէջ։

Այս փառահեղ անցեալով եւ հարուստ ներկայով ՀԲԸՄ-ի 120-ամեակը առիթ է արժեւորելու ոչ միայն կառոյցին ղեկավարութիւնը եւ պատասխանատուները, այլեւ համայն հայութիւնը, որուն կեանքին մէջ այս Միութիւնը դարձած է անբաժան ուղեկից։

Եւ այսօր, մարզադաշտին մէջ, օդը արձակուած աշակերտներուն զուլալ ծիծաղները, միայն մանկութեան ուրախութիւն չէին, այլ՝ երկարամեայ նուիրումին արդիւնքը, որ նման հաստատութիւններ՝ յատկապէս ՀԲԸՄ-ը, կրցած են ապահովել սերունդներուն համար՝ կրթութիւն, դաստիարակութիւն եւ ապահով միջավայր ընծայելով։ Թող այդ ձայները այլեւս երբեք չլռեն, եւ պատերազմին աղմուկը վերջնականապէս զիջի կեանքի ու ստեղծագործութեան կանչին։

Թող շարունակուին այն օրերը, երբ հայկական դպրոցներու բակերուն մէջ կը հնչեն ոչ թէ պայթիւններ, այլ խաղի եւ ուսումի կանչեր, որոնք տարիներ շարունակ սնուցուած են ՀԲԸՄ-ի նման կառոյցներու հոգատարութեամբ։

Թող անոնք ապրին, աճին եւ ուրախ ճռուողեն խաղաղութեան հովանիին տակ՝ որպէս այն սերունդը, որ պիտի շարունակէ ՀԲԸՄ-ի ազգանպաստ առաքելութիւնը, կերտելով աւելի ամուր եւ լուսաւոր ապագայ մեր ժողովուրդին համար։

Share66Tweet42
Previous Post

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Կ’այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Next Post

Նոր Գիրքեր. «Ազատագրութիւն Եւ Յեղափոխութիւն. Քննական Փորձեր Արդի Հայոց Պատմութեան»

Next Post
Նոր Գիրքեր. «Ազատագրութիւն Եւ Յեղափոխութիւն. Քննական Փորձեր Արդի Հայոց Պատմութեան»

Նոր Գիրքեր. «Ազատագրութիւն Եւ Յեղափոխութիւն. Քննական Փորձեր Արդի Հայոց Պատմութեան»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.