Հմուտ պատմաբան եւ փորձառու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի սոյն հատորը լոյս տեսաւ վերջերս Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան Հումանիտար Հետազօտութիւններու Ինստիտուտին կողմէ: 307 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարփակէ հեղինակին 10 յօդուած-վերլուծականները, որոնք հրապարակուած են տարբեր տարիներու եւ զանազան առիթներով: Բոլորը գրուած են անգլերէն եւ այս գիրքով թարգմանուած հայերէնի (արեւելահայ տարբերակով), որուն կարեւոր տոկոսը կատարած է Յասմիկ Յարութիւնեան: Հատորին հրատարակիչ հիմնարկը իր մուտքի խօսքին մէջ կը գրէ՝ «Ժողովածուի յօդուածները փորձ են քննական հայեացքով հասկանալու արդի հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմքում ընկած քաղաքական կազմակերպութիւնների ակունքներն ու բնոյթը: Ժիրայր Լիպարիտեանի քննական հայեացքը քիչ դեր չի խաղացել առաւել երիտասարդ սերնդի սփիւռքահայ գիտական շրջանակների հետազօտական կորագիծը սահմանելու գործում: Այս իմաստով հատորը նաեւ արդի հայ պատմագրութեան հետազօտման հարուստ աղբիւր կարող է լինել»: Ապա՝ «գիտական ու պատմական տեսանկիւնից արժէքաւոր այս հատորը միաժամանակ կարելի է համարել հեղինակի հանրային-քաղաքական կեանքի մի ուրուագիծ»:
Առաջին յօդուածը (էջ 9-41) գրուած է 1983-ին, ուր հեղինակը կեդրոնացած է «ազգ» եւ «հայրենիք» եզրոյթներուն տարբերութեան վրայ՝ հայ քաղաքական մտքի պատմութեան մէջ: Կ. Պոլսոյ եւ բարեկեցիկ շրջաններու հայութեան համար շեշտուած է ազգը՝ իր կառոյցներով (եկեղեցի, պատրիարքարան, կրթական ցանց, Ազգային Սահմանադրութիւն, պետական մարմիններու հետ բնականոն շփումներ) եւ աւանդութիւններով՝ հեռու բախումնային տրամադրութիւններէ: Այս շերտը փորձած է պահպանել իր շահերն ու դիրքերը՝ առանց ծայրայեղ քայլերու, չէ տառապած քրտական եւ թրքական կամայականութիւններէ: Մինչդեռ հայութեան մեծամասնութիւնը, որ կը բնակէր գաւառներու մէջ, պապենական հողերուն վրայ, առաջնահերթ կը համարէր հայրենիքը: Հոն կը կարդանք՝ «Շատ մը ձեւերով այս հակադրութիւնը այսօր կը շարունակուի իր Սփիւռք-Հայաստան վերարտադրութեան մէջ»: Ցայտուն օրինակ է Խրիմեան Հայրիկի վարքագիծը՝ որ պատրիարքական գահին բազմած՝ իր ողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր գաւառներու ուղղութեամբ, հոն տեսնելով հայութեան զարթօնքին, յարատեւման եւ զօրացման հիմնական կռուանը: Կը գոյանայ «Հայաստանցիներ» եզրը՝ որուն պաշտպանն է Խրիմեան: Կը կարդանք կղերականներ Մաղաքիա Օրմանեանի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Արսէն Թոխմախեանի տեսակէտներուն մասին եւ ապա՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանի դերին՝ «քաղաքական եզրաբանութեան մէջ արդէն տեղաշարժ էր տեղի ունեցել»: Դիպուկ տող մը՝ «Կ. Պոլսի՝ նոր, մշակոյթով յագեցած ազգասիրութիւնը գաւառների հայրենասիրութեան աղճատումն էր»: 1981-ին գրուած երկրորդ յօդուածը (էջ 43-61) կը վերաբերի հայոց ինքնապատկերին փոփոխութեան Օսմանեան կայսրութեան շրջանին՝ թէ ինչպէս ստրուկ, ռայա հայը, աստիճանաբար ինքնագիտակցութեան գալով կը դառնայ յեղափոխական, ֆետայի, ըմբոստ եւ կը դիմէ «տեռոր»ի՝ մէջբերելով տողեր յեղափոխական երգերէ եւ նշանաւոր «Վարդապետարան»էն՝ որպէս յեղափոխութեան կոչ-հրաւէր: Հոն կը կարդանք՝ «Կուսակցութիւնները՝ սկսած Արմենականներից, յետոյ Հնչակեաններն ու Դաշնակցութիւնը, հային նոր դերակատարութիւն տուին: Մարդ դառնալու համար նա պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէր պատմութեանը»: Յաջորդ յօդուածը նուիրուած է Մկրտիչ Խրիմեանին՝ գրուած 2013-ին (էջ 63-80): Ներկայացնելով Խրիմեանի կեանքին դիպուկ փուլերը (առաջնորդ, պատրիարք, Պերլինի վեհաժողով, գրող, կաթողիկոս), կ’ընդգծէ թէ ան ինքնատիպ կերպար մըն էր, գրելով՝ «Նրա անհատականութիւնը չի տեղաւորւում պահպանողականների, ազատականների եւ արմատականների՝ դասական ու առաւել ծանօթ տեսակների մէջ»: Չորրորդը նուիրուած է Հնչակեան կուսակցութեան (էջ 82-101), որուն նախնական տարբերակը ներկայացուած է 2012-ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած կուսակցութեան 125-ամեակին առթիւ հրաւիրուած գիտաժողովին: «Գաղափարախօսութիւն եւ Իրականութիւն» խորագիրով, հեղինակը կ’անդրադառնայ գաղափարական կարգ մը հիմնախնդիրներու, մարքսիզմին, ընկերվարութեան եւ ազգային հարցերու, հոն կը գրուի՝ «ՍԴՀԿ գաղափարական առեղծուածի առանցքային կողմն այն է, որ թէեւ անհատները հրապուրուած էին սոցիալիզմով, նրանց՝ որպէս կազմակերպութեան մտահոգութեան առարկան «հայ ժողովուրդն» էր եւ ոչ Օսմանեան կայսրութեան կամ միւս հայաբնակ կայսրութիւնների բանուոր դասակարգը»: ՍԴՀԿ-եկեղեցի կապերը, Կիլիկիոյ ինքնավարութեան աքթը, Սփիւռքի պայմանները, Խ. Հայաստանի հանդէպ մօտեցումը, անկախ Հայաստանի գոյառումն ու 1991-ին վերադարձը հայրենիք կը քննարկուի թռուցիկ ակնարկով: Հինգերորդ յօդուածը (էջ 103-123) Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծննդոցին, յեղափոխական տարրերու միացման փորձերուն, կուսակցութեան երկու ծրագրերուն (1892-ի եւ 1907-ի) համեմատութիւնն ու վերլուծութիւնն է, գրուած՝ 1983-ին: Հոն քննարկուած են ազատագրումի տեսութիւնը, սոցիալիզմին որդեգրման հարցերը, ազգայինի եւ ընկերվարութեան հակադրութիւնները, օսմանեան եւ ցարական կայսրութեանց մէջ տեղի ունեցող երեւոյթները եւ այլն: Կը կարդանք՝ «Ազդակներու բազմազանութիւնը, որոնց հետ Դաշնակցութիւնը ստիպուած էր համաձայնիլ, ծնաւ ազգայնականութեան եւ ընկերվարութեան հետաքրքիր համադրութիւն մը: Կարելի է զայն նկատել իբրեւ նախատիպարը ազգային-ազատագրական շարժումներու, որոք յառաջացան Առաջին աշխարհամարտէն յետոյ աշխարհի այլ ցամաքամասերուն մէջ»:
Վեցերորդ յօդուածը (էջ 125-142) գրուած է 1978-ին: Պատմաբանը հայեացք մը նետած է ազատագրական շարժման պատմութեան վրայ՝ դեռեւս պարսկական, օսմանեան եւ ցարական կայսրութեանց շրջաններէն, Սան-Ստեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերուն, հնչակեաններու եւ դաշնակցականներու յեղափոխական ծրագրերուն, անոնց միջեւ առկայ տարբերութեանց, արեւմտահայ-արեւելահայ մօտեցումներու ակներեւ տարբերութեանց, եւրոպական ազդեցութեան հայ յեղափոխական միտքին վրայ, յեղափոխական շարժման մարտավարական եւ ռազմավարական քայլերուն եւ այլն: 2011-ին գրուած եօթներորդ յօդուածը (էջ 143-198) խորագրուած է՝ «Ինչո՞վ էին յեղափոխական օսմանեան կայսրութիւնում հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները»: Երկարաշունչ վերլուծութիւն մը ահաւասիկ՝ յեղափոխականութեան դրական եւ բացասական կողմերուն: Ժ. Լիպարիտեան կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերէն, ծրագրերէն, ղեկավարներու կեցուածքներէն քաղուածքներ կատարելով, զանոնք պատմութեան պարունակին մէջ քննարկելով, ընթերցողներուն կը ներկայացնէ անոնց դերը եւ կը գրէ՝ «Հնչակեան եւ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնների՝ հայոց կեանքում ներմուծած առաջին եւ թերեւս ամենայեղափոխական նորարարութիւնը քաղաքական կուսակցական կառուցուածքի հաստատումն էր՝ այսինքն հայ բնակչութիւնը՝ որպէս քաղաքական, եւ ոչ թէ կրօնական համայնք վերասահմանելու նրանց փորձը»: Լուսարձակի տակ կ’առնուի անոնց տարակարծութիւնները, իրարու դէմ մեղադրանքները, երիտթուրքերու հետ անոնց մօտեցումներուն տարբերութիւնները, դասակարգային պայքարի հարցը, այս առնչութեամբ ուշագրաւ դիտարկում մը՝ «Երբ քաղաքական կուսակցութիւններն իրենց խնդիրը ձեւակերպեցին որպէս աղքատների եւ տնտեսապէս վտանգուածների՝ ներառեալ գիւղացիութեան խնդիր, դրանով նրանք վերասահմանեցին նոր քաղաքական համայնքը կամ «ժողովրդին»՝ նախեւառաջ որպէս «համայնք»»: Հայկական պետութեան, ազգային հարցերու, բարենորոգչական ծրագրերու, հայկական ցանկալի ինքնավարութեան հարցերու շուրջ կուսակցութիւններու ունեցած հայեացքներուն կը ծանօթանանք սոյն շահեկան վերլուծականով:
Հանգամանալից ուսումնասիրութիւն է «Եկեղեցին եւ քաղաքական կուսակցութիւնները հայոց պատմութեան մէջ. Նշումներ» (էջ 199-267) գրութիւնը, որ գրուած է երկու փուլերով՝ 2006-ին եւ 2019-ին: Թէ ի՛նչպիսի զգայուն եւ բարդ յարաբերութիւններ ունեցած են հայ եկեղեցին եւ կուսակցութիւնները, եկեղեցին եւ պետութիւնը, հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները իրարու միջեւ, յարանուանութիւնները եւ այլ յարակից նիւթեր կը կարդացուի մեծ հետաքրքրութեամբ: Կան գործակցութեան եւ առճակատման փաստեր, ազդեցութիւններ հաստատելու բուռն մրցակցութիւններ: Պոլսոյ պատրիարքութեան, Էջմիածնի եւ Սիսի կաթողիկոսութեանց ունեցած դերակատարութիւնները, սուլթանական եւ ցարական հարկադրանքները, յեղափոխականներու ելոյթները, եւ ապա՝ սփիւռք եւ խորհրդային կարգերը, 1933-էն ԱՄՆ-ի մէջ ծայրայեղ լարուածութիւնը եկեղեցւոյ մէջ, Պաղ պատերազմին ունեցած հետեւանքները քննարկուած են կարելիին չափ անաչառօրէն: Թէ 1956-էն ետք ի՛նչպէս ատելութիւնը հասաւ գագաթնակէտին՝ երբ Անթիլիաս ինկաւ կուսակցական մենատիրութեան տակ եւ սկսաւ թեմեր խլել ամենայն հայոց կաթողիկոսութենէն մինչեւ Հայաստանի անկախութիւնն ու եկեղեցին կը քննարկուի այս բաժինով: Հեղինակը կ’եզրակացնէ խստօրէն՝ «Ի վերջոյ, ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ կուսակցութիւնները չշահեցին ազգը սահմանելու ճակատամարտը»:
Այնուհետեւ, վերջին երկու գրութիւնները կարծէք գիրքէն անջատ նիւթեր են, որոնք կը նմանին փորձառութիւններէ մեկնած մտորումներու, խորհրդածութիւններու՝ պատմութեան, դիւանագիտութեան, Հայաստանի ժամանակակից իրադարձութեանց շուրջ: Ուսանելի շատ միտքեր կան հոն՝ մերօրեայ հայ կեանքը հասկնալու համար: Առաջինը՝ ««Աղբանոցի» մօտեցում պատմութեանը եւ դրա վնասները» (էջ 269-276) գրուած 2018-ին եւ «Պատմաբանից դիւանագէտ. Պատմութիւն գրելը պատմութեան կերտմանը մասնակցելուց առաջ եւ յետոյ» (էջ 277-303) գրուած 2011/2021 թուականներուն: Առաջինով, կը մեղադրէ պատմութեան հանդէպ մակերեսային մօտեցումը եւ վերլուծելով Երրորդ Հանրապետութենէն ետք ստեղծուած վիճակը, կը ներկայացնէ թէ ի՛նչպէս խորհրդահայ պատմաբաններ յանկարծակի փոխակերպուեցան, աւանդական կուսակցութիւններ չկրցան քայլ պահել նոր կացութեան՝ «Չնայած դրան՝ այս կուսակցութիւններին ընդհանուր առմամբ չի յաջողուել ընկալել Հայաստանի ժողովրդի քաղաքական պատկերացումները»: Պատմութենէն դասեր քաղելու համար՝ պէտք է խորապէս ճանչնալ զայն եւ չսայթաքիլ նորանոր փորձութիւններու մէջ, ինչ որ պատահեցաւ անկախութեան առաջին տարիներուն արկածախնդիր մարդկանց կողմէ եւ այլն: Ժիրայր Լիպարիտեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան առաջին տարիներուն ստանձնած էր դիւանագիտական բարձր պաշտօններ՝ նախագահի աւագ խորհրդական եւ արտաքին գործերու նախարարի առաջին տեղակալ եւ այս հանգամանքէն ելած, այդ փափուկ օրերուն ունեցած է իր լուրջ ներդրումը քաղաքական-դիւանագիտական հարցերու մէջ: Այդ ծանր օրերէն արձանագրած է բաւականին հետաքրքրական դէպքեր եւ պատահարներ, որոնք կը պահանջէին իրապաշտ եւ խոհեմ մօտեցումներ: Այստեղ, շահեկան շատ միտքեր կան: Օրինակ՝ երբ 1993-ին Ղարաբաղի մէջ հայկական կողմը խոցեց իրանեան քաղաքացիական օդանաւ մը, որու հետեւանքով ինկան անմեղ զոհեր եւ իրանեան կողմին հետ պէտք էր խուսանաւել ծանրակշիռ տագնապ մը: Կամ՝ ի՛նչպէս 1994-ի Յունիսին հասած է Ճալալապատ (Աֆղանիստան), բանակցելու աֆղան մուճահիտներու ղեկավար Քալպուտտին Հեքմիթիարի հետ, որպէսզի աֆղան վարձկան մուճահիտներ դադրին Ղարաբաղ պատերազմելու գործուղուելէ եւ այլն: Շատ օգտաւէտ բաժին մըն է այս վերջին հատուածը քաղաքական-պատմական դէպքեր լաւապէս ըմբռնելու համար:
Հեղինակը բաւականին վիճայարոյց դէմք մըն է հայ քաղաքական միտքի պատմութեան մէջ, նկատի առնելով որ կը հետեւի իրապաշտ քաղաքականութեան եւ կը համարուի հաւատաւոր զինակիցներէն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, չունի աւանդական հակաթրքական ճոռոմաբանութիւն, հարցերը կը դիտէ դիւանագէտի սառն ու զուսպ դատողութեամբ, ինչ որ զինք թիրախ դարձուցած է յաճախ առաւելապաշտ եւ մեծխօսիկ գործիչներու կողմէ: Պէտք է նշել, որ գիրքին լեզուն բարդացած է թարգմանութեան ընթացքին՝ երբ անգլերէնի մանուածապատ նախադասութիւններն ու միտքերը ուզուած է համապատասխանեցնել հայերէն լեզուի նրբութիւններուն, ինչ որ կը յոգնեցնէ ընթերցողը յստակօրէն հասկնալու հեղինակին միտքն ու մեկնաբանութիւնները: Ժ. Լիպարիտեան հեղինակն է բազմաթիւ քաղաքագիտական գիրքերու, դասախօս է եւ ծանրակշիռ վերլուծաբան:
Պատմագիտական-քաղաքագիտական օգտակար հատոր մը ունինք մեր սեղանին վստահաբար:

