ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ (Գահիրէ) Հայ Ազգ. Հիմնադրամի Կոկանեան սրահին մէջ, 13 Փետրուարին, կայացած է սրահի վարչութեան կազմակերպած Got Talent մրցումը, որ «Արեւ» թերթին բնորոշումով՝ «ըստ էութեան կրկնօրինակում մըն էր աշխարհատարած նոյն մրցումի ծրագրին»։ Ձեռնարկին Ա. բաժնով բեմ բարձրացած են Բարեկենդանի առիթով ծպտուած փոքրիկներ ու պատանիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուցած է իր մարմնաւորած կերպարը։ Բ. բաժնով՝ կայացած է մրցումը, «տաղանդ»-ներ յայտնաբերելով երգի, երաժշտութեան, պարի, թատրոնի, աճպարարութեան եւ այլ մարզերու մէջ..։ Դատակազմը տեղւոյն վրայ որոշած է յաղթականները ու մրցանակներ յանձնած անոնց։
ԳԱՀԻՐԷԻ Ազգային առաջնորդարանի դիւանին հրապարակած ծանուցագրերէն կը պարզուի, թէ Փետրուար ամսուն տեղւոյն հայ գաղութը կորսնցուցեր է իր բարերարուհիներէն երկու դէմք։ Նախ մահացեր է Արաքսի-Քրիսթին Չագըճեան, որուն թաղման եկեղեցական կարգը կատարուեր է 20 Փետրուարին, Հելիոպոլսոյ Ամենայն Սրբոց ազգային գերեզմանատան մէջ։ Շաբաթ մը անց, 28 Փետրուարին, նոյն գերեզմանատան մէջ հողին յանձնուեր է մարմինը բարերարուհի Տիանա Գազանճեան-Չայլաքեանի։ Երկու ողբացեալներուն համար ալ կատարուեր է ազգային յուղարկաւորութիւն։
ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ (Գահիրէ) Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան ակումբի սրահին մէջ, 15 Փետրուարին, բեմադրուած է «Գտնուած երազ» մանկական թատերախաղը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մարիամ Կարապետեանի։ Ներկայացումին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ «Սարտարապատ» պարախումբը։

Բացման խօսք արտասանած է Կարին Կրպոյեան։ Բեմադրութեան նիւթը, մասամբ հոգեբանական ու փիլիսոփայական, հանդիսատեսին կը յղէ այն պատգամը, թէ սիրոյ միջոցաւ կարելի է յաղթահարել մարդուն յուսահատութիւնը։ Փոքրիկներու եւ պատանիներու բեմական տողանցումը, անոնց բեմական թերեւս առաջին փորձառութիւնը, խանդավառութիւն ստեղծած է հանդիսատեսներուն մօտ։
ԳԱՀԻՐԷԻ մէջ, վերջերս, լոյս տեսած է նախկին հալէպաբնակ ու այժմ Եգիպտոս հաստատուած Մարուշ Երամեանի նոր մէկ գիրքը, որ կը կրէ «Իրաւ ու սուտ, սուտ ու իրաւ զրոյցներ» խորագիրը։ Հատորը 142 էջ է։ Այստեղ, հեղինակուհին մերթ իրական ու մերթ երեւակայական զրոյցներ կը կատարէ յա՛տկապէս հայ իգական սեռի երախտաւորներու հետ, երկխօսութեան ճամբով երեւան հանելով անոնց գրական, մտաւորական կամ հանրային գործունէութեան ու վաստակին ինչ-ինչ թաքուն երեսները։

Զրուցակիցներու շարքին են Մաննիկ Պէրպէրեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Սիպիլ, Զապէլ Եսայեան, Զապէլ Պօյաճեան, Սաթենիկ Չագըր-Թօփալեան, քանդակագործուհի Այծեմնիկ Ուրարտու եւ այլն, եւ այլն։
ԳԱՀԻՐԷԻ «Ալ-Ռաուաք» հրատարակչատունէն, վերջերս, լոյս տեսած է եգիպտացի արձակագրուհի Ուլա Ապտէլ-Մոնէմի արաբերէն մէկ վէպը, որուն նիւթ ծառայած է հայ ընտանիքի մը ոդիսականը։ 328 էջանի վէպը կը կոչուի «Թաղրիպէթ ալ-տուտուկ» («Տուտուկի օտարացումը»)։ Երկը կը ներկայացնէ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայ ընտանիք մը, որ Գահիրէ հաստատուելով կը փորձէ վերականգնել ինքզինք ու երաշխիքներ փնտռել գոյատեւելու համար։

Վիշտ, կարօտ եւ յիշողութեան փոխանցում կը ջրդեղեն հայ ընտանիքին ու անոր շառաւիղներուն կեանքը Նեղոսի ափին…։ Տուտուկը վէպին մէջ խորհրդանիշն է հայու տխրութեան եւ ցաւին։
ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ (Գահիրէ) Կոկանեան սրահին մէջ, 14 Մարտին, ակումբի տիկնանց յանձնախումբը սարքած է «Մայրերու Օր»-ուան հաւաք մը, որուն նախագահած է տիկ. Ռուպինա Նորարեւեան։ Հաւաքի ընթացքին կայացած է եգիպտահայ ճարտարապետուհի դոկտ. Նայիրի Համբիկեանի մէկ դասախօսութիւնը, որ առնչուած է ճարտարապետական արուեստին։

Բանախօսուհին խօսած է եգիպտական շարք մը պատմական կառոյցներու եւ յուշակոթողներու մասին (Լիւքսոր, հին Գահիրէի թաղամասեր, հայոց եկեղեցին ու գերեզմանատունը եւ այլն), որոնց վերականգնումին ինք սատարած է անձամբ։ Դասախօսութեան աւարտին կատարուած է համադամներու եւ ճաշի սպասարկութիւն։
ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ (Գահիրէ) Կարապետ Աբիկեան Հանգստեան Տան մէջ, 15 Մարտին, Այծեմնիկ Տիկնանց Միութիւնը «Մայրերու Օր»-ուան առթիւ կազմակերպած է երգի երեկոյ մը՝ ուրախացնելու համար ծերունի ու միայնակ անբախտ մայրերը։ Այս նպատակով, հրաւիրուած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մանկական «Ծիածան» երգչախումբը (մասնակի կազմով), որ խմբավարուհի Գոհար Ղազէլեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուցած է իր երգացանկէն փունջ մը։ Իդէպ, Այծեմնիկ Տիկնանց Միութիւնը խոր արմատներ ունի եգիպտահայոց համայնքային կեանքին մէջ։ Անիկա հիմնուած է հարիւր տարի առաջ՝ 1925-ին, որպէս բարենպատակ կազմակերպութիւն։ Իրեն յանձնուած է տնօրինումը Աբիկեան Հանգստեան Տան, որ կը գործէ 1956-էն իվեր եւ որուն մասին յուզիչ պատմուածք մը ունի Վահրամ Մավեան իր «Անկապ օրագիր» հատորին մէջ…։
ԵԳԻՊՏՈՍԻ Մշակոյթի Նախարարութիւնը յայտարարած է որ արուեստագէտ-քանդակագործ Արմէն Ակոբ ընտրուած է ներկայացնելու Եգիպտոսը Վենետիկի 61-րդ արուեստի ցուցահանդէսին՝ նշանաւոր «Պիեննալէ»-ին։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի յառաջիկայ Մայիսի Բ. շաբաթը ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր։

Բնիկ եգիպտահայ Արմէն Ակոբ (Արմէն Յակոբ Կրպոյեան) ծնած է 1969-ին Գահիրէ, շրջանաւարտ է տեղւոյն Հալուան համալսարանի գեղարուեստից բաժանմունքէն, սակայն 2000 թուականէն իվեր կ՛ապրի Իտալիա, Փիեթրասանթա քաղաքը (Թոսքանա մարզ)։ Այս ընտրութեան առթիւ «Յուսաբեր»-ի մէջ լոյս ընծայուած անստորագիր յօդուած մը (20 Մարտ) նկատել կու տայ, որ Արմէն Ակոբ «կը ստեղծէ քանդակներ եւ նկարներ, որոնք կը հետազօտեն նիւթականի եւ հոգեւորի փոխյարաբերութիւնը։ …Անոր ստեղծագործութիւնները կը դառնան խորհրդածութիւններ, ժամանակի եւ գիտակցութեան արձանագրութիւններ, հոգեւոր ընթացքի արձագանգներ՝ աւելի քան ձեւի ներկայացումներ»։ Թերեւս կարելի է ըսել՝ շօշափելիի եւ անշօշափելիի միջեւ տատանող վերացական ու փիլիսոփայական արուեստ մը…։
ԳԱՀԻՐԷԻ «Ջահակիր» երկշաբաթաթերթին մէջ (26 Մարտ 2026, թիւ 2014), խմբագիր Հայկ Աւագեան ուշագրաւ գրութիւն մը ստորագրած է «Արեւմտահայերէնի սրտցաւ եւ հայրենասէր փրկիչները» խորագրեալ, փորձելով ախտորոշել Սփիւռքի մեր վարժարաններէն ներս հայերէնի ոչ-արդիւնաւէտ դասաւանդութեան դրդապատճառները։

Նիւթ մըն է այս, որուն շատ քիչեր կ՛անդրադառնան։ Հեղինակը ցաւ կը յայտնէ, որ մեր դպրոցներուն շուրջ հանրային եւ լրագրային քննարկումներ չկան։ Այսօր, կ՛ըսէ ան, եթէ պիտի խօսուի մեր դպրոցներուն մասին, պարզապէս ամավերջի հանդէսներու նկարագրութի՛ւնն է որ կը կատարուի, բացարձակապէս խուսափելով մեկնաբանելէ հայերէնի դասաւանդութեան բովանդակութիւնն ու որակը…։ Հայ մամուլը իր դերին մէջ չէ, որովհետեւ հրաժարած է հրատապ հարցեր քննարկող հարթակ մը ըլլալէ։ Որքա՜ն ճշգրիտ է պրն. Աւագեանի մատնանշումը. «Աշակերտներ հայկական դպրոց կ՛աւարտեն՝ առանց կարողութիւն ունենալու երկու բառ յստակ եւ գեղեցիկ խօսելու, ալ ո՜ւր մնաց՝ գրելու։ Որովհետեւ այդ լեզուն չկայ իրենց լսողական յիշողութեան մէջ։ Դպրոցի մէջ չեն լսած գեղեցիկ հայերէն, եւ եթէ գտնուած են մէկ-երկու հրաշալի հայերէն խօսող հայ ուսուցիչներ, անոնց ձայնը բնաւ բաւարար չէ եղած շրջապատող աղաւաղեալ աղմուկին մէջ»։ Յօդուածագրին համոզումն այն է, թէ մեր դասական-աւանդական կառոյցները (ակումբ, միութիւններ, կուսակցութիւններ…) չեն յաջողիր ու պիտի չյաջողին լուծել մեր դպրոցներու լեզուական տագնապը, քանի որ այդ նոյն կառոյցները իրե՛նք «գոյատեւումի, ինքնահաստատումի, ինքնաբացայայտումի, ինքնաբացատրութեան» խնդիրներ ունին…։ «Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնան խնդիրներ ունեցող կառոյցները ստանձնել արեւմտահայերէնի լուծումի պարտականութիւնը», հարց կու տայ ան։

