Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայրենիքը՝ Իր Սեւ Ու Ճերմակ Արանքներուն Ընդմէջէն… «Ապագան Մենք Ենք» (Ռոբ), Մինչդեռ Դո՛ւն՝ Անցեալ Ես

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

April 9, 2026
in Յօդուածներ
0
Հայրենիքը՝ Իր Սեւ Ու Ճերմակ Արանքներուն Ընդմէջէն… «Ապագան Մենք Ենք» (Ռոբ), Մինչդեռ Դո՛ւն՝ Անցեալ Ես

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական ընտրութեանց ժամկէտը կը մօտենայ (7 Յունիս 2026), իսկ կիրքերն ալ հետզհետէ կը գրգռուին, առանց այդ ալ երկիրը գտնուելով խիստ անկայուն վիճակի մը մէջ, մէկ կողմէն՝ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բռնազբօսիկութեամբ, միւս կողմէն՝ պետութիւն-եկեղեցի յամեցող լարուածութեամբ։

Բացայայտուած եւ յայտարարուած կուսակցութիւններ կամ կողմեր, արդէն բուռն կերպով լծուած են իրենց կազմակերպչական ու մրցակցական արշաւներուն, իսկ ուրիշներ՝ լռելեայն թէ երկչոտ քայլերով, կը փորձեն իրենց ընտրանքները հաշուարկել։

Ակնյայտ է, որ իշխանութիւնը՝ իր Քաղաքացիական պայմանագրութեամբ ու գլխաւորութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի, ինքզինք կը նկատէ յաղթական եւ առանց վարանելու, յականէ-անուանէ կ’արտայայտուի այդ մասին, իսկ ընդդիմութիւնը տակաւին ինքզինք չէ գտած, թէկուզեւ կը ճգնի միացեալ ուժերով հանդէս գալու, սակայն, մինչեւ օրս այդ իրագործման չէ հասած։

Անդին, միւսները տաղտղնուած ու ցիրուցանուած, չըսելու համար, անկազմակերպ ու թափթփած հոսանքի մը մէջ կը գտնուին, որուն եկած է միանալու, զարմանալ թէ չզարմանալ, երեք նախկին նախագահներու համախմբումը (անշուշտ, ոչ միասնական կարգով, այլ՝ անջատական), իսկ այլ խմբակցութիւններ եւ անկախականներ, կը դեգերին հոս ու հոն, կամ կառչելու ուրիշի մը (իմա՝ ուժեղի) կամ հանդէս գալու բախտագուշակի դերով եւ կամ իրենց «բախտ»ը ձգելով պատահականութեան եւ անորոշութեան։

Ներկայ տուեալները, սակայն, ցոյց կու տան, որ իշխանական թեւը ամէնէն ցուցանշայինն է, քանի պետական վարչամեքենայի բազմաթիւ կառոյցներն ու համակարգերը, այսպէս թէ այնպէս, կամ իր տրամադրութեան տակ է, կամ իր ազդեցութեան գօտիներուն մէջ կը գտնուին։

Ասիկա չի նշանակեր, թէ իշխանութիւնը բացարձակատիրական է, քանի այժմու երեւոյթներն ու գործօնները այնքան ալ ամբողջատիրական չեն կրնար դառնալ, եթէ «խաղաթուղթերը», յանկա՜րծ շրջուին կամ նոր եւ անակնկալ պայմաններ ստեղծուին։

Այս առումով, պէտք չէ անտեսել օտարաբնակ հայորդիներու մեծ թիւը (յատկապէս ռուսաբնակ), որ կրնայ «յեղաշրջել» որեւէ կողմի առաւելութիւնը ուրիշի հաշուոյն, սեղանը շրջելով ասոր կամ անոր գլխին, որովհետեւ իրենք զիրենք աւելի ապահով եւ զօրաւոր կարծողներ ու հաւատացողներ դուրսէն «ներգաղթած»ներու վրայ մեծ յոյսեր կապած են: Թէ անոնք ինչպէ՞ս կրնան արժեւորել ու կենդանացնել, լուրջ բայց դիւրաբեկ ենթադրութիւն ալ կրնայ ըլլալ, ինչ որ բացառուած չէ, երբ նկատի ունենանք նման հաւանականութեան մը պարագային, փխրուն ու փրփուրային… հաւաստիքներն ալ, իրենց ուռուցիկ ու թռուցիկ դիտաւորութիւններով։

Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, իմ կարծիքով, նման որակում մը իսկ տալը անոր ոչ միայն ճիշդ չէ, այլեւ՝ անհեթեթ, որովհետեւ ոչ մէկ ձեւով ինքզինք արդարացուց կամ դարձաւ իսկական համախումբ ճակատ մը, որուն որպէս արդիւնք, ան դարձաւ անվստահելի եւ ապառողջ, քանի յոյս դնելը կամ անոր ապաւինիլը ոչ մէկ երաշխիքի արժանի է։

Երեւակայել, որ ընդդիմութեան սկզբնական շրջանի շարժումները կը հաշւուէին մինչեւ տասը հազար եւ աւելի, երբ հետզհետէ բոլորին համար պարզ դարձաւ, որ անիկա իրենց երազածը չէ, այլ աւելին, մեծ յուսախաբութիւն ապրեցան։

Այսօր, այդ ընդդիմութենէն մնացած է ափ մը հետեւորդներ, որոնք խարխափումի ու վարանումի մէջ կը ծփան, չգտնելով իրենց իսկական տեղն ու դերը, իսկ այժմ, ամէն գնով, կը փնտռեն ուժեղ զօրակիցներ, անոնց հետ միանալու կամ յենելու եւ այդ մեկնարկով ճամբայ ելլելու։

Վստահաբար, այդ մակընթացութեան մէջ ամէնէն «անբախտ»ն ու «անտէր»ն է Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ կ’ապրի ահաւոր սարսափ ու մտահոգութիւն, տեսնելով այն «անապատութիւնը», որ կը սպառնայ իր գոյութեան դէպի Ազգային ժողով արշաւելու իր հեւքին մէջ, որովհետեւ ցարդ արձանագրուած վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ իր կարելիութիւնները երբեք յուսադրական ու քաջալերական չեն։

Աւելի քան պարզ եւ յստակ է, թէ ինչո՞ւ ան գործընկեր գերադասեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը, որ կը գլխաւորէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, առանց լրջօրէն մտածելու, որ ընտրուած ուղին թէ՛ անճիշդ է, թէ՛ խաբուսիկ, թէ՛ հպանցիկ, թէ՛ անիրատեսական, թէ՛ կասկածելիական։

Վերջին հաշուով, ՀՅԴ-ն, եթէ ինքզինք կը նկատէ փորձառական հնարքներով, խոհուն հասկացողութիւններով ու ճկուն յարաբերութիւններով օժտուած կազմակերպութիւն, նոյնիսկ նման բարդ, խճճուած ու թեժ պայմաններու մէջ, ո՛չ օրին, ո՛չ հետագային, ո՛չ ալ ներկայիս կրցաւ ինքզինք հեռու պահել այն որոգայթներէն, զառիթափներէն ու վերիվայրումներէն, որոնք կը վխտային (ու կը վխտան) շուրջը։

Պատահակա՞ն է, որ այսօր ան կը գտնուի նման անել կացութեան մը առջեւ ու կը գտնուի ոչ-բարեյոյս հարթակի մը վրայ, հետեւաբար, արդեօ՞ք Քոչարեանի նման լարախաղաց մը, խաչագող մը կամ բռնատէր մը կրնա՞յ դաշնակից ունենալ, երբ իր դիմաց յայտնուած է անսահման եւ անչափելի (ան)բարեմասնութիւններով համալրուած վիշապ մը, որ ո՛չ խնայած էր Ղարաբաղը (արդեօ՞ք իր ծննդավայր-հայրենիքը), իսկ Հայաստանը իրեն համար դարձուցած իր իսկական «կթան կուլ»-ի անսպառ աղբիւր մը։

Չենք գիտեր, թէ նման գործընկերութիւն-դաշինք մը ո՞րքանով կը ծառայէ որեւէ կողմի (բայց, ի միջի այլոց, շա՛տ լաւ գիտենք), հետեւաբար, ինչո՞ւ այս շուտիկութիւնը, ապիկարութիւնն ու խաղքութիւնը, երբ դիմացը գտնուող անուղղան ծանօթ է իր շահագործութիւններով, զեխութիւններով, թալանումներով եւ ոճրային աճպարարութիւններով։

Ո՛չ միայն հետաքրքրական, այլեւ հիմնովին անմիջական հարցադրում մըն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ, թէ նման (ան)արժանիքներով, իրաւասութիւններով, (ան)պիտանիութիւննեով եւ զսպելիութիւններով ՀՐԷՇ մը, ինչպէ՞ս կը պահուի Հայաստանի մէջ, որպէսզի շարունակէ՞ հայաթափել Հայաստանը, խոցոտել հայրենիքը, հարստահարել ժողովուրդը, տեղահանել հայաստանաբնակները, պատուազրկել հայութիւնը, յետոյ ալ հանդէս գայ անճոռնի եւ անպատկառ լոզունգներով ու հասցէագրումներով։

Այն տեսարանը, որ իր տգեղութեամբ, անհանդուրժողութեամբ, տխրահռչակութեամբ ու տխեղծութեամբ պարզուեցաւ «Կարէն Դեմիրճեան» համալիրին մէջ, միայն նոզկանք, զզուանք եւ անարգանք էր, այնքան ատեն, որ անոր կազմակերպիչները երկրորդ նախագահ մը ընդունեցին զանազան կեղծապարիր ծափերով, բացագանչութիւններով եւ յոտընկայս դերասանութիւններով, ի՞նչ ցուցադրելու եւ ի՞նչ ապացուցելու, թէ՝ անկախ Հայաստանի մը համար նման թալանչի մը կը պատուէք եւ դո՛ւք, հո՛ն հաւաքուածներդ, տակաւին երէկ, ի՜նչ անէծքներով կը յիշէիք նման մարդակուլի մը ու հայրենակուլի մը… ուրուականախառն կերպարը։

***

Ես անձնապէս, միշտ մօտէն հետեւած եմ այս Ռոբ կոչուած հերձուածի գործունէութեան, իր վարչական, պետական, քաղաքական ու հայրենական զանազան դրուածքներով ու դրուագներով, որոնք միշտ ալ զիս չեն համոզած, վստահեցուցած ու հանգստացուցած, թէ ան, իրօք, մաքուր եւ անաղարտ, ուղղամիտ ու լրջամիտ անձ մըն է, ալ ո՜ւր մնաց որ ան դառնար հայրենիքին, Հայաստանի նախագահը, ուր իրեն համար բացուեցան թալանչիական, վրէժխնդրական, հալածական, անմարդկայնական, անհայրենական մահացու դժոխքի մը լայնահունչ դռներ եւ դաշտեր, խրամատներ ու ճամբարներ, որոնք ո՛չ ստալինեան ո՛չ հիթլերեան շրջաններուն արձանագրուած էին։

Սակայն, անմարդկային լղրճուկ-խամաճիկը կրցաւ ամէնուրեք թիավարել ու ճողոպրել իր ամբողջական չարագործութեամբ, ստորութեամբ ու համարձակութեամբ, Հայաստանը ու հայ ժողովուրդը քամելով ու ճզմելով, որովհետեւ իր մօտ չկար հայազգայութեան զգացում, հայրենասիրութեան խիղճ ու հայապատկանութեան վեհանձնութիւն։

Ուրկէ՞ այդ վսեմագոյն առաքինութիւնները, մարդկայնական արժանիքները, երբ անիկա, եթէ ունենար նուազագոյն գիտակցութիւն մը, ինք եւ իր միւս «հայրենակից»ը (Սերժ Սարգիսեան), ամէն մէկը տասական տարիով իշխեցին, ծծեցին, լափեցին եւ յափշտակեցին Հայաստանը եւ տակաւին, առանց խպնելու (ասիկա տակաւին փո՜քր ածականութիւն մըն է) ո՛չ վերադարձան իրենց «հայրենիք» Արցախը, ոչ անոր զօրավիգ կանգնեցան, ոչ ալ ընդունեցին… որ անիկա իրենց ծննդավայրն է։

Ընդհակառակը, հայրենիքը՝ ուղղակիօրէն, իսկ Արցախը՝ հեռահասօրէն, թալանեցին ու պղծեցին, ստրկացուցին եւ արիւնաքամեցին, մերթ իրենց անմիջական գերակայութեամբ, մերթ իրենց բռնապետութեամբ։

Անձս, որպէս լաւատեղեակ ու հետեւողական այդ բոլոր զարտուղիութիւններուն ու խարդախութիւններուն, միշտ ալ բարձրաձայնած եմ, թէ նման թափանցիկութեամբ ու հայելիութեամբ գործողութիւնները, երբ բեմերուն ու հարթակներուն վրայ են իրենց տեսանելիութիւններով եւ աչքածակութիւններով, ինչո՞ւ ամէն ոք, պետութիւն, իշխանութիւն, հասարակութիւն ու ժողովուրդ, բոլորն ալ լուռ մնացին, չէ՞ որ թալանչիները ձեր աչքին առջեւն էին, ձեր իրաւունքները խլած, ձեր արժանապատուութիւնները ոտնակոխած։

Այս բոլորը տեսաք, ապրեցաք ու համտեսեցիք, ձեր ընտանիքներէն բաժնուեցաք, արտագաղթուեցան շատեր եւ հազարումէկ տեսակ աղէտներու եւ հալածանքներու ենթարկուեցաք, իսկ այդ բոլորը բաւարար չէի՞ն, որ հաստատուն տեղ մը ըսէիք ու բղաւէիք. «Ա՛լ կը բաւէ, հերիք ու պոլ եղաւ, թշուառականներ ու թուլամորթներ»։

Բայց, դուք այս սաստող քայլերուն չդիմեցիք, ընդհակառակը, ձեզմէ շատեր շարք կազմեցին, հերթագրուեցան, փոխան կաշառային գումարներու, որպէսզի արգահատելի մը դարձեալ փառաբանեն, մինչ անիկա, բեմին վրայ, վայրագային պոռթկումով, փորձեց ամէն ինչ մրոտել ու սեւացնել իր թունաւոր լեզուով, ծուռ ծնօտով եւ անտաշ հայերէնով, ներկաներուն բուռն- բայց անարժէք ծափողջոյններուն տակ, իսկ խնդրայարոյց պատգամաւորուհին՝ Աննա Գրիգորեանը, ինքզինք նկատելով անփոխարինելի մը ու (միգուցէ) վաղուան կառավարութեան մէջ նախարարուհի մը, գովքը հիւսեց իր «շեֆ»-ին եւ Հայաստանը փրկելու անմիտ եւ անախորժ ձաբռտուքներ դուրս տուաւ։

Այս գրառումները ոչ թէ ոեւէ մէկը վիրաւորելու համար է, այլ՝ բազմիցս կրկնելու, խլացնելու աստիճան, փորձուած աղուէսը ոչ կը պաշտպանուի, ոչ ալ կը խնամուի, այլ՝ զայն կը վանեն, կը հեռացնեն, մինչեւ Յունաստանի իր կղզիին որջը, կղզի մը, որ ինչպէս իր միւս գոյքերն ու կալուածները, այն ալ ապօրինի ու խարդավարի միջոցներով սեփականացուած ըլլալով։

Մաղթելի է, որ այս եւ իր նմանները, հիմնապէս ու վերջնականապէս մեկուսացուին ու դատուին, արագօրէն եւ արդարօրէն, իրենց տեղ ընտրելով իսկական արժանաւորներ, որոնց այնքան պէտք ունին Հայրենիքը ու հայ ժողովուրդը։

Առ այդ, յիշել պէտք է Ռոբին մէկ զրնգուն զաւեշտախօսութիւնը. «Ապագան մենք ենք», մինչդեռ ինք եւ իր նմանները, վաղո՜ւց դատապարտուած են դառնալու ԱՆՑԵԱԼ։

Share63Tweet39
Previous Post

Ձայներ Գահիրէէն (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Next Post

Թոլսթոյէն Մինչեւ Խաչ՝ Յարութեան Պարգեւած Խաղաղութիւնը

Next Post
Թոլսթոյէն Մինչեւ Խաչ՝ Յարութեան Պարգեւած Խաղաղութիւնը

Թոլսթոյէն Մինչեւ Խաչ՝ Յարութեան Պարգեւած Խաղաղութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.