Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոն

April 9, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոն

Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ հետեւողական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամներ ընկ. Տիգրան Միհրանեան եւ ընկ. Միհրան Շահինեան կուսակցութեան Նոր Հաճնոյ կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեցին Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան (ԸՅԿ) Պէյրութի շրջանի պատասխանատու Ուալիտ Աքըլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ «Ժիրայր Մուրատ» եւ «Աղասի» մասնաճիւղերու ատենապետներուն եւ փոխատենապետներուն:

Ժողովականները քննարկեցին երկրին մէջ տիրող պատերազմական վիճակը եւ անոր քաղաքական, ապահովական ու ընկերատնտեսական հետեւանքները: Յատուկ անդրադարձ եղաւ ռազմական գործողութիւններու ականատես դարձող շրջաններէն տեղահանուած քաղաքացիներու հոսքին, Պէյրութի մէջ անոնց թիւին սրընթաց աճին եւ ժամանակաւոր կեցավայրերու անբաւարարութեան ու անպատրաստ վիճակին:

Անդրադառնալով ապահովական լարուած մթնոլորտին, ժողովականները անհրաժեշտ համարեցին իրավիճակի անյապաղ հանդարտեցումը՝ կանխելու համար ներքին որեւէ խնդիրի բռնկում: Ի տես լիբանանցիներուն դիմագրաւած իրարայաջորդ ճգնաժամերուն, ՍԴՀԿ-ի եւ ԸՅԿ-ի պատուիրակութիւնները քննարկեցին Պէյրութի բնակչութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր լիբանանցիներուն առջեւ ցցուած ընկերային եւ տնտեսական մտահոգիչ ճգնաժամերը, շեշտելով որ այս անախորժ կացութեան վերջ դնելու համար անհրաժեշտ է կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու համատեղ աշխատանքը՝ պետական հաստատութիւններու հովանիին տակ, միշտ առաջնահերթ համարելով լիբանանցիներու շահերուն երաշխաւորումը:

Share65Tweet41
Previous Post

Յարութեան Յաղթանակը

Next Post

Ձայներ Գահիրէէն (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Գահիրէէն (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Ձայներ Գահիրէէն (արձագանգ եգիպտահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.