Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յարութեան Յաղթանակը

ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահի Տեղապահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի Պատգամը

April 9, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Յարութեան Յաղթանակը

Մարդկային պատմութիւնը ամբողջապէս պայքար է մեղքի եւ շնորհքի միջեւ, իսկ Քրիստոսի յարութեան իրականութիւնը Աստուծոյ վճռական ներգրաւումն է, վերջին խօսքն է այդ բոլորին մէջ:

Մեղքի սահմանումներէն մին կը կարդանք Ա. Յովհաննու 2.16-17-ի մէջ` բացատրուած եռակողմ պատկերով. «Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը, ու աչքերու ցանկութիւնը, եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ հապա այս աշխարհէն է: Աշխարհս ալ կ՛անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ, բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ:

Աստուծմէ հեռացած էակը մարմնաւոր ցանկութիւններու, աչքի շլացումներու եւ ամբարտաւանութեամբ բռնկած ընթացքի մէջ կը խեղդուի, մեղքի մէջ, տեսակ-տեսակ մահացու վիճակներու մէջ: Անձնական թէ հանրային կեանքի մէջ մեղքը կը տիրէ հոն, ուր Աստուծոյ շնորհալի ներկայութիւնը բացակայ է: Ահա թէ ինչու կայ նիւթական աշխարհապաշտութիւն, կեանք մաշեցնող նախանձ, բռնութիւն, պատերազմ, հոգեմտաւոր թէ մարմնաւոր օրինազանցութիւն, անիրաւութիւն, մինչեւ իսկ գոյութենական յուսահատութիւն՝ կեանքէն, անձէն, իմաստներէն: Մեղքի մէջ կրնայ ապրիլ անձ մը, հաւաքականութիւն մը, տիրութիւն մը, նոյնիսկ «քաղաքակրթութիւն» մը:

Այդ բոլորէն վեր ու վեհ, կայ աստուածային շնորհքը, այսինքն՝ Աստուծոյ ազատօրէն պարգեւած սէրը մեզի՝ անարժաններուս: Շնորհք՝ որ կը փրկէ մեղքէ, կը յուսադրէ, կը նորոգէ եւ կը փոխակերպէ մարդը։ Շնորհքի ընթացքը մեզ կ՛առաջնորդէ խաչէն դէպի կեանք: Այդ անսահման շնորհքին անունը ՔՐԻՍՏՈՍ է՝ խաչեալ եւ յարուցեալ Տէր, իսկ շնորհքի հոգին՝ ՍԷՐ աստուածային:

Խաչեալ Յիսուսի յարութեամբ՝ Աստուած արդարացուց մարդը եւ բարձրացուց զայն մեղքի տիղմէն: Դատարկ գերեզմանը հրապարակային նշան մըն էր, որ կը խօսէր ոչ միայն անձնական հաւատքի, այլ նաեւ կեանքի ամբողջական շրջման մասին: Երբ մահը կը սպառնայ, յարութիւնը պատասխան կու տայ: Երբ կիրքը կը տարածուի, Սուրբ Հոգին կը բուժէ: Երբ բռնութիւնը կը քանդէ, թողութիւնը կը կանգնեցնէ: Երբ ցանկութիւնը կը շրջապատէ, Յիսուսի բոյրը կ՛ամոքէ: Վախի մատնուածներուն միջեւ կանգնած՝ Յարուցեալ Քրիստոսը «Խաղաղութիւն ձեզի» ողջոյնով կը մխիթարէ:

Պատերազմով, տեղահանութեամբ, սպաննութեամբ եւ անորոշութեամբ պայմանաւորուած մեր ժամանակներուն մէջ, Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կը ներկայացնէ յաւիտենական յոյս մը, որ կը դրժէ թէ՛ միամիտ լաւատեսութիւնը, թէ՛ կաշկանդող յուսահատութիւնը։ Յարութեան պատգամով Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ հոգալու, կառուցելու, պահելու մարդոց արժանապատուութիւնը, առաքելութեան հոգիով գործելու Աստուծոյ մնայուն թագաւորութեան համար: Իսկական տէրը Յարուցեալն ու յարուցանողն է, ո՛չ դատապարտող մեղքը:

Այսպէս, յարութիւնը կը դառնայ խիզախութեան հրաւէր մը, նուիրում աստուածատուր կեանքի՝ մահուան փոխարէն, արդարութեամբ ամրապնդուած խաղաղութիւն՝ խռովութեան փոխարէն, խղճի հանգստութիւն՝ անձկութեան փոխարէն, հոգեւոր բաղձանք՝ մարմնաւոր ցանկութեան փոխարէն, Քրիստոսակերտ սէր՝ պայմանաւոր ազնուութեան փոխարէն, արդար յանձնառութիւն՝ զինադադարի փոխարէն:

Այս յոյսին մէջ, շնորհքը վերջնականապէս կը յաղթէ մեղքին, եւ կեանքը կը յաղթէ մահուան: Այդ հաւատքով ապրելու հրաւիրուած ենք բոլորս:

Յովհաննու 11.25 «Յիսուս ըսաւ անոր. Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի, պիտի ապրի»:

Share64Tweet40
Previous Post

«Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Յաղթանակդ. Ո՛վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Խայթոցդ…».

Next Post

Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոն

Next Post
Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոն

Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ'այցելէ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.