Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Յաղթանակդ. Ո՛վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Խայթոցդ…».

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին Պատգամը

April 9, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
«Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Յաղթանակդ. Ո՛վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Խայթոցդ…».

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Ահա Աւագ շաբաթն անցաւ Աստուծոյ Միածին Որդիին` մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն, որոնց պատմական դէպքերուն լրումը տեղի ունեցաւ, երբ Ան բարձրացաւ խաչափայտին` նախատինքի խաչափայտին վրայ, որ Անոր արիւնով փոխուեցաւ փառքի եւ փրկութեան խաչափայտին:

Մինչ բազմութիւնը, որ Խաչակրողին ընկերացաւ մինչեւ Գողգոթա, վերադարձաւ իր կեանքին, գործերուն եւ ամէնօրեայ հոգերուն, կարծես բան մը պատահած չէր, անտարբեր դառնալով փրկագործութեան խորհուրդին, որ կատարուեցաւ անոնց աչքերուն առջեւ:

Նոյնպէս ալ մեզի, որ մասնակցեցանք Աւագ Ուրբաթի Տէր Յիսուսի «թաղման կարգ»-ին, կրնայ պատահիլ, երբ անոր ընթացքին մեզմէ ոմանք մասնակցեցան բարեպաշտութեամբ ու աղօթքով, իսկ ուրիշներ վարուեցան անոր հետ, կարծես պարզապէս առիթ կամ տօն էր լոկ, որ չունի հոգեւոր իմաստ…

Այո՛, անցան այդ ծանր օրերը, որոնք լեցուն էին տանջանքով, զրկանքով, ցաւով ու տխրութեամբ: Մնաց միայն անոնց յիշատակը, Գողգոթայի յիշատակը, որ նախատինքի բլուրն էր, եւ սակայն հաւատքով դարձաւ սիրոյ ու փառքի գագաթը:

Ի հեճուկս այն բոլոր զգացումներուն, տրտմութեան եւ խոհերուն, որոնք ապրեցանք ծիսական արարողութիւններուն ընթացքին, միշտ կայ հաստատուն հաւատքի հիմնական ճշմարտութիւնը, որ երբեք չի փոխուիր, թէ Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, մահը իր մահով ոտնակոխեց ու մեզի նոր կեանք պարգեւեց:

Ուստի, մենք ցնծագին կը բացագանչենք Ս. Պօղոս առաքեալին հետ. «Մահն ընկղմեցաւ յաղթութեան մէջ. ո՜վ մահ, ո՞ւր է յաղթանակդ, ո՜վ մահ, ո՞ւր է քու խայթոցդ» (1Կոր. 15,55):

Ստուգիւ, յարուցեալ Տէրը մեզի նոր կեանք տուաւ, կեանք մը` ազատ մեղքի ստրկութենէն ու յաւիտենական մահուան շղթաներէն:

Ա՛յս է փրկագործութեան իսկական պատկերը, որ մեզի տուաւ մեր Փրկիչը, ոչ միայն իր տառապանքներով, այլ նաեւ իր անսահման սիրով, որ իր գագաթնակէտին հասաւ խաչին վրայ:

Այ՛ս է պտուղը Յիսուսի խօսքին, որ ըսաւ իր աշակերտներուն` հրաժեշտի պահուն, վերնատան մէջ. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել իր բարեկամներուն համար» (Յվհ. 15,13):

Այո՛, ասիկա զենիթն է սիրոյ, զոհողութեան, ինքնանուիրումի եւ զոհաբերութեան:

Ուստի, մենք ալ, որքան ալ դժուարութիւններով ծանրաբեռնուինք եւ որքան ալ պատերազմները սաստկանան, անարդարութիւնը շատնայ եւ անմեղները իյնան, մենք կոչուած ենք յարութեան:

Յարութի՛ւն` անտարբերութենէն:
Յարութի՛ւն` յուսահատութենէն:
Յարութի՛ւն` բարոյական եւ հոգեւոր մահէն:
Յարութի՛ւն` Փրկիչ Յիսուսի օրինակով:

Սիրելինե՛ր, Քրիստոսի յարութեան վրայ կանգնած մեր հաւատքի խորքէն, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք այսօր Լիբանանի յարութեան համար:

Կ՛աղօթենք, որ Լիբանան վերականգնի իր կուտակուած ճգնաժամերէն ու վերականգնի դաժան պատերազմներէն:

Ազատագրուի՜ ուրիշներու հակամարտութիւններէն իր հողին վրայ:

Շրջանցէ՜ իր բաժանումները, որոնք զայն տկարացուցին, որպէսզի վերստին դառնայ ինքնիշխա՛ն, ազա՛տ, արդա՛ր եւ հզօ՛ր պետութիւն մը, որ կը պահպանէ իր բոլոր զաւակներուն արժանապատուութիւնը, առանց խտրութեան:

Երբ «Լիբանան» անունը կ՛արտասանենք, կ՛ուզենք արտայայտուիլ աշխարհագրական միջավայրի մը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը մասին, որ կ՛ապրի այս օրհնեալ հողին վրայ:

«Լիբանան» ըսելով` կ՛ուզենք իմանալ առաքելութեան Լիբանանը, իր բազմազանութեան մէջ միասին ապրելու Լիբանանը, չէզոքութեան Լիբանանը, որ կը պաշտպանէ զայն առանցքներու ճակատումներէն, եւ այն Լիբանանը, որ պատերազմներու թատերաբեմ չըլլայ, այլ` արդարութեան ու խաղաղութեան օրրանը:

Այն Լիբանանը, որ կը կառավարուի իր օրինական հաստատութիւններով, պաշտպանուած իր սահմանադրութեամբ, իր բանակով եւ օրէնքին գերիշխանութեամբ:

Լիբանան կոչուած է, այսօր, աւելի քան երբեք, ապրելու Յարութեան իսկական իմաստը`

դուրս գալով իր ճգնաժամերու գերեզմանէն, տապալելով բաժանումին քարը իր ապագային վրայէն, վերականգնելով հանդիպումի ու երկխօսութեան երկիր ըլլալու իր առաքելութիւնը,

եւ վերադառնալով ազատութեան ու արժանապատուութեան լուսարձակը Միջին Արեւելքի մէջ:

Հետեւաբար, մենք` իբրեւ հրաշափառ Յարութեան զաւակներ, հրաւիրուած ենք Քրիստոսի հետ յարութիւն առնելու եւ մեր հոգեւոր մահէն վեր կանգնելու, որովհետեւ Յիսուսի Յարութիւնը պատմական դէպք մը չէ լոկ, որ կը տօնենք, այլ նաեւ նոր կեանք մը, որ կ՛ապրինք ամէն օր յարուցեալ Քրիստոսի շնորհքով:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:

Share64Tweet40
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Պատգամը

Next Post

Յարութեան Յաղթանակը

Next Post
Յարութեան Յաղթանակը

Յարութեան Յաղթանակը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.