Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ապտիւլ Համիտի Մասին Իրանեան Մօտեցում Մը (2)

Յարութիւն Իսկահատեան

April 4, 2026
in Յօդուածներ
0
Ապտիւլ Համիտի Մասին Իրանեան Մօտեցում Մը (2)

Էմմա Բեգիջանեան, քաղելով հեղինակ Քաւուսիի ներածականէն, կը փոխանցէ Ապտիւլ Համիտի մասին անոր տպաւորութիւններն ու արժեւորումը: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ միապետը իր կեանքի, ստացուածքներու եւ Օսմանեան պետութեան նահանգներուն մէջ ապստամբութիւններու վախէն մղուած, ամբողջ ոյժը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էր ու հետեւաբար երկրին մէջ կը տիրէր ահ ու սարսափի մթնոլորտ: Ան լրտեսական համակարգը ընդլայնած էր անհամեմատօրէն եւ բացարձակ բռնապետութեամբ կ՛իշխէր: Երկրին բնակչութիւնը իշխանութեան դէմ ատելութեամբ լեցուած էր: Ապահովութիւնը խախտած էր եւ ոեւէ մէկը միւսին վրայ վստահութիւն չունէր:

Յիշելէ ետք սուլթան Ապտիւլ Ազիզի օրերուն մէկ կողմէ թուրքերու եւ քիւրտերու, իսկ միւս կողմէ հայերու միջեւ յարաբերական հանդարտութիւնը, երբ Ապտիւլ Ազիզ 1863-ին հայոց սահմանափակ ազատութիւն շնորհեց օտար պետութիւններու ճնշումին իբրեւ արդիւնք, Քաւուսի կը նկարագրէ Ապտիւլ Համիտի վատ վարուելակերպը հայոց հանդէպ, զայն վերագրելով Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի ու Ռուսիոյ միջեւ տարակարծութիւններուն: Ֆրանսացի հեղինակը կ՛ըսէ. «Մեծ պետութիւններու Օսմանեան պետութեան նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան առաջին զոհը հայ ժողովուրդն էր, որը տարիներ ի վեր ձգտում եւ սպասում էր անկախութեան» (էջ 8):

Ապտիւլ Համիտ իր գահակալութեան առաջին տարիները հայեր նշանակած էր պետական բազմաթիւ բարձր պաշտօններու: Հետեւաբար, արդէն 1890-ին հայերը մեծ հեղինակութիւն եւ ազդեցութիւն ունէին Օսմանեան պետութեան մէջ, ըստ Քաւուսիի: Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերը Ապտիւլ Համիտը ստիպած էին հայոց վիճակը բարելաւելու: Քաւուսի կ՛ըսէ, թէ երբ Ռուսիա տեսաւ որ չի կրնար Օսմանեան պետութեան մէջ բնակող հայերուն վրայ ազդեցութիւն ունենալ, զանոնք ռուսացնելու նպատակով, ան գրգռեց Օսմանեան պետութիւնը եւ քաջալերեց զայն հակահայկական գործունէութիւն տանելու: Հայերը կառչեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ յուսացին որ անգլիացիները կ՛օգնեն իրենց յեղափոխական գործունէութիւն տանելու՝ նպատակ ունենալով անկախութիւնը: Սուլթանը այս բոլորէն տեղեակ, հայերը բնաջնջելու ծրագիր յղացաւ եւ սկսաւ զանոնք հալածել: Ան օսմանեան բանակին ծառայող քիւրտերը համախմբեց եւ յանձնարարեց անոնց հալածելու հայերը: Թուրք եւ քիւրտ վոհմակները 1894-ի աշնան գործի անցան Սասունի, Բաղէշի եւ Տիգրանակերտի հայոց դէմ: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ, հայերը կոտորելու բաւարար ժամանակ շահելու համար, բողոքող եւրոպացիներուն առաջարկեց ջարդերը ուսումնասիրող յանձնաժողով ստեղծել: Քանի որ Ռուսիա եւ Մեծ Բրիտանիա խոր տարակարծութիւններ ունէին, այդ գործը ձախողեցաւ եւ մութ անկիւններու մէջ օսմանցիներու փափաքով ու ջանքերով հայոց կոտորածները «ներկայացուեցան իբրեւ թէ հայերն իրե՛նք են մեղաւոր ջարդերու համար» (էջ 10): Այս հարցին մասին Էմմա Բեգիջանեան կ՛ըսէ. «Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի օրօք հայոց ջարդերի պատասխանատուութիւնը, ըստ Քաւուսիի, եւրոպական մեծ տէրութիւններինն է, մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանինը» (էջ 10):

Ըստ եւրոպական պետութեանց սեփական շահերուն, անոնք մերթ կը պահանջէին սուլթանէն բարելաւել հայոց վիճակը եւ մերթ կը լքէին հայերը իրենց բախտին: Էմմա Բեգիջանեան ասոր մասին օրինակ մը ներկայացնելով կ՛ըսէ, թէ երբ անգլիական նաւերը Սեւ ծով մտած էին, Գերմանիա Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմի մը հեռանկարը տեսած էր եւ կը պատրաստուէր օգտուիելու այդ իրավիճակէն: Ֆրանսա, նոյն այդ կացութենէն դժգոհ ըլլալով, սուլթան Ապտիւլ Համիտէն կը պահանջէ որոշ բարեփոխութիւններ կատարել յօգուտ հայոց:

Էմմա Բեգիջանեան կը նարկայացնէ Քաւուսիի եզրակացութիւնը. «Ապտիւլ Համիտի ոչ-ճիշդ քաղաքականութիւնն անկման հասցրեց Օսմանեան կայսրութիւնը: Քաւուսին ներկայացնում է նաեւ երիտթուրքերին, որոնք սուլթանին հարկադրեցին հեռանալ գահից» (էջ 11):

Պատմաբան Քաւուսի Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութեան գլուխ հասնելու պարագան եւ Թրքական Հանրապետութեան հիմնադրումը դրական ձեւով կը ներկայացնէ, կ՛ըսէ Բեգիջանեան, աւելցնելով որ «հակառակ դէպքում կը հարուածէր թուրք-իրանական փոխյարաբերութիւններին» (էջ 12): Այս եւ նման պարագաներու համար Էմմա Բեգիջանեան կ՛եզրակացնէ. «Այլ կերպ ասած՝ բոլորը մշտապէս իրաւացիօրէն գրում եւ քաղաքականութիւն են վարում յօգուտ սեփական շահերի, ասել է թէ՝ հայերը սեփական ոյժից զատ եւ ոչ մէկի վրայ չպէտք է յոյս դնեն» (էջ 12):

(Վերջ)

Share63Tweet39
Previous Post

Թատրոն Եւ Առասպել

Next Post

Լուրեր. 9 Ապրիլ 2026

Next Post
Լուրեր. 9 Ապրիլ 2026

Լուրեր. 9 Ապրիլ 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.