ԼԻԲԱՆԱՆ ԶՐԿՈՒԱԾ Է ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԷՆ
Մինչ գործադրութեան կը դրուէր իրանեան ու ամերիկեան-իսրայէլեան կողմերուն միջեւ յայտարարուած զինադադարը, իրավիճակը աւելի վատթարացաւ նշեալ ուժերուն միջեւ տարածաշրջանային պատերազմի գլխաւոր զոհերէն լիբանանցիներուն համար: Իրանցի պատասխանատուներ շեշտեցին, որ զինադադարը կը ներառէ «դիմադրութեան միւս ճակատները եւս, ներառեալ Լիբանանը», իսրայէլացի պաշտօնատարներ պնդեցին, որ Հըզպալլայի դէմ գործողութիւնները պիտի չդադրին: Նշեալ սպառնալիքը երէկ արեւածագի ժամերէն սկսեալ գործադրուեցաւ գետնի վրայ եւ իսրայէլեան օդուժը ժամեր շարունակ հարիւրաւոր թիրախներ ռմբակոծեց բազմաթիւ շրջաններու մէջ, ռազմական գործողութիւններու սովորական թատերաբեմին կողքին: Հրթիռներուն առիւծի բաժինը հասաւ մայրաքաղաք Պէյրութի վարչական շրջաններուն՝ ներառեալ Պաշուրա, Պասթա, Այն Մրէյսէ, Ռաս Պէյրութ, Մազրաա, Մանարա, Մսայթպէ թաղամասերը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Ալէյ գաւառի շարք մը գիւղերուն: Բազմաթիւ թիրախներ ռմբակոծուեցան նաեւ հարաւի եւ Պեքաայի մէջ՝ հասնելով մինչեւ Հըրմէլ: Կարմիր խաչը յայտարարեց, թէ այս ցարդ ամէնէն լայրածաւալ յարձակումը պատճառած է 254 մահ եւ աւելի քան 1165 վիրաւոր, քաղաքացիներուն յորդորելով արիւն նուիրել հիւանդանոցներուն:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ «այս մեծագոյն գործողութեամբ, Հըզպալլայի հարիւրաւոր անդամներ իրենց կեդրոններուն մէջ ենթարկուած են անակնկալ յարձակումի»: Լիբանանեան ներքին հրապարակը ցնցելու հերթական փորձով, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի ահազանգեց, թէ «վերջին շրջանին Հըզպալլա սկսած է դուրս գալ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու իր կեդրոններէն եւ կուտակուիլ մայրաքաղաքի յարանուանական խառն թաղամասերուն մէջ ու Պէյրութէն հիւսիս»: Պնդելով, որ ապահով տեղ չկայ Հըզպալլայի անդամներուն համար, Ատրահի զգուշացուց, թէ «հարաւային արուարձաններու կործանումին պատճառ հանդիսացած Հըզպալլան այժմ քանդումին վտանգը կը փոխադրէ իր հետ»: Իսկ յետմիջօրէին, իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումէն ժամեր անց, Լիբանանի հարաւէն հրթիռներ արձակուեցան իսրայէլեան շրջաններուն վրայ:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դատապարտեցին իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, միջազգային ուժերէն պահանջելով միջամտել ու աջակցիլ Լիբանանին ու վերջ տալ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն: Անոնք հաւաստիացուցին, թէ աշխատանք կը տարուի, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը ըլլայ մնայուն եւ ամուր: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պնդեց, որ Լիբանան մաս կը կազմէ համաձայնութեան, սակայն ահազանգեց իսրայէլեան խախտումներէն: Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ յստակացուց, թէ ոչ մէկ կողմ իրաւունք ունի բանակցելու Պէյրութի անունով:
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ԱՄԷՆ ՏԵՂ ԿԱՄ ՈՉ ՄԷԿ ՏԵՂ
Իրանէն լրատուամիջոցներ զգուշացուցին, որ Թեհրանի իշխանութիւնները կը մտադրեն հրաժարիլ զինադադարէն եւ փակել Հորմուզը, եթէ շարունակուին Լիբանանի դէմ հարուածները: « Զինադադարը կը գործադրուի կա՛մ բոլոր ճակատներուն վրայ, կա՛մ ոչ մէկ տեղ», սպառնաց Թեհրան: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ «Հըզպալլային պատճառով Լիբանան չէ ներառուած Իրանի հետ զինադադարի համաձայնութեան մէջ, սակայն այդ հարցը եւս պիտի լուծենք»: Անոր համաձայն, Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան գործողութիւններուն շարունակութիւնը ծանօթ էր բոլորին: Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Գերմանիա ու Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը միացեալ հաղորդագրութեամբ մը բոլոր կողմերէն պահանջեցին յարգել զինադադարի համաձայնութիւնը՝ ներառեալ Լիբանանը:

