Ամերիկացի ժողովուրդը իր մարդասիրական կազմակերպութիւններուն խողովակով մարդկութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Տարագիր հայութիւնն ալ նպաստաւորուած է ամերիկացի ժողովուրդի առատաձեռն նուիրատուութիւններէն:
Նոյնը կարելի չէ ըսել ամերիկեան վարչակարգերու կողմէ մարդկութեան պատճառած դժբախտութիւններուն մասին, որոնք եղած են ՍՈՒՏ պատճառաբանութիւններ՝ յառաջ քշելով եւ միշտ արդարացնելով միջոցը՝ նենգ նպատակի մը հասնելու համար:
Ուսումնասիրող մը կրնայ իմանալ, թէ հարիւր տարուան ընթացքին ամերիկեան տարբեր վարչակարգեր ինն անգամ պատերազմ մղած են ՍՈՒՏ պատճառաբանութիւններ յառաջ քշելով: Անոնցմէ նշենք վերջինները:
ՍՈՒՏ էր նախագահ Լինտըն Ճոնսընի ամերիկեան վարչակարգին քարոզչութիւնը, որ սկիզբ տուաւ Վիեթնամի պատերազմին, երբ դիտումնաւոր կերպով տարաձայնուեցաւ Թոնքինի ծոցի դէպքը (Gulf of Tonkin incident), որ երբեք չէր պատահած, եւ Փենթակոնը խաբեց ամերիկեան գոնկրէսն ու ժողովուրդը՝ ըսելով, թէ վիեթնամեան նաւեր 4 Օգոստոս 1964-ին յարձակեցան ամերիկեան նաւերու վրայ:
ՍՈՒՏ էր Քուէյթի դեսպանի աղջկան՝ Նայիտա ալ-Սապահի վկայութիւնը 1991-ին ամերիկեան գոնկրէսին առջեւ, երբ ան լալագին կ’ըսէր, աւագ Ճորճ Պուշի վարչակարգին դրդումով, թէ Իրաքի բանակայինները Քուէյթի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ (ուր իբր թէ ինք կ’աշխատէր) նորածին մանուկներ հանած էին իրենց թխսիչներէն (incubators) եւ դրած գետնին՝ պատճառ դառնալով անոնց մահուան: Այս սուտ վկայութենէն ետք Ամերիկա պատերազմ հռչակեց Իրաքի դէմ:
ՍՈՒՏ էր նաեւ նախագահ կրտսեր Ճորճ Պուշի կողմէ տարաձայնուած լուրը, թէ Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը ունէր համատարած կործանումի զէնքեր (weapons of mass destruction), արդարացնելու համար իր յարձակումը Իրաքի վրայ՝ վերջ դնելու համար Իսրայէլի ոխերիմ թշնամի Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին:
ՍՈՒՏ է անգամ մը եւս նախագահ Տանըլտ Թրամփի ըրած յայտարարութիւնը, թէ Իրան աթոմական ռումբ ունենալու կը պատրաստուէր եւ պէտք է յարձակիլ անոր վրայ՝ կանխելու համար անոր յարձակումը Ամերիկայի վրայ:
ՍՈՒՏ-ը գործածուեցաւ նորէն՝ Իսրայէլի աջակցելու համար:
7 Հոկտեմբեր 2023-ին Կազայի Համասին կողմէ սխալ դատողութեամբ Իսրայէլի դէմ գործադրուած անմարդկային ահաբեկչութիւնը առիթ ընծայեց, որ այդ երկրի ցեղապաշտ ղեկավարութիւնը սանձարձակօրէն ահաբեկէ իր դրացի երկիրները:
Մինչեւ ատամները զինուած եւ Ամերիկայի կռնակ տուած Նեթանիահուն 30 տարի փորձեց ի զուր խաբել ու համոզել նախկին ամերիկացի նախագահները, որ մասնակցին Իրանի դէմ իր ծրագրած յարձակումին՝ միշտ պատրուակելով, թէ այդ երկիրը կը պատրաստուէր ունենալու աթոմական ռումբ, որ պիտի կործանէր Իսրայէլը: Նախագահներ Քլինթըն, Օպամա եւ Պայտըն սուտերով չտարուեցան, եւ Նեթանիահու սպասեց Թրամփի նման քիթէն անդին չտեսնողի մը, որ դառնար նախագահը Ամերիկայի եւ շահագործէր անոր տգիտութիւնը:
Սայքս-Փիքօ (Sykes-Picot) կոչուող Անգլիա-Ֆրանսա համաձայնագրով ստեղծուած երկիրները կը պարտադրուին ենթարկուելու Թրամփ-Նեթանիահու (Trump-Netanyahu) կոչուելիք համաձայնագրի մը, որ Միջին Արեւելքը պիտի դնէ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի ազդեցութեան տակ:
Կազայի եւ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու թիւը երկու միլիոնը անցած է եւ Իրանն ու Լիբանանը հիմնայատակ կործանումի կ’ենթարկուին:
Ամերիկա կը ցանկայ ունենալ գերակայութիւն միջազգայնօրէն եւ կ’ուզէ Իսրայէլն ալ դարձնել գերակայ ուժը Միջին Արեւելքի մէջ:
Անտառի օրէնքը ի զօրու է եւ ամէն միջազգային օրէնք ու ատեան անտեսուած են:
Զօրաւորը թող ընէ ինչ որ կ’ուզէ, տկարն ալ թող տառապի որքան որ կրնայ:
Իրաքէն սկսեալ մինչեւ Լիպիա, Սուրիա, Լիբանան, Իրան եւ բոլոր անոնք, որոնք Իսրայէլի հանգիստը կը խանգարէին Միջին Արեւելքի մէջ՝ նկատուեցան պատիժի արժանի դասալիք (renegade) երկիրներ Ամերիկայի կողմէ:
2018-ին, նախագահ Թրամփ իր առաջին նախագահութեան շրջանին չեղեալ նկատեց 2015 թուականին կնքուած համաձայնագիրը, որ կը ճանչցուէր իբրեւ The Joint Comprehensive Plan of action (JCPOA), որ կնքուած էր Իրանի եւ 5+1 երկիրներու միջեւ՝ Ամերիկա, Անգլիա, Ֆրանսա, Չինաստան, Ռուսիա եւ Գերմանիա: Այդ համաձայնութիւնը կը կանխէր պատերազմը Իրանի դէմ, որուն ընդդիմացած էր Իսրայէլ: Այժմ Թրամփ, շահագործուելով Նեթանիահուի կողմէ, Ամերիկան մասնակից դարձուց Իսրայէլի մղած պատերազմին:
Պատերազմի սիրահար Ամերիկան, ամօթի կնիքը իր ճակտին, անհաւասարակշիռ նախագահի մը ղեկավարութեան տակ կը հարուածէ աջ ու ձախ, այս անգամ աւելի խիստ քան երբեք, սարսափ տարածելով թշնամի թէ բարեկամ երկիրներու մէջ, տեղ մը նախագահ առեւանգելով, ուրիշ տեղ ալ անկախ երկիր գրաւելու սպառնալիքով:
Աստուած համբերութիւն տայ մարդկութեան՝ շրջանցելու համար ժամանակն այս անմարդկայնութեան:

