Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Քառօրեայ Պատերազմէն Ետք

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

April 4, 2026
in Յօդուածներ
0
Քառօրեայ Պատերազմէն Ետք

Տասը տարիներ առաջ այս օրերուն թէժ մարտեր տեղի կ’ունենային արցախեան ճակատներու վրայ. մասնաւորաբար՝ հիւսիսարեւելեան եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններով: 1994 Մայիսին հաստատուած հրադադարէն ետք, այս ճակատումը ամենատարողունակն էր յայտնապէս: Միայն չորս օրեր տեւած կատաղի բախումներուն համար մկրտուեցաւ Քառօրեայ պատերազմ անունով:

Սոյն բռնկած հրդեհը մարելու «առաքելութիւնը», ինչպէս միշտ,  անգամ մը եւս ստանձնեց Մոսկուա: 1828-էն ետք կովկասեան տարածաշրջանէն չբացակայած ռուսական մականը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր ներկայութիւնը եւ հակադիր կողմերը հարկադրուած սանձուեցան եւ զսպուածօրէն ուղղուեցան Քրեմլինի գահակալին մօտ՝ նոր զինադադարի եւ նոր բանակցութիւններու համար: Արցախեան հակամարտութեան լուծման հերթական երկարաձգումն էր 2016-ի արիւնալի դէպքերը:

Քառօրեայ պատերազմը, բարեբախտաբար, կարճատեւ էր, բայց բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հետագայ զարգացումներուն համար: Խորքին մէջ, Պաքու կը շօշափէր հայկական կողմին ռազմական կարողականութիւնն ու պատրաստուածութիւնը՝ յատկապէս օդային պաշտպանութեան ոլորտէն ներս: Հայկական կողմին համար, սա փորձաքար էր լրջօրէն եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ պատրաստուելու յառաջիկայ զարգացումներուն: Միւս կողմէ, գետնի վրայ, չորս օրերու ընթացքին, ռազմական հաւասարակշռութիւնը խախտեցաւ ի վնաս հայկական կողմին: Արդարեւ, հիւսիսային ճակատին վրայ եղան տարածքային կորուստներ՝ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող (Թալիշ-Մատաղիս), նաեւ հարաւային ճակատին վրայ՝ Լէլէթէփէի բարձունքին կորուստը խոցելի կը դարձնէր Արցախի Հանրապետութեան հարաւային դարպասը: Տարածքային այս փոփոխութիւնները, աւելի ուշ, զգացնել պիտի տային Քառօրեայ պատերազմին աղիտալիութիւնը Ստեփանակերտի համար: Աւելին, հայկական բանակը կ’ունենար հարիւրէ աւելի նահատակ զինուորներ, որոնք խիզախօրէն դիմակալեցին նախայարձակ ուժերուն եւ խոչընդոտեցին աւելի լայնածիր յարձակումի մը հաւանականութիւնը: Հերոսական դիմադրութիւնը եւ տեղին հակահարուածը պահ մը զգաստացուց ազերիական բանակը, որ զսպէ իր ախորժակը: Ծրագիրը այլ էր ի հարկէ, բայց հայ զինուորներուն քաջարի պահուածքը վիժեցուց այդ ծրագիրը: Հարիւրէ աւելի երիտասարդ նոր անուններ աւելցան հայոց հերոսապատումի տարեգրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը խիստ անհրաժեշտ տուեալ մը ձեռք ձգեց այս պատերազմին: Ան բացայայտեց, թէ անօդաչու սարքերու նկատմամբ հայկական կողմը չունի անհրաժեշտ պաշտպանուածութիւնը: Ազերիական անօդաչու սարքեր հասան հայկական տարածքներուն խորքը եւ ռմբահարեցին Սիսիանի կամաւորական ջոկատին հանրակառքը՝ ամբողջութեամբ սպաննելով նախկին պատերազմներու ընթացքին կոփուած երէց եւ փորձառու կամաւորականներուն խումբը: Անոնք կ’ուղղուէին ճակատ, բայց հերոսաբար ինկան ճանապարհին: Ափսո՜ս, սա լուրջ դաս պէտք էր ըլլար հայկական կողմին…: Պէտք է աւելցնել նաեւ հայկական կողմին չափազանց յանձնապաստանութիւնը՝ պոռոտախօսութեան հասնող: Երեւան կ’ենթադրէր թէ Պաքու կը զգուշանայ կրակի հետ խաղալէ: Օրինակ, 16 Մարտ 2016-ին, պաշտօնական այցով, մեծ պատուիրակութեամբ մը Կիպրոս գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան կիպրահայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, երբ հարց կը տրուէր պատերազմի մը հաւանականութեան կամ բացառութեան շուրջ, նախագահը ինքնավստահօրէն կը պատասխանէր՝ «տեսանելի ապագայում ես պատերազմ չեմ տեսնում»: Սակայն, ընդամէնը 16 օրեր ետք կը բռնկէր Քառօրեայ պատերազմը:

Քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն (2018): Բայց ռազմական գետնի վրայ կացութիւնը նոյնն էր մինչեւ 2020 Սեպտեմբեր 27, երբ Պաքու առաւել պատրաստուած եւ Քառօրեայէն կարեւոր դասեր քաղած, Անգարայի իսկ ուղղակի օժանդակութեամբ, պահը յարմար համարեց նոր պատերազմ հրահրելու Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ արմատապէս շրջելու 1994-էն ետք ստեղծուած հայանպաստ իրադրութիւնը: Անոր ծանր հետեւանքները գիտենք բոլորս: Աւելին՝ Պաքու շարունակեց Հայաստանն ու Արցախը սեղմելու հետեւողական քաղաքականութիւնը՝ ռազմաքաղաքական նոր պայմանները համարելով բացառապէս ի նպաստ իրեն: Եւ 2022-ին ու 2023-ին, դէպքերը գահավիժեցան ի հեճուկս Հայաստանի՝ առաւել սպառնալով Հայաստանի անվտանգութեան: Երասխի, Ջերմուկի, Սոթքի, Սիւնիքի կարգ մը շրջաններու բախումները եւ կորուստները եւ ապա Արցախի ամբողջական հայաթափումն ու անձնատուութիւնը մռայլ ու ցաւոտ էջեր մնացին մեր յիշողութեան մէջ: Իրօք, էապէս շրջուած էր իրավիճակը, խորապէս մտահոգիչ:

Այսօր հասանք հոն՝ ուր որ ենք: Սակայն, այդ օրերէն այսօր հիմնական փոփոխութիւն մը նկատելի է ընդհանուրին մօտ: Խի՛ստ ժխտական եւ վտանգաւոր շրջադարձ մը արդարեւ:

2016-ին եւ անկէ առաջ՝ 1988-էն ետք մանաւանդ, Արցախի համար մարտնչումը հայրենիքի պաշտպանութեան համար էր գերազանցապէս: Ոչ մէկ տարբերութիւն հայութեան երկու հատուածներուն միջեւ: Ո՞վ կը համարձակէր կամ կը մտածէր նման զատողութեան մասին: Հայ զինուորը, կամաւորականը, մարտիկը Հայաստանի սահմաններ ըսելով կը հասկնար Արցախի առաջնագիծը եւ անոր պահպանութիւնը՝ Հայաստանի պահպանութիւնը: Միաձոյլ եւ մէկ յղացք էր հայրենիքը իր բոլոր շրջաններով: Բայց այսօր, ցաւօք, չար որոմը սկսած է տարածուիլ եւ կրծել հայութեան այս երկու հատուածները, որուն մէջ, ափսոս, քիչ չէ մեղաւորութիւնը Հայաստանի վերին մարմիններուն, երբ արցախահայութեան համար կ’ըսեն «թռնածներ», «փախածներ», «չկռուողներ» եւ այլն: Միւսները, իրենց պատասխանատուութեան բաժինը կը բարդեն Երեւանի վրայ: Եւ այս բոլորը բացայայտօրէն, հանրութեան առջեւ, ընկերային ցանցերով: Կարծէք ամէն ոք կը ջանայ վառելանիւթ թափել արդէն բորբոքուն կիրքերու վրայ, առաւել հրահրել լարուածութիւնը, խորացնել անջրպետը, շեշտել բաժանարար գիծերը: Սա դատապարտելի եւ անընդունելի վարքագիծ է, ազգակործան, վնասարար, թշնամիին հոգին զովացնող: Ո՞վ եւ ե՞րբ չարանենգօրէն մտայղացաւ այս խօսոյթը տարածել, ընդհանարցնել. ան պարզապէս կը միտի քանդել մեր ներքին կեանքին կառոյցը, ջլատել արդէն իսկ թոյլ ուժերը եւ փեռեկտող ոգիով խռովել ներհայկական կեանքը: Հայրենիքի համար հերոսական նահատակութիւնը չի ճանչնար վայր, ծնունդ, հատուած: Նեղմտութեան եւ հատուածամոլութեան այս վարակող որոմը եթէ արմատախիլ չըլլայ, մեծապէս կրնանք տուժել համօրէն: Մօտիկ անցեալին չկար բաժանարար շիւղ մ’անգամ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ: Մինչ այսօր, դժբախտաբար, դասալիքներ կու գան այդ զգայուն կէտին առնչութեամբ իրենց նենգ գործը կատարելու: Լաւ կ’ըլլար երբ նմաններ զսպէին իրենց թունաւոր երկար լեզուն: Ուստի, վե՛րջ տուէք այս անհեթեթութեան, մեծխօսան փոլիթիքոսներ:

Մինչ այդ, Քառօրեայ պատերազմին առիթով, կը խոնարհինք հայրենիքի համար ինկած զինուորներու յիշատակին առջեւ: Անոնք՝ որոնք առ յաւէտ մնացին խրամատներու ետին, անոնք՝ որոնք ցվերջ դիմադրեցին դիրքերու վրայ, անոնք՝ որոնք Արցախի սահմաններուն վրայ հայրենիքի մէն մի քիլը պահեցին իրենց արեամբ. անոնք՝ որոնք իրենց ետին թողուցին որբեր, այրիներ, սգաւոր մայրեր, անսփոփ քոյրեր եւ եղբայրներ, սեւազգեստ հարազատներ. անոնք՝ որոնք կ’ապրին յուշարձաններով, Եռաբլուրի մէջ, մշտադալար շիրիմներու տակ, այս կամ այն գերեզմանատան մէջ. բայց նաեւ կ’ապրին յուշերու եւ յիշողութիւններու մէջ:

Հազար փա՛ռք Քառօրեային ինած հերոսներու անթառամ յիշատակին:

Share63Tweet39
Previous Post

Ապրիլին՝ Ապրելու Յոյսով

Next Post

Ամօթի Կնիքը Ամերիկայի Ճակտին

Next Post
Ամօթի Կնիքը Ամերիկայի Ճակտին

Ամօթի Կնիքը Ամերիկայի Ճակտին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.