Մարտ ամիսը մեզի համար ընդունուած է որպէս ուրախութեան, նոր յոյսերու եւ կենսարար ակնկալիքներու ամիս։ Ան եղած է դէպի ապագան հաւատքով նայելու, նոր ծրագրեր մշակելու շրջան մը։ Հիւանդին համար՝ ապաքինման յոյս ներշնչող, հողագործին՝ բերքի սպասումով լեցուն, աշխատաւորին՝ համբերութեան, ուսուցիչներուն՝ մօտեցող ամառնային արձակուրդներու, վաճառականին՝ նոր նախաձեռնութիւններու ամիս։
Սակայն այս տարուան Մարտը այլեւս իր սովորական նկարագիրը չունեցաւ։ Ան վերածուեցաւ իսկական «մարտ»-ի՝ կռիւի եւ պատերազմի գոռում-գոչիւնով լեցուն օրերու։ «Քանի մը օր է, կ’անցնի», կարծեցինք… բայց Մարտը ամբողջութեամբ անցաւ՝ մեզ ձգելով օդային յարձակումներու սարսափին, հրթիռներու հեղեղին, անօդաչու սարքերու հարուածներուն, շէնքերու հիմնայատակ կործանման եւ նիւթական ահռելի կորուստներու մէջ։
Լիբանանի հարաւային շրջանները գրեթէ ամայացան, իսկ բնակչութեան զգալի մէկ մասը վերածուեցաւ անօթեւան գաղթականի։ Երբեմնի «փըթի Փարիզ»-ը կարծէք դարձաւ «փոքր Նակազաքի»՝ իր կրած աւերածութիւններով։
Թիւով արդէն նօսրացած լիբանանահայութիւնը, որ տարիներ շարունակ կառչած մնաց իր ծննդավայրին եւ 1975-էն ի վեր կը հաւատար անցեալի «դրախտային» խաղաղ օրերու վերադարձին, այսօր կը զգայ այդ հաւատքին տատանումը, կարծես կրկնելով՝ «Լիբանա՜ն, Լիբանա՜ն, Լիբանա՜ն, դու ճակատամարտ յաւերժակա՜ն…»։
Այժմ մուտք կը գործենք նոր ամիս՝ Ապրիլ։ Շուտով պիտի դիմաւորենք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը։ Սուրբ Զատկուան այս սրբազան տօնին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր ընթերցողները, մաղթելով որ Յարութեան խորհուրդը իրականութիւն դառնայ՝ աշխարհին վրայ տեւական խաղաղութեան ապահովումով։
Յոյսով ենք, որ աշխարհի «տէր»երը, յատկապէս ծաւալապաշտական ծրագրեր հետապնդող «թագաւոր»(ներ)ը, վերջապէս «խելքի աշեն» եւ փրկեն մարդկութիւնը համընդհանուր ճգնաժամէն։
Մարտին՝ մարտ…
Թողեցէ՛ք, որ ապրի՛նք Ապրիլին։

