Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, ամէն անգամ որ Աւագ Շաբաթը կու գայ՝ ես անպայման կը յիշեմ Պոլսոյ նախկին պատրիարքներէն Շնորհք սրբազանը (գահակալած՝ 1961-1990), որ իր մատենագրական ճոխ վաստակին մէջ ունի նաեւ «Աւագ Շաբաթ» խորագրեալ սքանչելի ուսումնասիրութիւն մը։
Շնորհք պատրիարք մեծանուն եւ անբասիր եկեղեցական մըն էր, մտաւորական արժանիքներով օժտեալ փայլուն ու անմոռանալի դէմք մը։ Իր այդ գիրքը կարդացեր եմ տասնամեակներ առաջ ու հմայուեր։ Մինչեւ այսօր ալ, հակառակ տարիներու հեռաւորութեան, դեռ իմ մտքին մէջ գրեթէ թարմ կը մնան հեղինակ սրբազանին աստուածաբանական ու գրականաշունչ հիւթեղ մեկնաբանութիւնները՝ Աւագ Շաբթուան մէն մի օրուան կամ անոր խորհրդանշական մէն մի դրուագին մասին։ Կ՛ենթադրեմ թէ Հայ Եկեղեցւոյ ո՛չ մէկ բարձրաստիճան եկեղեցական, դարերու երկայնքին, կրցած է այնքան համապարփակ, խորունկ սերտողութեամբ ու միաժամանակ դիւրամատչելի եւ քաղցր ոճով մեկնաբանել Աւագ Շաբաթը, որքան՝ Շնորհք պատրիարք, իր այս թանկարժէք գիրքով։
«Աւագ Շաբաթ»-ը, սկզբնապէս, յօդուածաշարքի ձեւով լոյս ընծայուած էր Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ, 1971-73 տարիներուն, սրբազան պատրիարքին գահակալութեան շրջանին։ Այնուհետեւ, իբրեւ առանձին գիրք տպուած էր Պէյրութ, 1974-ին (տպ. Տօնիկեան)։ Աւելի ուշ, անջատ հրատարակութիւններ ունեցաւ անիկա նաեւ Նիւ Եորք, Թեհրան եւ Պոլիս։ Ուրեմն, գաղութներու մէջ բաւական տարածուած գիրք մըն է։
Սա օրերուն, մինչ մուտք գործած ենք Աւագ Շաբթուան սեմէն ներս, կ՝արժէր որ իւրաքանչիւր հայորդի գէթ 30-40 էջ ընթերցէր այդ գիրքէն, թէ՛ կրօնական գիտելիքներ ձեռքբերելու, թէ՛ հոգեւոր խորհրդածութեանց անձնատուր ըլլալու, թէ՛ ալ գեղեցիկ հայերէն մը ըմբոշխնելու համար…:
Բարի վայելում եւ բարի Աւագ Շաբաթ բոլորիդ։
*
Մինչ այդ, չենք մոռցած անշուշտ, թէ այսօր Աւագ Հինգշաբթի է: Եւ Աւագ Հինգշաբթին անմիջապէս մեզի կը յուշէ Ոտնլուան:
Բոլորս ալ կը սիրենք ու կը կարօտնանք Ոտնլուայի արարողութիւնը։
Օ՜, այդ մեծահանդէս արարողակարգը, որ հինէն իվեր շա՛տ սիրած եմ ու անջնջելի տպաւորութիւններ պահած անկէ՝ մանկութեանս օրերէն յամեցող…։
Կա՞յ մէկը որ չի գիտեր Ոտնլուայի առնչուող աւետարանական դրուագը.– Քրիստոս, վերջին ընթրիքէն ետք, մի առ մի լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը…։
Իմ դիտանկիւնէն, Աւագ Հինգշաբթին, իր եկեղեցական ու կրօնական սքանչելի ապրումներէն անկախ, մեր առջեւ կը բանայ նաեւ բառերու աշխարհ մը։ Բառե՜ր, որոնք կը կրեն ընկերային շատ հետաքրքրական իմաստներ։
Նախ՝ ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ։ Յիսուսի վերջին ընթրիքը իր աշակերտներուն հետ: «Ընթրիք» բառը ծանօթ է բոլորին. գիշերային կամ երեկոյեան մեր ճաշն է ատիկա։
Ա՜հ, որքան հաճելի կը դառնան ընթրիքները՝ երբ սեղանակից կ`ունենանք մեզի գաղափարակից մտերիմ ընկերներ, հացը կը բեկանենք անոնց հետ ու ընթրիքը կը վերածենք համով-հոտով զրոյցներու գօտեպնդիչ շղթայի մը…։ Բայց ես ձեր ուշադրութիւնը կ`ուզեմ հրաւիրել ո՛չ թէ «ընթրիք» բառին, այլ «վերջին» բառին վրայ։ «Վերջին ընթրիք»։ Այսինքն այն ընթրիքը՝ որ կեանքին վերջին ընթրիքը պիտի դառնայ…։
Ի՜նչ «վերջին»-ներ կան մեր կեանքին մէջ. վերջին տեսակցութիւն, վերջին ողջագուրում, վերջին վկայական, վերջին ճամբորդութիւն, վերջին համբոյր…
Աւագ Հինգշաբթիին առնչուող բառ մըն է նաեւ «ԽԱՒԱՐՈՒՄ»-ը։ Քանզի, գիշերը, եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Խաւարման ժամերգութիւն, որ հաւանաբար մեր եկեղեցւոյ ամէնէն երկարաշունչ ժամերգութիւնն է։ Հոն կ՝երգուի «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեցունց շարականը…:
Ի՞նչ կը նշանակէ «խաւար»։ Լոյսի բացարձակ չգոյութիւն, կատարեալ մթութիւն։ Բաւական գործածական է «խաւարամիտ» բառը, որ կ՝ակնարկէ մարդոց մտքի կուրութեան, տգիտութեան։ Մեր գրականութեան մէջ, ԺԹ. դարու կէսերուն, բաւական մելան հոսեցուցած է «խաւարամիտ-լուսաւորեալ» պայքարը, որ անշուշտ վերջ պիտի գտնէր «լուսաւորեալ»-ներուն յաղթանակով…։
Եւ վերջապէս ինքը՝ ՈՏՆԼՈՒԱՆ։ Կ’ենթադրեմ որ համակարծիք կ՝ըլլաք ինծի՝ եթէ ըսեմ որ գեղեցկօրէն կազմուած բարդ բառ մըն է ասիկա, երկու բառերու միացումով (ոտք եւ լուալ)։
Իմաստը յստակ է։ Իսկ անկէ բխած թելադրականութի՞ւնը…։
Պատկերացուցէ՛ք։ Որքան ալ բարձր ըլլայ մէկու մը հանգամանքն ու պաշտօնը՝ ծռիլ ու իր ստորադասներուն ոտքերը լուալ…։ Աւագ Հինգշաբթիի գագաթային կէտն է ասիկա։ Բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը լուան դպիրներու կամ քահանաներու ոտքերը։ Խոնարհամտութեան հոյակա՜պ եւ անմրցելի արարք։ Աշխարհի ու երկիրներու աւագներն ու վեհապետերը (գոռոզ ու ամբարտաւան) սորվելիք դասեր չունի՞ն Ոտնլուայի արարողութիւններէն…։
Ոտնլուայի ընկերային պատգամները 2000 տարիէ իվեր ինչո՞ւ տեղ չեն հասնիր արդեօք…։

