Երէկ երեկոյեան, Ազգային ազատ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Նոր Հաճնոյ կեդրոնատեղին, ուր տեսակցեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, ընկ. Տիգրան Միհրանեանի եւ ընկ. Լութֆիկ Կոտալազեանի հետ։ Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց նախկին նախարար եւ պետական երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, ընկերակցութեամբ դոկտ. Ռաֆֆի Խանճեանի։
Պատուիրակութիւնը ՍԴՀԿ Լիբանանի ղեկավարութեան փոխանցեց Ազգային ազատ հոսանքին մշակած «Լիբանանի պաշտպանուածութեան փաստաթուղթը», որ վերջերս կը յանձնեն պետական անձնաւորութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ գործող կուսակցութիւններուն: Ժողովականները ապա արծարծեցին երկրին ապահովական, քաղաքական, ելեւմտական ու ընկերատնտեսական նորագոյն զարգացումները՝ մանաւանդ պատերազմին հետեւանքները, երկուստեք շեշտելով մանաւանդ այս վտանգաւոր փուլին երկրին ներքին հրապարակը կայուն պահելու, լիբանանցիներուն համագոյակցութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, հնարաւորինս նուազագոյն վնասներով հատելու պատերազմի օրերը:

