Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 2 Ապրիլ 2026

April 2, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 2 Ապրիլ 2026

ԱՐԱՄ Ա. ՊԱԱՊՏԱՅԷՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ու կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի: Վեհափառ Հայրապետը տեսակցութենէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ համայնքին եւ անձնապէս իր զօրակցութիւնը յայտնած է նախագահին ու կառավարութեան աշխատանքներուն եւ կեցուածքներուն: Ահազանգելով, որ Լիբանան լուրջ վտանգի դիմաց է եւ դատապարտելով իսրայէլեան յարձակումները, Վեհափառ Հայրապետը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անտարբեր չմնալու այդ թշնամական քայլերուն նկատմամբ:

Ան գնահատեց նաեւ պետութեան եւ բոլոր համայնքներուն ցուցաբերած հոգածութիւնը տեղահանուած քաղաքացիներուն նկատմամբ: «Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան պահպանումը, պետութեան հեղինակութեան ամրացումը, բանակին ներկայութիւնը Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս եւ ազգային միասնականութեան ամուր պահպանումը, մանաւանդ ճակատագրական ներկայ պայմաններուն մէջ, կը նկատենք առաջնահերթ ու հրամայական: Կը հաւատանք, որ ա՛յս է իւրաքանչիւր լիբանանցիի մօտեցումը: Հարկ է հեռու մնալ ներքին զգայնութիւններ յառաջացնող արտայայտութիւններէ եւ բոլորուիլ մեր հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ», ըսաւ Արամ Ա., մաղթելով, որ կացութիւնը շուտով բարելաւուի եւ տեղահանուածները վերադառնան իրենց տուները:

 

ԻՍՐԱՅԷԼ-ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿԸ ԲՈԼՈՐԷ ԱՌԱՋԻՆ ԱՄԻՍԸ

Այսօր կը լրանայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմին առաջին ամիսը եւ Թել Աւիւէն հնչած յայտարարութիւնները կը յուշեն, թէ առայժմ մտադրութիւն չկայ դադրեցնելու յարձակումները, նոյնիսկ եթէ զինադադար յայտարարուի Ծոցի ճակատին վրայ: Իսրայէլեան ծովուժը երէկ արեւածագին երեք անգամ հարուածեց Պէյրութի Ժնահ շրջանը եւ քանի մը ժամ ետք՝ հարաւային արուարձաններու Սէն Թերեզ թաղամասը, ապա յայտարարեց, թէ ահաբեկած է հարաւային ճակատի Հըզպալլայի հրամանատար Եուսէֆ Հաշէմը:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը  յայտնեց, թէ այդ հարուածէն մահացած է 7 հոգի, վիրաւորուած՝ 26: Իսրայէլեան օդուժը ժամեր առաջ թիրախներ հարուածած էր նաեւ Ղոպէյրիի եւ Մար Ռուքոզ-Մանսուրիէ շրջանին մէջ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ պահեստային 8-րդ գումարտակը իր գործողութիւնները կը շարունակէ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ՝ կործանելով Հըզպալլայի հնարաւորութիւնները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ զինուորական գործողութեան աւարտին բանակը տեղակայուած պիտի ըլլայ մինչեւ Լիթանի գետ երկարող ապահովական գօտիի մը մէջ եւ պիտի կործանէ սահմանամերձ գիւղերուն բոլոր բնակարանները: Իսրայէլեան բանակը հակադարձեց իր նախարարին ու շեշտեց, որ «մտադրութիւն չկայ վերահաստատելու ապահովական գօտին եւ քանդելու լիբանանեան բոլոր գիւղերը, այլ զանոնք մաքրագործելու եւ կործանելու Հըզպալլայի ենթակառոյցները»: Հըզպալլա իր կարգին վստահեցուց, որ հակաօդային հրթիռով մը թիրախաւորած է իսրայէլեան ուղղաթիռ եւ օդանաւ, ինչպէս նաեւ հրետանային եւ հրթիռային միջոցներով հարուածած է լիբանանեան գիւղեր ներխուժած իսրայէլեան ուժեր, իսրայէլեան սահմանային ու հեռաւոր բնակավայրերուն ուղղութեամբ հրթիռներու տեղատարափին կողքին: Ի տես իսրայէլեան շարժումներուն, լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ փոփոխութեան ենթարկած է շարք մը գիւղերու մէջ իր տեղակայումը, խուսափելով զինուորներուն իսրայէլեան շրջափակումէն: Հաղորդագրութիւնը սակայն վստահեցուց, որ բանակը հնարաւորինս կը շարունակէ զօրակցիլ գիւղերուն մէջ մնացած քաղաքացիներուն:

 

ԱՈՒՆ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ պատերազմը ապարդիւն պիտի ըլլայ եւ պիտի խորացնէ ժողովուրդին տառապանքը, ուստի բանակցութիւնն է լուծումը: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին շեշտեց, որ տեղահանուած քաղաքացիներուն արժանապատուութեան պահպանումը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:

Իսկ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Մուճթապա Խամինէի նամակ մը յղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասէմին, որուն մէջ վստահեցուց, որ Թեհրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Դիմադրութեան:

 

ԲԱՆԱՒՈՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Եւրոմիութեան շարք մը երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները միացեալ յայտարարութեամբ մը իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի կառավարութեան ու ժողովուրդին, «որոնք կը դիմագրաւեն պատերազմ մը, որ իրենց ընտրութիւնը չէ եւ որուն պատասխանատուն Հըզպալլան է: Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի իր կարգին ապօրինի որակեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները: Քաթարի Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ միջազգային կողմերու հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին՝ Լիբանանի մէջ սրած մագլցումը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ:

Share64Tweet40
Previous Post

Քննական Մտածողութիւն Եւ Դպրոցական Մշակոյթ. Ուսումնասիրութիւն Մը Պէյրութի Դպրոցներուն Մէջ

Next Post

Ազգային Ազատ Հոսանքը ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին Կը Յանձնէ «Լիբանանի Պաշտպանուածոիթեան Փաստաթուղթը»

Next Post
Ազգային Ազատ Հոսանքը ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին Կը Յանձնէ «Լիբանանի Պաշտպանուածոիթեան Փաստաթուղթը»

Ազգային Ազատ Հոսանքը ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին Կը Յանձնէ «Լիբանանի Պաշտպանուածոիթեան Փաստաթուղթը»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.