Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Քննական Մտածողութիւն Եւ Դպրոցական Մշակոյթ. Ուսումնասիրութիւն Մը Պէյրութի Դպրոցներուն Մէջ

Լենա Պօղոսեան

March 31, 2026
in Յօդուածներ
0
Քննական Մտածողութիւն Եւ Դպրոցական Մշակոյթ. Ուսումնասիրութիւն Մը Պէյրութի Դպրոցներուն Մէջ

Երբ Դպրոցական մշակոյթը կը ձեւաւորէ մտածող սերունդը:

Կրթութիւնը յաճախ կը քննարկուի կարծես միայն դասագիրքերու, գնահատականներու եւ քննութիւններու հիման վրայ։ Բայց դպրոցական գրասեղաններէ անցած ոեւէ մարդ գիտէ, որ աւելի խոր բան մը միշտ ներկայ է։ Դպրոցի անտեսանելի մթնոլորտը՝ իր արժէքներով, փոխյարաբերութիւններով, ակնկալութիւններով եւ առօրեայ սովորութիւններով, լուռ կերպով կը ձեւաւորէ թէ աշակերտները ինչպէս կը մտածեն, կը սորվին եւ կը զարգանան։ Կրթական հետազօտողներ այս մթնոլորտը կը կոչեն դպրոցական մշակոյթ, եւ ան կրնայ ուսումնական ծրագիրին չափ ազդեցիկ ըլլալ աշակերտներու զարգացումին վրայ։

Վերջերս Պէյրութի տարբեր դպրոցներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնս քննականօրէն դիտեց այս հարցը՝ ինչպէ՞ս դպրոցական մշակոյթը կը նպաստէ քննական մտածողութեան զարգացումին միջնակարգի աշակերտներուն մօտ, որոնք անգլերէն կը սորվին որպէս երկրորդ լեզու։ Հետազօտութիւնս ուսումնասիրեց, թէ դպրոցներու մէջ գոյութիւն ունեցող միջավայրը՝ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու փոխյարաբերութիւնները, գաղափարներ քննարկելու ձեւը եւ սխալներու նկատմամբ վերաբերմունքը, ինչպէ՞ս կրնայ խրախուսել կամ սահմանափակել աշակերտներուն ազատ մտածելու կարողութիւնը։

Քննական մտածողութիւնը պարզ բառերով կը նշանակէ կարողութիւն՝ տեղեկութիւններ վերլուծելու, գաղափարներ հարցադրելու, ապացոյցներ գնահատելու եւ մտածուած եզրակացութիւններու հասնիլ։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ այս հմտութիւնները չափազանց կարեւոր կը նկատուին։ Միջազգային կրթական կազմակերպութիւններ, ինչպէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւնը (OECD), շարունակ կը շեշտեն թէ քննական մտածողութիւնը 21-րդ դարու հիմնական հմտութիւններէն մէկն է, որ անհրաժեշտ է աշակերտներու՝ կրթութեան, աշխատանքի եւ հասարակական կեանքի մէջ յաջողելու համար։

Սակայն քննական մտածողութեան զարգացումը միայն նոր բառապաշար կամ քերականական կանոններ սորվեցնելը չէ, այլ այդ կը պահանջէ այնպիսի ուսումնական միջավայր, ուր հետաքրքրասիրութիւնը կը խրախուսուի, հարցումները կ’արտօնուին եւ տարբեր տեսակէտերու քննարկումը կը քաջալերուի։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, թէ երբ դպրոցները կը ստեղծեն աջակցող մշակոյթ մը, ուր ուսուցիչները յառաջ կը մղեն քննարկումը, կը յարգեն աշակերտներու կարծիքները եւ տեղ կու տան ազատ ուսումնասիրութեան, աշակերտները աւելի կը վստահին իրենց գաղափարները արտայայտելու եւ տեղեկութիւններ վերլուծելու։ Բայց արդեօք մենք՝ մանկավարժներս կ’ուզե՞նք որ անոնք ամէն բան քննարկեն ու ազատութիւնը ունենան ընդունելու կամ մերժելու ընկերութեան մէջ շատ մը սովորութիւններ ու պատմական եղելութիւններ, թէ՞ կը վախնանք անկէ:

Միւս կողմէ, երբ դասարաններու միջավայրը կը կեդրոնանայ միայն գիտելիքներ եւ տրուածներ սորվելու եւ միշտ «ճիշդ պատասխան» տալու վրայ, աշակերտները յաճախ կը խուսափին իրենց կարծիքները արտայայտելէ։ Անոնք կրնան լեզուն գոցաբանութեամբ սորվիլ, որ հազուադէպ կը զարգացնէ այն կարողութիւնը, որ անհրաժեշտ է աշակերտի մը համար իր կարդացածը կամ լսածը հարցադրելու եւ մեկնաբանելու։

Սոյն ուսումնասիրութեան արդիւնքները նաեւ կը շեշտեն ուսուցիչներու եւ դպրոցի ղեկավարութեան կարեւոր դերը։ Երբ ուսուցիչները դասերը կը պատրաստեն բանավէճերով, խնդիրներ լուծելու առաջադրանքներով եւ համագործակցական քննարկումներով, աշակերտները բնականաբար կը սկսին քննական մտածողութիւն գործադրել՝ միաժամանակ օգտագործելով անգլերէնը, երբ անոնք կ’արտայատեն իրենց տեսակէտը։ Այս պարագային լեզու սորվիլը կը դադրի միայն բառապաշար եւ քերականութիւն ըլլալէ եւ կը դառնայ միջոց՝ գաղափարներ ուսումնասիրելու եւ դասարանէն դուրս գտնուող աշխարհը աւելի լաւ հասկնալու համար։

Բայց այս ուսումնասիրութեան ենթադրութիւնները աւելի լայն են։ Դպրոցական մշակոյթը միայն ուսումնական արդիւնքներ չի ձեւաւորեր, այն նաեւ կը ձեւաւորէ առողջ կերպար եւ ինքնութիւն։ Այն դպրոցը, որ կը գնահատէ երկխօսութիւնը, յարգանքը եւ մտային հետաքրքրասիրութիւնը, կը նպաստէ աշակերտներու մօտ զարգացնելու ինքնավստահութիւնը, կարեկցանքը եւ լայն մտածողութիւնը։ Այս յատկանիշերը կը դառնան անոնց ինքնութեան մասը եւ ոչ միայն իրենց գիտելիքներուն մէկ բաժինը։

Այս գաղափարը կրթութեան մէջ շատոնց ճանչցուած իրականութիւն մըն է․ մշակոյթը ինքնին մեծ ուսուցիչ մըն է։ Ամէնօրեայ փոխազդեցութիւնները՝ ուսուցիչներու կեցուածքն ու պատասխանը հարցումներուն, դասընկերներու վերաբերմունքը իրարու հանդէպ եւ ստեղծագործ մտածողութեան քաջալերանքը, աստիճանաբար կը կազմեն այն մտածողական սովորութիւնները, որոնք երիտասարդները իրենց հետ կը տանին դէպի հասուն կեանք։

Լիբանանի պէս բազմամշակութային եւ աշխոյժ հասարակութեան մէջ, յատկապէս այս հարցը մատնանշելի է։ Դպրոցը այն վայրն է, ուր երիտասարդները ոչ միայն լեզուներ եւ գիտելիքներ կը սորվին, այլ նաեւ կը սորվին ինչպէս մասնակցիլ խոհեմ քննարկումներու, յարգել տարբեր տեսակէտներ եւ բարդ հարցերու մօտենալ մտածումով եւ բանականութեամբ։

Այս պատճառով հետազօտութիւնը կարեւոր պատգամ մը կու տայ մանկավարժներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն․ կրթութիւնը բարելաւելու համար բաւարար չէ միայն դասագիրքերը փոխել կամ նոր արհեստագիտութիւն ու արհեստական բանականութիւն ներառել։ Անհրաժեշտ է նաեւ զարգացնել այնպիսի դպրոցական մշակոյթ մը, որ կը քաջալերէ հարցադրումը, երկխօսութիւնը եւ մտաւոր ուսումնասիրութիւնը։

Երբ դպրոցները նմանօրինակ միջավայր մը կը ստեղծեն, անոնք միայն անգլերէն չեն ուսուցաներ։ Անոնք կը նպաստեն այնպիսի սերունդի կազմաւորումին, որ պիտի կարենայ քննականօրէն մտածել, յստակ հաղորդակցիլ եւ մտածուած կերպով ներգրաւուիլ զինք շրջապատող աշխարհին մէջ։

Վերջապէս, այս գաղափարը կարելի է նոյն ձեւով օգտագործել նաեւ հայերէնի ուսուցման պարագային։ Յատկապէս սփիւռքի հայկական դպրոցները, որոնք այսօր կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Շատ ընտանիքներու մէջ կը տեսնենք հայ աշակերտներու տեղափոխութիւնը դէպի ոչ-հայկական դպրոցներ. իսկ երբեմն ալ կը տեսնենք ծնողներ, որոնք կը դժգոհին, թէ դպրոցներուն մէջ հայերէնի համար շատ ժամեր կը յատկացուին։ Այսպիսի պայմաններու մէջ հայկական դպրոցները աւելի քան երբեք պէտք է ապաւինին առողջ եւ կենսունակ դպրոցական մշակոյթի մը։ Երբ հայերէնի ուսուցումը կը կապուի ստեղծագործ մտածողութեան, քննարկումներու, պատմութիւններու եւ մշակութային ինքնութեան հետ, լեզուն կը դադրի միայն առարկայ ըլլալէ եւ կը դառնայ կենդանի փորձառութիւն։ Այդ ժամանակ հայերէնը կը շարունակէ ապրիլ ոչ միայն դասարաններուն մէջ, այլ նաեւ երիտասարդ սերունդին մտածողութեան եւ ինքնութեան մէջ։ Դպրոցը կապել առօրեային, դուրսի աշխարհին, որպէսզի ներգրաւէ եւ աւելի մօտենայ աշակերտին հասկացողութեան եւ անոր իրական կեանքին:

 

Share62Tweet39
Previous Post

Ընկեր Վանիկ Տագէսեան. «Առաջնահերթութիւնը Համայնքի Պաշտպանութիւնն Է՝ Զգուշաւոր Եւ Պատասխանատու Չէզոքութեան Ճանապարհով»

Next Post

Լուրեր. 2 Ապրիլ 2026

Next Post
Լուրեր. 2 Ապրիլ 2026

Լուրեր. 2 Ապրիլ 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.