Միջին Արեւելքի ներկայ լարուած եւ պայթիւնավտանգ իրավիճակը, յատկապէս Իսրայէլի շարունակական հարուածներու լոյսին տակ, նոր ծանր փորձութեան առջեւ կը դնէ Լիբանանը, ահռելի քանդումներով, քաղաքացիական կառոյցներու թիրախաւորումներով, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու, զոհերու եւ վիրաւորներու աճող թիւով։
Այս բարդ իրողութեան դիմաց, լիբանանահայութիւնը եւ անոր քաղաքական ուժերը կը կանգնին նոր ռազմավարական մօտեցումներու անհրաժեշտութեան առջեւ: Միեւնոյն ժամանակ, այս իրավիճակը կը վերարծարծէ սփիւռքահայութեան համար լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը՝ որպէս առանցքային համայնք, ինչպէս նաեւ կը յառաջացնէ հարցադրումներ՝ թէ այս զարգացումները ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնան ունենալ թէ՛ Ծոցի երկիրներու հայկական գաղութներուն, եւ թէ՛ Հայաստանի վրայ։
Այս բոլոր խնդիրներու լոյսին տակ, զրուցեցինք Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանի հետ, փորձելով լսել անոր գնահատականները եւ մօտեցումները ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ։
(Ա.)
Հ.- Ընկեր Տագէսեան, Միջին Արեւելքի ներկայ լարուած իրավիճակին մէջ, յատկապէս Իսրայէլի հարուածներու լոյսին տակ՝ Հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքաայի մէջ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր ապահովական եւ քաղաքական դրութիւնը Լիբանանի մէջ։
Պ.- Լիբանանի ընդհանուր ապահովական եւ քաղաքական վիճակը ներկայիս կը գտնուի չափազանց մտահոգիչ եւ խորապէս անկայուն վիճակի մէջ։ Տարածաշրջանային լարուածութիւնը, յատկապէս Իսրայէլի շարունակական հարուածները կը ներթափանցեն երկրի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ՝ ազդելով քաղաքական որոշումներու, հասարակական տրամադրութիւններու եւ տնտեսական գործունէութեան վրայ։
Ներքին առումով, Լիբանանը արդէն կը տառապի երկարամեայ քաղաքական ճգնաժամէ, ուր բեւեռացումները կը խոչընդոտեն կենսական բարեփոխումներու իրականացումը։ Պետական կառոյցները, որոնք արդէն տկարացած էին տարիներու ընթացքին, ներկայ պայմաններուն տակ կը գտնուին աւելի մեծ ճնշման տակ՝ անկարող ըլլալով լիարժէք կերպով արձագանգել ապահովական, տնտեսական եւ մարդասիրական մարտահրաւէրներուն։
Տնտեսական փլուզումը կը շարունակէ խորանալ՝ ազգային արժոյթի արժեզրկումով, գործազրկութեան աճով եւ կենսական ծառայութիւններու սղութեամբ։ Այս բոլորին վրայ աւելցած է նաեւ անվտանգային սպառնալիքը, որ կը վտանգէ միջավայրը եւ կը սաստկացնէ բնակչութեան ընկերային տագնապը։ Մարդիկ կը գտնուին գոյատեւման պայքարի մէջ, մինչ պետական աջակցութիւնը կը մնայ սահմանափակ։
Այս բոլոր գործօնները միասին կը ձեւաւորեն ընդհանուր մթնոլորտ մը, ուր անորոշութիւնը, վախը եւ ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնը կը դառնան գերիշխող։ Լիբանանը կը կանգնի վճռորոշ փուլի մը առջեւ, ուր կայունութեան վերականգնումը կը պահանջէ թէ՛ ներքին համախմբում, թէ՛ արտաքին լարուածութեան նուազեցում, այլապէս երկիրը կրնայ աւելի խոր ճգնաժամի մէջ սահիլ։
Հ.- Վերջին օրերուն արձանագրուած ահռելի քանդումները եւ քաղաքացիական շէնքերու թիրախաւորումները, մինչեւ Նապաայի մէջ գտնուող շէնք մը, ինչպիսի՞ հետեւանքներ կրնան ունենալ երկրի հայկական ներքին կայունութեան եւ բնակչութեան հոգեբանական վիճակին վրայ։
Պ.- Թէեւ լիբանանահայութիւնը ուղղակի վնասներ չէ կրած, սակայն ընդհանուր ճգնաժամը անխուսափելիօրէն կ’ազդէ նաեւ մեր համայնքին վրայ։ Ի՞նչ են այսօր լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրները։
Լիբանանահայութիւնը, թէեւ ուղղակի թիրախ չէ եղած, անխուսափելիօրէն կը կրէ երկրին վրայ ծանրացած ընդհանուր ճգնաժամին հետեւանքները։ Հայաբնակ շրջանները, քաղաքներն ու թաղամասերը առայժմ կը նկատուին համեմատաբար ապահով եւ հեռու լայնածաւալ հարուածներէն, սակայն այս ապահովութիւնը ամբողջական կամ երաշխաւորուած չէ։ Վերջին օրերուն Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած դէպքը, ուր շէնք մը երկու անգամ թիրախ դարձաւ, կը յիշեցնէ, թէ վտանգը կրնայ հասնիլ նաեւ այն վայրերը, որոնք մինչ այժմ կը համարուէին աւելի ապահով։
Այնուամենայնիւ, համայնքին ներկայացուցիչները եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը շարունակեն դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։ Այստեղ անպայման կ’ուզեմ անդրադառնալ, 23 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած այն ժողովին, ուր Վեհափառ Տէրը իր հայրական հոգատարութեամբ համախմբեց ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ անոնց փոխանցեց իր յորդորները։
Այս պայմաններուն մէջ առաջնահերթ կը դառնայ համայնքային կառոյցներու պահպանումը, կազմակերպուած կեանքի շարունակականութիւնը եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդումը։ Լիբանանահայութիւնը պատմականօրէն դիմակայած է նման ճգնաժամեր եւ այսօր եւս կը վերանորոգէ իր յանձնառութիւնը՝ պահպանելու համախմբուածութիւնը, միասնականութիւնը եւ համադրուած աշխատանքը։
Հ.- Տեղահանուածներու, զոհերու եւ վիրաւորներու ներկայ իրողութիւնը ինչպէ՞ս կ’անդրադառնայ համայնքային կեանքին վրայ, եւ արդեօք կա՞ն օժանդակութեան յատուկ նախաձեռնութիւններ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կամ այլ կառոյցներու կողմէ։
Պ.- Տեղահանուածներու եւ զոհերու թիւին աճը ուղղակի ազդեցութիւն ունի համայնքային կեանքին վրայ՝ ստեղծելով մարդասիրական եւ ընկերային նոր կարիքներ։ Հայկական եւ լիբանանեան տարբեր կառոյցներ, ներառեալ Ս.Դ.Հ.Կ.-ը, կը փորձեն կազմակերպել օժանդակութեան նախաձեռնութիւններ՝ սնունդի, դեղորայքի եւ ապաստանի ապահովման ուղղութեամբ։ Սակայն կարիքները շատ աւելի մեծ են, քան առկայ միջոցները։
Միեւնոյն ժամանակ, մեր կուսակցութեան ակումբային մասնաճիւղերը, յատկապէս «Ժիրայր Մուրատ»-ը՝ Նոր Հաճըն շրջանին մէջ, եւ «Աղասի»-ն՝ Ռմէյլ-Խալիլ Պատաուի շրջանին մէջ, լիովին իրազեկ են հայկական բնակչութեամբ շրջաններու իրավիճակին։ Անոնք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն թաղամասերու վերահսկման եւ ապահովութեան՝ հետեւելով նոր ժամանողներուն, ճշդելով անոնց ինքնութիւնը եւ համապատասխան տեղեկութիւնները փոխանցելով քաղաքապետարանին։
Հ.- Ընկեր Տագէսեան, դժբախտաբար այսօր դժուար է կանխատեսել պատերազմին մօտալուտ աւարտը. այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ ընդհանրապէս լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութիւններուն ռազմավարական մօտեցումը, հաշուի առնելով նաեւ 1975, 1996, 2006 եւ 2024 թուականներու փորձառութիւնը։
Պ.- Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ ընդհանրապէս լիբանանահայ քաղաքական ուժերուն ռազմավարութիւնը կը շարունակէ հիմնուիլ զգուշաւորութեան, պատասխանատու չեզոքութեան եւ, առաջին հերթին, համայնքի պաշտպանութեան վրայ։ Նախորդ տասնամեակներու դառն փորձառութիւնը յստակօրէն ապացուցած է, որ ներքին բախումներէն հեռու մնալը եւ համայնքային անվտանգութեան, կրթական ու ընկերային կառոյցներու շարունակականութեան ապահովումը կենսական առաջնահերթութիւններ են։ Սակայն ներկայ իրավիճակը որոշ առումով տարբեր է անցեալէն, քանի որ Լիբանանը այսօր ունի հանրապետութեան նախագահ եւ կառավարութիւն՝ վարչապետին գլխաւորութեամբ, որոնք կը ներկայանան աւելի միասնական քաղաքական տեսլականով, որոշումներով եւ գործելաոճով։ Կարեւոր է շեշտել նաեւ հիմնարար սկզբունք մը․ երկրի պատերազմին եւ խաղաղութեան վերաբերող որոշումները պէտք է կայացուին բացառապէս պետութեան եւ օրինական իշխանութիւններուն կողմէ, եւ ոչ թէ զինուած որեւէ խմբաւորման։
Այդուհանդերձ, Մ.Ա.Կ.-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը կը շարունակէ մնալ հիմնական խնդիրներէն մէկը։ Չնայած շուրջ 15 ամիս տեւած զինադադարին, մինչեւ օրս կարելի չէ եղած ամբողջական կերպով վերահսկել զինուած վիճակը եւ զինաթափել Հըզպալլան։
Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլ կը շարունակէ անընդմէջ հարուածել Լիբանանի տարբեր շրջաններ՝ պատճառաբանելով, թէ կը կանխարգիլէ Հըզպալլայի կողմէ հնարաւոր յարձակումներու նախապատրաստութիւնը։ Հարկ է նաեւ նշել, որ Իսրայէլ նախորդ պատերազմին ընթացքին գրաւած էր Հարաւային Լիբանանի որոշ տարածքներ եւ ամբողջովին չէր նահանջած, ինչ որ կը շարունակէ ոտնահարել Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու կը շարունակէ ճնշումները լիբանանեան բանակին վրայ՝ Հըզպալլայի զինաթափման ուղղութեամբ։ Սակայն այս հարցը չափազանց զգայուն եւ վտանգաւոր է ներկայ պայմաններուն մէջ, քանի որ նման զարգացում մը կրնայ յանգեցնել ներքին բախումի եւ վտանգել երկրին կայունութիւնը։
Այս բոլոր պայմաններուն մէջ, լիբանանահայ քաղաքական ուժերուն մօտեցումը կը մնայ հաւասարակշռուած եւ իրատեսական՝ Լիբանանը զերծ պահելու նոր վտանգներէ եւ ամրապնդելու լիբանանահայութեան ներքին միասնականութիւնը։
Հ.- Մենք յաճախ կը կրկնենք, թէ «Լիբանանը հայութեան սիրտն է». ներկայ զարգացումներու լոյսին տակ, արդեօ՞ք Լիբանանը պիտի շարունակէ պահել այս առանցքային դերակատարութիւնը սփիւռքահայութեան համար։
Պ.- Լիբանանը պատմականօրէն եղած է սփիւռքահայութեան սիրտը՝ իր հարուստ համայնքային կեանքով, կրթական հաստատութիւններով, մշակութային կեդրոններով եւ քաղաքական գործունէութեամբ։ Սակայն ներկայ զարգացումները՝ քաղաքական անորոշութիւն, տնտեսական տագնապ եւ արտագաղթի աճ, անխուսափելիօրէն հարցականի տակ կը դնեն այս դերը։
Այդուհանդերձ, «սիրտ» ըլլալը միայն աշխարհագրական չէ, այլ նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային։ Այս իմաստով Լիբանանը տակաւին կը պահպանէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը, թէեւ այլ ձեւով։ Ան գուցէ այլեւս միակ «սիրտը» չէ, բայց կը մնայ կենսական զարկերակ մը Սփիւռքի մէջ։
Հ.- Ի՞նչ կապեր եւ համագործակցութիւն կայ այսօր Ծոցի երկիրներու եւ Իրանի հայ համայնքին հետ։
Պ.- Այսօր սփիւռքահայ տարբեր կեդրոններու միջեւ կապերը կը շարունակեն մնալ կենսունակ։ Իրանի հայ համայնքը կը շարունակէ մնալ ամէնէն կազմակերպուածներէն մէկը։ Սակայն վերջին զարգացումները նոր մարտահրաւէրներ ստեղծած են՝ անվտանգային առումով։
Հ.- Այս զարգացումները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի վրայ։
Պ.- Տարածաշրջանային զարգացումները անխուսափելիօրէն ազդեցութիւն կ’ունենան Հայաստանի վրայ՝ թէ՛ անվտանգային, թէ՛ տնտեսական առումով։ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մօտեցումը կը հիմնուի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան վրայ՝ պահելով կապեր Արեւմուտքի, Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ։ Հայաստանի ապագան պէտք է կառուցուի ինքնիշխանութեան ամրապնդման, պետական կառոյցներու զարգացման եւ խոհեմ քաղաքականութեան վրայ։

