Անշուշտ, ո՛չ անակնկալ էր, ո՛չ ալ նորութիւն, այն ողբերգական կացութիւնը, որ պատած է աշխարհը, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքը, ստեղծելով ահաւոր դժոխային արհաւիրք մը, ուր մահը, աւերը սփռուած են ամէնուրեք, անզուսպօրէն, անգութօրէն ու սառնասրտօրէն։
Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ (ու կ’ունենայ) արդէն կը գուժէ ու կը յուշէ տարածուած սարսափին բուռն տարողութիւնը ո՜րքան բռնացած է, գժուած եւ անասնացած ու ոչ ոք չ’ըմբռներ ու չի գիտակցիր այդ քայլերուն, բռնութիւններուն, բռնակալութիւններուն ու բռնապետութիւններուն, «անպատասխանատու» կողմերը այս համաշխարհային աղէտին եւ արդեօ՞ք օր մը կը ստանան իրենց արժանին, եթէ իսկական (՞) արդարութիւն կայ…։
Այդուհանդերձ, աւելի քան միամտութիւն է (չըսելու՝ բթամտութիւն), չկարծել թէ տիեզերքի չարագործները, ոճրագործներն ու արիւնարբուները կրնա՞ն, ունի՞ն, մարդկայնական զգացումներ, հասկնալու կամ ապրելու այն հոգեվիճակները, որոնք «կը վխտան» աջ ու ձախ, թիրախ դարձնելով անմեղները, անկարներն ու անտէրները, իսկ յետոյ ալ հանդէս գալով չքմեղանքներով, խաղաղասիրութեամբ եւ օրինապահութեամբ։
Ասկէ աւելի քստմնելի ու զազրելի մօտեցումներ կարելի չէ պատկերացնել, երբ անողնաշար, անդիմագիծ եւ անպատկառ պետական-քաղաքական հոսանքներ կը ժպրհին իրենք զիրենք ներկայացնելու կամ պարուրելու միայն կեղծիքներով, նենգութիւններով ու խաբեբայութիւններով, իբր թէ կողմնակից կամ զօրակից են «թոյլ»երուն նկատմամբ, մինչդեռ ամէնէն սուր բորենիներն ու գաղթակղեցուցիչ գիշակերներն են, լլկելու, յօշոտելու եւ յափշտակելու, նոյնիսկ իրենց դաշնակիցները, ընկերակիցներն ու գործընկերները։
Վերջին հաշուով, հզօրութիւնները, ուժականութիւններն ու տիրապետութիւնները ի՞նչ են, եթէ ոչ բռնազբօսիկութեանց մէկական անտիպարներ, որոնք յիմարօրէն եւ արկածախնդրօրէն կը փորձեն դառնալ մէկական հերոսներ, ոտնակոխելով նոյնիսկ սրբութիւններ ու նուիրականութիւններ։
Անգամ մը թող դիտուի ու խորաչափուի, նախկին թէ նորօրեայ այսպիսի խրտուիլակներով օժտուածներ, պետութեան ու պետականութեան լպրծութեամբ ու լրբութեամբ համակուածներ, ի՜նչ աւերներ կը գործեն եւ ուր կը հասցնեն ժողովուրդներու արժանապատուութիւնը, ապա, դառնալու ու ճանչցուելու համար… կերտիչներ։
Ահաւասիկ այստեղէն կը սկսին անկումները ու կը շարունակուին դէպի նոր քանդումներ, այն ճաթռտան կարգախօսներով, որոնք իբր թէ խաղաղութեան ցուցանիշներ են, մոռնալով որ զանոնք գործադրողները գերազանցած են գեհենային սատանայութիւնները։
***
Ո՞վ է այս բոլորին «ճախճախտեալ ճարտարապետ»-ը, կասկած կա՞յ, թէ՞ ամէն ոք ինքզինք հաւկոյր ու խուլ կը ձեւացնէ, երբ հայելիի նման յստակ է, որ առաջին կարգի վրայ կու գան այն երկիրները, որոնք արուեստական դրուածք ունին եւ անոնք հիմնուած են կամ բացայայտուած արուեստականութիւններով, որպէսզի աշխարհը ստրկացնեն, սեփականացնեն եւ ոչնչացնեն։
Բացատրուա՞ծ է կամ ծանօթացուա՞ծ է, որ Ամերիկան ինչո՞ւ ստեղծուեցաւ եւ ո՞ւր անոր դերակատարութիւնը դրոշմուեցաւ։ Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսը այդ ընդարձակ ցամաքամասը արդեօք յայտնաբերեց ու տիրապետող իշխանութիւն դարձուց (կամ դարձաւ) որպէսզի ի՞նչ, ան դառնայ աշխարհի պատուհասը իր գռեհիկ գործողութիւններով, փողոցային մարտամարզանքներով ու ոճրային հասարակութիւններով։
Այսօր, Ամերիկան, իր անուանումով ու կոչումով, եթէ կը ճանչցուի իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, այդ ալ գիտակցուած, կարգաւորուած ու դրսեւորուած արուեստականութիւն մըն էր, որովհետեւ ինք ՄԻԱՁՈՅԼ զուտ ազգայնականութիւն մը չէր, այլ՝ տարբեր ազգութիւններէ բաղկացած բեկորներու, մնացորդացներու, համախմբումներու եւ խառնակութիւններու հաւաքական ամբողջութիւն մը։
Իսկ այդ կարգավիճակը արդէն հող պատրաստեց, որ՝Քոլոմպոսի Ամերիկան դառնար աշխարհի մեծագոյն կայսրութիւններէն մէկը, սակայն այն յոռեգոյնութեամբ, որ «սիրտ կը խառնէ», զզուանք կ’առաջացնէ եւ, այլոց հաշուոյն, միայն չարիք ու կեղծիք կը բաշխէ մարդկութեան ու բնակչութիւններուն։
Հետեւաբար, ո՞վ ըսաւ, որ յատկապէս Արեւմտեան Եւրոպան ինքզինք ձեւացնող ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան ու մարդասիրութեան ջատագով մըն է, երբ ոչինչով արդարացուց իր գոյութիւնը, իրմէ ակնկալուած դերակատարութիւնը երբեք չփայլեցաւ, ընդհակառակը, իր պաղ անտարբերութեամբ, տափակութեամբ եւ անհաճոյութեամբ, դարձաւ կապկային անախորժութիւն մը։
(Ի դէպ, նոյն այս Եւրոպան, պատմականօրէն եւ ներկայիս, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին ինչո՞վ օգտակար եղած է, նպաստած, բացի իր շաղակրատութեամբ ու շեփորութեան այլանդակութիւններէն, իսկ հիմա ալ անոնց «խժալուր երգն ու կոչը կը հնչեցնէ)։
Իսկ դո՛ւք, արաբական աշխարհ, պաղեստինեան Կազան թողլքելէ ետք, իր բռնագրաւումներէն, անմեղ երեխաներու սպանութիւններէն, տեղահանութիւններէն ետք, ինչպէ՞ս կը վերաբերիք ձեր հայրենակիցներու եւ ազգակիցներու այս դաժան ու ցաւալի ճակատագրերուն հետ։
Չտեսա՞ք, չզգացի՞ք, որ նոյն «իժային ոսոխ»-ները, ինչպէ՞ս բզիկ-բզիկ, կտոր-կտոր ըրին ձեր հարազատները, իսկ դուք, հանդարտաբարոյ տեսքով, «վայելեցիք» այդ դառնութիւններն ու դժբախտութիւնները, յանուն ինչի՞ եւ որո՞ւ, ա՞յս էր ձեր արիւնակցութիւնը, թէ՞ ձեզի համար կարեւորը օտարն է, այն օտարամոլը, որ արաբական աշխարհը առած է իր աքցանին մէջ ու զայն դարձուցած է հլու-հնազանդ մը։
***
Երէկ, Իրաքն էր, ապա՝ Լիպիան, հուսկ՝ Սուրիան, այժմ՝ Լիբանանը եւ Իրանը (վաղը՝ Քուպան, միւս օրը՝ մնացեալ… ողորմելիները), որոնց մեծ մասին «մեղք»ը Ամերիկային զոհն է, իսրայէլեան խժդժութիւններով ու ծամածռութիւններով, երբ կը փորձեն աշխարհը նուաճել ու կոխկռտել, իսկ մարդկութիւնը լլկել ու ճզմրտել։
Սակայն, յանուն ինչի՞, պրն. Տոնալտ Թրամփ, չէ՞ որ ինքզինքդ հռչակեցիր «դրախտ»ի միայնակ… յաճախորդ եւ անմրցելի… սողոսկող մը, մինչդեռ դարձար «տոնալտ»ային… անհամ կարկանդակ մը ու թրամփային խժալուր թմբկահար մը, որուն համար միջազգային ծաղրածու-երգիծանկարներ ողողուեցան բազմաթիւ ու բազմագոյն (չ)պատկերներով, ընդ որում, անոնցմէ մէկը ուրուագծեց «չորքոտանի» մը (նախագահի կերպարով), իսկ անոր վրան հեծած անփառունակ… կապկագիժ մը։
Որեւէ հիմնական վարկած մը կը մտահոգէ՞ (արդեօ՞ք) ամերիկացի ժողովուրդը, թէ՞ ինչպէս կը հանդուրժէ այն վարկաբեկումը, որուն գլխաւոր խորհրդանիշը կը հանդիսանայ իր նախագահը, երբ ան կը դառնայ լղրճուկ-ստրուկը Նեթանիահու կոչուած բազմագլխանի տականքի մը, գիտնալով անոր շահադիտական, ստրկամտական, վայրենաբարոյական եւ անմարդկայնական վարքագիծն ու կոտոշավարութիւնը։
Ասիկա ի՞նչ վարկ ու պատիւ կը բերէ Ամերիկային եւ ամերիկացիներուն, երբ իրենց հրամանատար-նախագահը, ձեռքը զարնելով սեղանին, անմեղ ժողովուրդներ կը սպանդէ, կը հնձէ, կը կոխկռտէ ու կը ջլատէ, որովհետեւ կ’ենթարկուի նախնադարեան հակումներով ու հրոսակումներով համամարդասպանի մը… հրահանգներուն ու ցուցմունքներուն։
Եթէ ա՛յս է ամերիկեան վարչաքաղաքականութեան, ստորաքարշութեան ու մարդակերութեան մակարդակն ու թիրախը, նպատակն ու ծրագիրը, այն ատեն վա՜յ է եկեր անոր աշխարհահռչակութեան, մեծակայսրութեան ու գերհզօրութեան կարգախօսական (չ)շռայլայնքներուն, որոնք հաւասար են զերոյական եւ ունայնամտական… հերձուածութիւններու տարափի մը։
Վերջին հաշուով, թմբկահարներ, ամերիկեան թէ այլ ափերէ, պատմութեան առջեւ դուք չունի՞ք ԹԱՍԻՊ ու ՆԱՄՈՒՍ, երբ ձեր լեղի ու սին քաղաքական այլանդակութիւնները եւ այլամերժութիւնները կը շփոթէք մարդկութեան գոյակեցութեան հետ եւ կը յաւակնիք կոչուելու կամ ձեւանալու… փրկարարներ, ազատամիտներ կամ շնորհալիներ, մինչդեռ դուք ոչ մէկ ձեւով կամ ոճով անոնց կողքէն իսկ չէք անցնիր։
Ամերիկեան պատմութեան մէջ, ճիշդ է, նախագահներ եկած եւ անցած են, բայց այս աստիճանի նուաստացնող դէմքեր հազիւ յայտնուած են, օրինակ, նախագահ Ճիմի Քարթըրի պաշտօնավարութեան տարիներուն, անոր վարչակարգը որեւէ ձեւով «ա լա Թրամփեան» նման սպանդներու մէջ չէ յայտնուած, որ թէ՛ Ամերիկան վարկաբեկէ, թէ՛ նախագահական համակարգը շահագործէ։
***
Ասկէ կը ծագի մե՜ծ հարցումը, գլխապտոյտ յառաջացնող ոլորապտոյտներով, Թրամփ-Նեթանիահու, դուք ինչի՞ հետամուտ էք, ո՞ւր է ձեր սահմանը, ինչո՞վ կը թարգմանէք ձեր անճոռնիական ձաբռտուքներն ու սպրդասացութիւնները եւ ինչպէ՞ս պիտի արդարանաք ձեր, մեղմ (չ)ըսած, անբարոյականութիւններով, տմարդութիւններով եւ, ինչու ոչ, նաեւ ձեր քստմնելիութիւններով։
Արդեօ՞ք ձեր անյիշարժան ոտնձգութիւններով եւ յամառութիւններով կը կարծէք, թէ ցմահական վհուկներ կամ փսլնքոտներ էք եւ կը յաւակնիք աշխարհը պահելու ձեր քոսոտ լանջերուն մէջ։
Իսկ ամէնէն կարեւորը, ձեր այս վարած ու ՎԱՌԱԾ անքաղաքականութիւնը կը խորհի՞ք որ կը ծառայէ ժողովուրդներու բարօրութեան ու մարդկութեան բարեկեցութեան։
Մէկը չյիշեցո՞ւց կամ չմխթե՞ց ձեզի, որ ձեր ըրածը «սեւ խրախճանք» մըն է, որ կը գործադրուի ու կը մատուցուի մարդկութեան դէմ, զայն առաջնորդելով դէպի… անկում կամ փլուզում։
Եթէ ձեր ըրածը «պատերազմ» է, ո՞վ ըսաւ որ անիկա կ’ըլլայ կամ կրնայ դառնալ նման վայնասուններու մոլեգնութեամբ, գազանութեամբ եւ ստահակութեամբ ագարակ մը։
Եթէ այս բոլոր պատերազմը Ամերիկայի եւ Իսրայէլի համար կը նկատուին «դասական» կամ «սովորական» գործողութիւններ, ատոնք միայն ցնդաբանութիւններ ու ցնորամտութիւններ են, երբ աշխարհի աչքին առջեւ անոնք կը զբաղին ցեղասպանութեամբ, ոճրագործութեամբ, մարդասպանութեամբ, տխմարօրէն եւ ապիկարօրէն հաշուեյարդար տեսնելով մարդկութեան դէմ։
Եթէ Իսրայէլի նման չպետութեան մը մարդապիղծ գործողութիւնները «հասկնալի» են իրենց աւերներով եւ աղէտներով, որոնք գլեցին ու անցան պատմութեան ամէնէն բիրտ ու կոշտ խոշտանգումները, ապա Ամերիկայի դերը առնուազն ոչ միայն անըմբռնելի է, այլեւ խստօրէն դատապարտելի, մոռնալով որ ան ինքզինք կը համարէ ժողովրդավարութեան ու խաղաղութեան աննկուն դրօշակակիր մը, սակայն կը գործէ ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ, դառնալով մահուան ու քանդումներու տխրայուշ ախոյեան մը։
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել այս երկու թունաւորներու խելակորոյս կեցուածքները, որոնք միայն գունաւորուած են արեան հոսումներով, առանց որ որեւէ կողմ մը դոյզն միջամտութիւն ու զսպուածութիւն պահանջէ ու պարտադրէ։
Իսրայէլը կը յոխորտայ ու կը ձաբռտէ, թէ ինք լծուած է «չար»երը հալածելու եւ պատժելու գործին, ինչ որ բացայայտ փչոց ու կեղծիք է, այնքան ատեն որ կը թիրախաւորէ լրիւ անմեղներ, առանց հաշուի առնելու իր անողոք ջարդերը, որոնք պատճառ կը դառնան երեխաներու եւ տարեցներու սպանդին, նաեւ ուսումնական ու բժշկական հաստատութիւններու փճացումին։
Կ’ըսուի թէ անոր նպատակն է գոնէ Լիբանանի հետ խաղաղութեան դաշինք մը կնքելու հեւքը, բայց յետին նպատակը ոչ միայն հարաւն ու Պեքաան մարդազուրկ դարձնելն է, նաեւ իր թաթը դնելը Լիբանանի վրայ, զայն գերեվարելու դիտաւորութեամբ։
Ի սկզբանէ ձախողած փորձառութիւն մը, թէկուզ այն ծանր յարձակումներուն ու յոռի մտադրութիւններուն, որոնք կը հիւսուին Լիբանանի ու լիբանանցիներուն դէմ։

