Այս օրերուն, աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը Իրանն է, անոր շուրջ ծաւալող ռազմաքաղաքական բուռն իրադարձութիւններով: Իրանը մեծապէս կը հետաքրքրէ նաեւ մեզ, որովհետեւ հոն ունինք կենսունակ համայնք մը, անմիջական դրացի է ու սահմանակից Հայաստանի եւ իրապէս կը նկատուի բարեկամ երկիր մը:
Արդարեւ, հայկական դարաւոր գաղթօճախներէն մին հանդիսացող իրանահայութեան մասին գրուած են բազմաթիւ հատորներ: Անոնց շարքէն ուշագրաւ է պատմաբան, Հայաստանի Ազգային Արխիւի գիտաշխատող, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս Աստղիկ Յակոբեանի «Իրանի հայ համայնքը 1921-1945 թթ.» մենագրութիւնը: 2022-ին հրատարակուած սոյն հատորը կը բաղկանայ 263 էջէ: Աշխատութեան խմբագիրն է ծանօթ պատմաբան Ամատունի Վիրապեան: Հատորը լոյս տեսած է Սողոմ Մելիքսեթեանի մեկենասութեամբ:
Գիրքի Յառաջաբանին (էջ 3-17) մէջ հեղինակը նախ կ’անդրադառնայ իրանահայութեան բնորոշ կարգ մը իրողութիւններու՝ որոնք բացառիկ ըլլալու հանգամանք մը կը շնորհեն համայնքին: Եթէ աշխարհատարած հայ համայնքներուն մեծ մասը կազմաւորուած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, ապա իրանահայութիւնը ունի պատմական խոր արմատներ. միակ համայնքն է, որուն գործածական լեզուն արեւելահայերէնն է. նաեւ՝ հոգեկերտուածքն ու աշխարհահայեացքը յար եւ նման են արեւելահայութեան յատկանիշերուն. անոնք եղած են հայ լեզուին, մշակոյթին եւ աւանդութեանց կրողներն ու հարստացնողները. սահմանամերձ են Հայաստանին. աւելին՝ քաղաքական ու տնտեսական պայմաններու բերումով, իրանահայեր կարեւոր դեր ունեցած են հարեւան ու բարեկամ երկրին հետ Հայաստանի կապերուն կայունացման եւ ամրապնդման մէջ: Այս առումով, Աստղիկ Յակոբեանի աշխատութիւնը, պատմագիտութեան առընթեր, կ’ունենայ նաեւ այժմէական հնչեղութիւն: Յառաջաբանէն կ’իմանանք որ հեղինակը լուսարձակի տակ առած է այն բոլոր գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք առնչուած են իր նիւթին. ան պրպտած է մամուլ, արխիւային ֆոնտեր, գիրքեր, տարեցոյցներ:
Առաջին գլուխը՝ «Իրանի հայ համայնքի կազմը եւ սոցիալ-տնտեսական դրութիւնը 1921-1945 թթ.» (էջ 18-96) ունի երկու ենթագլուխներ: Հեղինակը յստակօրէն կը պարզէ հայութեան ժողովրդագրական պատկերը, Պարսկաստանի տարբեր վայրերու մէջ բնակելուն եւ տեղաբաշխուելուն հանգամանքները: Բնականաբար, հայութիւնը նախ կեդրոնացած է Ատրպատականի տարածքին՝ Սբ. Թադեւոս առաքեալի վանքին շուրջ եւ ապա՝ Ուրմիա եւ Թաւրիզ: Կը կարդանք հայութեան թուաքանակին փոփոխութիւնը տարբեր շրջաններու, հայաբնակ գաւառներուն եւ գիւղերուն անունները՝ Սալմաստ, Փայաջուկ, Մակու, Ղարադաղ, Մուժամբար, Արտապիլ, Խոյ, ի հարկէ ամենամեծ հայաբնակ գիւղը՝ Հաֆթվան: Թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս փոփոխութեան ենթարկուած է հայութեան թուաքանակը՝ ներգաղթ դէպի Հայաստան, կամ Հայաստանէն քաղաքական պատճառներով բազմահազար հայութեան տեղափոխումը Թաւրիզ (1921). կամ՝ Սալմաստի 1930-ի երկրաշարժը՝ իր ծանր հետեւանքներով: Ապա՝ Մարաղայի, Սուլդուզի եւ Միանդաբի մասին եւ Թաւրիզի հայկական թաղերուն (Լիլաւա եւ Ղալա) տարբերութեան շուրջ կան հետաքրքրական փաստեր: 1604-ին, Շահ Աբասի դէպի Հայաստան արշաւանքէն եւ հայութեան զանգուածաբար դէպի Պարսկաստան բռնագաղթէն ետք, հայութեան թիւը կը բազմանայ Նոր Ջուղայի եւ Սպահանի մէջ. հայութիւնը կը սփռուի յարակից գաւառներ ու քաղաքներ. կը ստեղծուին զուտ հայաբնակ գիւղեր. երկար է ցանկը անոնց՝ Փերիա, Չհարմհալ, Քյարվանդ, Բուրվարի, Գյափլա, Քյամարա, Քազազ եւ այլն: Զանազան պատճառներով կը բազմանան հայերով բնակուող քաղաքները՝ Ահվազ, Խորամշահր, Ապատան, Մասճետ-Սոլէյման, Աղաջարի, Շիրազ, Խուզիստանի նահանգ եւ այլն: Ի հարկէ, հայութեան թիւը կը բազմանար ի հաշիւ Արեւմտեան Հայաստանի հայոց տարագրութեան, յատկապէս Վասպուրականէն. նաեւ՝ անոնց բաշխումը փոփոխութեանց կ’ենթարկուէր ներքին տեղափոխութեանց հետեւանքով. շատեր կը հեռանային՝ մանաւանդ Հնդկաստան, Ճաւա եւ այլուր:
Իրանի քաղաքական եւ տնտեսական արմատական փոփոխութեանց հետեւանքով, հետզհետէ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ կեդրոնական շրջանը գտնուող Թեհրանը: Արդէն հայեր հաստատուած էին աւելի հիւսիս՝ Ռաշտ ու Էնզելի եւ աւելի ուշ՝ Թեհրանի մերձակայ Վանաք գիւղը, Ղազվին, Սուլթանապատ (Արաք), Մալայեր, Մէշհէտ, Քերմանշահ, Համատան, Խորասան եւ այլն: Թեհրանի հայութեան աճը սկսաւ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք՝ երբ քաղաքը կը զարգանար արագ թափով, իսկ գաւառներէն հայեր կը տեղափոխուէին տնտեսական, կենցաղային եւ աշխատանքային նպատակներով: Հեղինակը կը փոխանցէ հետեւեալ թիւը՝ 1944-ին իրանահայոց թիւը կ’անցնէր հարիւր հազարը:
Նոյն գլխուն մէջ կը կարդանք հայոց տնտեսական դրութեան մասին, աշխատանքներու բաժանումին, գիւղական եւ քաղաքային բնակչութեան զբաղուածութեան շուրջ եւ կ’իմանանք որ կային ծայրայեղ թշուառ գիւղեր, ստրկական վիճակներ: Ինչպէս նաեւ գործարար հայոց յաջողութեանց, առեւտուրին, արհեստներու, արդիւնաբերական նախաձեռնութեանց մասին:
Երկրորդ գլուխը՝ «Իրանահայ թեմերը, համայնքի իրաւական կարգավիճակը եւ հասարակական-քաղաքական կեանքը 1921-1945 թթ.» (էջ 97-177): Շատ հետաքրքրական բաժին մըն է իր առարկայական ու գիտական տուեալներով: Կ’իմանանք թէ ինչպէս կառավարուած են իրանահայ թեմերը տարիներու թաւալքին, ինչ էր կրօնա-եկեղեցական ինքնավարութիւնը: Ի վաղուց անտի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդանիստն էր Մակուի Սբ. Թադեւոսի վանքը եւ ապա 1833-ին փոխադրուեցաւ Թաւրիզ եւ կոչուեցաւ Թաւրիզի թեմ: Հոն մեծ վաստակ ունի թեմի առաջնորդ (1912-1948) Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանը, որ, հակառակ տեղացիներու հետ լաւ յարաբերութեանց, բարդութիւններու հանդիպած է Էջմիածնի հետ՝ խորհրդային կարգերու ճնշումներուն հետեւանքով: Ընդարձակ թեմ էր իր քաղաքներով, գիւղերով, վանքերով եւ եկեղեցիներով: Աստղիկ Յակոբեան կը նշէ՝ Թաւրիզի թեմի իրաւասութեան ներքեւ գտնուող 180 եկեղեցիներէն այժմ կանգուն են 40-ը: Մակուի Սբ. Թադէի վանքի կողքին նշանաւոր են Սբ. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, Սբ. Աստուածածին եւ Սբ. Սարգիս եկեղեցիները (Թաւրիզ), Սալմաստի Ղալասարի Սբ. Սարգիսը, Խոյի Սբ. Սարգիսը եւ այլն: Յաջորդը Նոր Ջուղայի թեմն է (աւելի ուշ կոչուած իրանահնդկաստանի թեմ), որու կեդրոնը եղած է Սբ. Ամենափրկիչ վանքը: Թեմը առաջնորդած են Սահակ արք. Այվատեան, Մեսրոպ եպս. Տէր Մովսիսեան (Մագիստրոս), Վահան եպս. Կոստանեան: Թեմի ենթակայ 107 եկեղեցիներէն կանգուն են 25-ը: Նշանաւոր են Սբ. Գէորգ, Սբ. Աստուածածին, Սբ. Բեթղեհէմ, Սբ. Նիկողայոս, Սբ. Սարգիս, Սբ. Մինաս, Սբ. Ներսէս եկեղեցիները: Թեհրանի մէջ հայութեան թիւին ստուարացման պատճառով, կարգ մը կեդրոնական շրջաններ Թեհրանի միանալով ստեղծուեցաւ Թեհրանի թեմը 1944-ի վերջին եւ որմէ ետք 1945-ի սկիզբը առաջնորդ ղրկուեցաւ Վահան ծ. վրդ. Կոստանեան, ապա՝ Ռուբէն եպս. Դրամբեան: Թեմին կը պատկանին 101 եկեղեցի, որոնցմէ կանգուն են 18-ը:
Այնուհետեւ կը կարդանք իրանահայ զանազան բարեսիրական-հասարակական կազմակերպութեանց մասին.- Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ), «Հայ Կարմիր Խաչ», Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ (ՀՕԿ), Թեհրանի Հայ Կանանց Բարեգործական Ընկերութիւն, «Կապոյտ» երիտասարդական միութիւն, Թեհրանի Հայ Եկեղեցասէր Կանանց Միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, «Հայ Կին» միութիւն, «Մշակոյթ» միութիւն, «Լոյս եւ Միտք», «Րաֆֆի», «Շանթ», «Արշալոյս», տարբեր քաղաքներու մէջ զանազան միութիւններ եւ այլն: Այս բաժնին մէջ ակնարկներ կան նաեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Կեներալ Բաղրամեան» թանկային շարասիւներու համար տարուած հանգանակութեանց մասին:
Ապա՝ քաղաքական կուսակցութեանց մասին է որ կ’ընթերցենք: Նախ՝ Հ.Յ.Դ.-ի, որուն ղեկավարները, 1921-ին , մեծ թիւով խոյս տալով Հայաստանէն, փոխադրուեցան Թաւրիզ, ուր տեղի ունեցան ներքին լուրջ խլրտումներ, Գարեգին Նժդեհի դատավարութիւնը եւ առաջին արտաքսումը, Բիւրոյի ընդդիմադիր «Մինարեթ» թերթին անջատումը: Հետզհետէ, գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ Հ.Յ.Դ. կ’ունենայ կազմակերպչական լայն ցանց մը: Գիրքին հեղինակը, հաւաստի աղբիւրներէ կը յայտնէ, թէ խորհրդային իշխանութիւններ բաւականին հետեւողական աշխատանքով ուզած են պառակտել Հ.Յ.Դ.-ն. որմէ ետք, իրանեան իշխանութիւններ եւս միջամտելով՝ խուզարկութիւններ եւ բանտարկութիւններ կատարած են, բազմաթիւ ղեկավարներ հեռացուցած են երկրէն: Խորհրդային զօրքեր երբ Իրան մտան, Հ.Յ.Դ.-ի համար անբարենպաստ իրավիճակ ստեղծուեցաւ: Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Իրանի առաջին Թաւրիզի մասնաճիւղը հիմնուած է 1891-ին. աւելի ուշ մասնաճիւղեր կը հիմնուին Թեհրան, Ղազվին, Էնզելի, Ռաշտ, Արտապիլ, Մարաղա, Խոյ, Սալմաստ: Պաշտօնաթերթը եղած է «Զանգ»-ը: 1924-ին, իրանական իշխանութիւններ բռնաճնշումներ կը գործադրեն կուսակցութեան դէմ՝ ձերբակալելով բազմաթիւ գործունեայ անդամներ: Ղեկավարներէն էին Վահան Ղուկասեան, Գրիգոր Եղիկեան: Եղած են խորհրդային իշխանութեանց համակիր՝ օժանդակելով խորհրդային ազդեցութեան ուժեղացման: Աստիճանաբար կուսակցութիւնը չքացած է քաղաքական կեանքէն: Մինչեւ 1945 Իրանի մէջ ՌԱԿ գոյութիւն չունէր: Կողմնակիցները հարած էին ՀԲԸՄ-ին: Կուսակցութիւնը պաշտօնապէս հիմնուած է 1945-ին, երբ կուսակցական ղեկավարներ կը ժամանեն Իրան՝ Էօժէն Փափազեանի գլխաւորութեամբ: Իրանի հայ համայնավարները անդամակցած են տեղական Թուտէ բոլշեւիկեան կուսակցութեան: Անոնք վայելած են Խորհրդային Միութեան հովանաւորութիւնը: Ղեկավարութեան մէջն էր Արտաշէս Յովհաննիսեան, որ եղած է պատգամաւոր Իրանի խորհրդարանէն ներս երկու շրջաններով: Ան եղած է խմբագիր կուսակցութեան «Մարդոմ» թերթին:
Երրորդ գլուխը՝ «Իրանի հայ համայնքի մշակութային կեանքը 1921-1945 թթ.» (էջ 178-257) ունի երեք ենթագլուխներ: Բաժինը խտացած ուրուագիծ մըն է իրանահայ մշակութային կեանքին յատկացուած: Հեղինակը նկատի ունի կրթական կեանքը, դպրոցները, գրականութիւնը, մամուլը, երաժշտութիւնը, թատերական կեանքը, գեղանկարչութիւնն ու կերպարուեստը: Կը նկատենք որ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ գործած են դպրոցներ. Եղած են նիւթական եւ քատրային դժուարութիւններ: Դպրոցը ազդուած է արեւելահայ կրթական ցանցէն եւ դասագիրքերէն: Ցաւօք, Ռիզա Փեհլեւի շահ, ազգայնամոլական ոգիէ դրդուած, շրջան մը փակած է հայկական դպրոցները, սակայն հայեր տուներու մէջ սորված են մայրենի լեզուն, պատմութիւնն ու կրօնը: Հեղինակը կու տայ թուականներ եւ թիւեր դպրոցներուն եւ աշակերտութեան շուրջ: Գրականութեան առումով մեծ է տեղը Յովհաննէս խան Մասեհեանի եւ Յովսէփ Միրզայեանի: Յիշենք գրողներէն՝ Դեւ (Մարգար Ղարաբէկեան), Գալուստ Խանենց, Հրանդ Ֆալեան, Հայկ Գարագաշ, Արամ Գառօնէ եւ ուրիշներ: Հարուստ եղած է նաեւ թատրոնը (Գրիգոր Եղիկեան, Մանուէլ Մարութեան, Արման Յովսէփեան) եւ երգարուեստը (Համբարձում Գրիգորեան, Նիկոլ Գալանտէրեան): Իսկ նկարչութեան մէջ՝ Անտրէ Սեւրուգին, Սարգիս Խաչատուրեան, Սմբատ Կիւրեղեան: Աստղիկ Յակոբեան իրաւացիօրէն դիտել կու տայ, որ իրանահայեր զգալի ներդրում ունեցած են Իրանի մշակութային կեանքին մէջ:
Գիրքի աւարտին կայ Վերջաբան մը, ուր հեղինակը կ’ամփոփէ իր դիտարկումները իրանահայութեան շուրջ, կը կատարէ կարճ ու դիպուկ եզրայանգումներ՝ իր պրպտումներէն քաղուած: Յիրաւի, հեղինակը կատարած է գովելի աշխատանք:

