Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 31 Մարտ 2026

March 31, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 31 Մարտ 2026

ԱՈՒՆ. «ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳՈՂԻՆ ՁԵՌՔԸ ՊԻՏԻ ԿՈՏՐՈՒԻ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն սպառնաց կոտրել այն ձեռքերը, որոնք կրնան յանդգնիլ վտանգել Լիբանանի ներքին կայունութիւնը: «Լիբանանի մէջ ոչ ոք կ’ուզէ քաղաքացիական պատերազմի բռնկում», ըսաւ Աուն եւ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունած պատուիրակութիւններուն հետ քննարկեց երկրին ու տարածաշրջանին վտանգաւոր զարգացումները, շեշտելով որ պետական հաստատութիւններուն եւ բարեգործական կազմակերպութիւններուն պարտականութիւնն է ծառայել դժուարութիւն դիմագրաւող քաղաքացիներուն ու մանաւանդ տեղահանուածներուն: Աուն տեսակցեցաւ նաեւ հարաւային գօտիի Տըպլ գիւղէն ժամանած քաղաքացիներուն հետ, որոնք կոչ ուղղեցին անյապաղ օգնութեան հասնելու իրենց եւ տրամադրելու անհրաժեշտ նիւթերը, որպէսզի գոյատեւեն քաղաքացիները: Նախագահը դրուատեց հարաւցիներուն դիմակայող ոգին:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին դիտել տուաւ, որ կը շարունակէ աշխատիլ հարաւային գիւղերուն մէջ մնացած լիբանանցիներուն օգնութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ: Ողջունելով հարաւի բոլոր գիւղերուն մէջ դիմացող եւ տեղահանութիւն մերժող քաղաքացիները, Սալամ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ճակատագիրը պէտք չէ ենթակայ ըլլայ Լիբանանին ու քաղաքացիներուն իրաւունքներուն հետ կապ ունեցող շրջանային հաշիւներու:

 

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՉՄԵԿՆԵՑԱՒ

Նախանցեալ օր սպառեցաւ Արտաքին գործերու նախարարութենէն Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին տրուած ժամկէտը՝ հեռանալու լիբանանեան հողերէն, սակայն, ինչպէս կ’ակնկալուէր, ան մնաց դեսպանատան մէջ եւ Թեհրան յայտարարեց, թէ աշխատանքները բնականոն կերպով կը շարունակուին դեսպանատան մէջ: Յիշեցնենք, որ արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի Իրանի դեսպանը հրաւիրած էր նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած էր Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու եւ կուսակցական կողմերու հետ տեսակցելու հարցով խիստ բողոք, ինչպէս նաեւ երկրէն հեռանալու ժամկէտ: Դիւանագիտական այլ հարցով, «Ֆրանս փրես» գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները Ուքրանիոյ դեսպանութենէն պահանջած են Պէյրութին յանձնել ուքրանական հպատակութիւն կրող սուրիացի-պաղեստինցի մը, որ ապաստանած է դեսպանատուն եւ կը հետապնդուի իսրայէլեան Մոսատին հետ համագործակցելով պայթումներու ձեռնարկելու մէջ: Զայն անցեալ Սեպտեմբերին ձերբակալած էին Հըզպալլայի անդամները՝ հարաւային արուարձաններուն մէջ ականուած մոթորսիքլէթ մը տեղադրելէն ետք: Ան, սակայն, Հըզպալլայի արգելավայրէն փախուստ տուաւ 6 Մարտին՝ օգտուելով մօտակայ կառոյցի ռմբակոծումին ընձեռած առիթէն:

 

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՍՂԱՃ

Սննդանիւթ ներածող ընկերութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սննդանիւթերու սղաղճը առայժմ կը սահմանափակուի 5-7 առ հարիւրի սահմաններուն մէջ, ահազանգելով սակայն, թէ յաւելեալ գնաճ պիտի ըլլայ, եթէ պատերազմը երկար շարունակուի: Հաւաստիացնելով հանդերձ, որ ներածումի աշխատանքները բնականոն կերպով կը շարունակուին նաւահանգիստին միջոցաւ, Պոհսալի ահազանգեց մասնաւորաբար կանաչեղէնի եւ պտուղներու գնաճէն:

 

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

2020-ի Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը հետաքննող քննիչ դատաւոր Թարէք Պիթար ամբողջացուց հետաքննութիւնները եւ թղթածրարը փոխանցեց ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժարին: Նշենք, որ այս թղթածրարին առնչութեամբ ցարդ ամբաստանուած է 70 մարդ:

 

ԹԵԼ ԱՒԻՒԷՆ ԱՆԴԻՆ

Մինչ կը մեկնարկէր քրիստոնեայ շարք մը յարանուանութիւններուն Աւագ շաբաթը եւ լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններ նախանցեալ օր ականատես դարձան Ծաղկազարդին ընկերակցող ընկերային տօնախմբութիւններու, իրավիճակը կտրականապէս տարբեր էր հարաւային սահմանին զոյգ կողմերուն: Հըզպալլա յայտարարեց, թէ յատուկ հեռահար հրթիռներով ռմբակոծած է Լիբանանի սահմանէն 110 քիլոմեթր հեռու գտնուող խարիսխ մը՝ Թել Աւիւէն հարաւ: Հըզպալլայի հրթիռներ ինկած են նաեւ իսրայէլեան սահմանամերձ բնակավայրերուն եւ դիրքերուն վրայ: Երկրորդ անգամ ըլլալով, հրթիռ ինկաւ նաեւ Հայֆայի քարիւղային ենթակառոյցին վրայ՝ պատճառելով մեծ հրդեհ:

Շարունակելով իր օդային գրոհները, իսրայէլեան օդուժը երէկ երկու անգամ հարուածեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները եւ հարաւային բազմաթիւ շրջաններ՝ թիրախաւորելով շէնքեր եւ ինքնաշարժներ, Հըզպալլայի ռազմական ջանքերը խափանելու խորագրին տակ: Ըստ բանակին, ցարդ կործանուած է 170 դիրք: Կը շարունակուին նաեւ իսրայէլեան ցամաքային գործողութիւնները: Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարը յստակացուց, որ իրենք յանձնառու են, որ պատերազմի աւարտին Լիթանի գետը դարձած ըլլայ ապահովական նոր գօտին, որպէսզի սահմանային բնակավայրերուն բնակիչները պաշտպանուած զգան: «Այս միայն ռազմական նպատակ մը չէ, այլեւ մեր քաղաքացիներուն տրուած խոստում մը, մանաւանդ անոնց, որոնք կը բնակին սահմանային բնակավայրերուն մէջ», ըսաւ իսրայէլացի նախարարը: Նման յայտարարութիւններու առընթեր, իսրայէլեան ուժերը փորձեցին աւելի եւս ներթափանցել լիբանանեան հարաւի գիւղերուն մէջ: Համացանցին վրայ տարածուած տեսագրութիւններ ցոյց տուին, թէ իսրայէլացիները պայթումներու կը ձեռնարկեն Նաքուրայի, հարաւարեւելեան Հաուլա ռազմավարական գիւղին, Խիամի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ: Հըզպալլա միւս կողմէ յայտարարեց Թայպէի եւ Պէյթ Լէյֆի մէջ տեղակայուած իսրայէլեան ուժերուն վրայ կրակ բանալու եւ հրասայլեր կործանելու մասին:

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ թիրախաւորուած է Սուրի մօտակայ Աամիրիէ շրջանին անցարգելը, ուր զոհուած է զինուոր մը՝ Ալի Հըսէյն Աժամը, եւ վիրաւորուած են ուրիշներ: Երէկ, անծանօթ կողմէ ռմբակոծուեցաւ նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներու դիրք մը եւ զոհուեցաւ ինտոնեզիացի զինուոր մը: Նախագահ Ժոզէֆ Աուն գուժեց զինուորին մահը:

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԳԻՆԸ

Առողջապահութեան նախարարութեան երէկ երեկոյեան հրապարակած հերթական զեկոյցը ցոյց տուաւ, թէ իսրայէլեան յարձակումներու սկիզբէն ի վեր մահացած է 1247 մարդ, իսկ վիրաւորներուն թիւը 3680 է: Իսրայէլեան կողմը յայտարարեց, թէ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին կորսնցուցած է վեց զինուոր:

Ըստ բանակին, պատերազմի սկիզբէն ի վեր վիրաւորուած է 261 զինուոր: Իսկ Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութիւնը նշեց, թէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմին ընթացքին ցարդ վիրաւորուած է 608 մարդ, որոնցմէ 121-ը տակաւին կը բուժուին հիւանդանոցներուն մէջ:

 

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

Իրանի յեղափոխական պահակագունդի «Երուսաղէմ» զօրախումբի հրամանատար զօրավար Իսմայէլ Քաանի դիտել տուաւ, որ Իրանէն, Լիբանանէն ու Եմէնէն հրթիռային յարձակումները մերկացուցած են իսրայէլեան սուտ խոստումները: «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլ պէտք է վարժուին տարածաշրջանի նոր համակարգին», ըսաւ Քաանի: Իրանէն արձակուած հրթիռներ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կործանեցին ամերիկեան 300 միլիոն տոլար արժող գերարդիական «E-3 Sentry» տիպի օդանաւ մը, որ կը գործածուէր դիտարկելու Իրանէն ժամանող վտանգները: Քուէյթի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Իրանէն արձակուած հրթիռներ նիւթական վնաս պատճառած են ելեկտրականութեան ցանցին եւ ջուրի հաստատութեան, իսկ Իրան պնդեց, որ նշեալ կառուցներուն դէմ յարձակումը գործած է Իսրայէլ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ ծանրօրէն ռմբակոծեց Թեհրանի մէջ գտնուող շարք մը թիրախներ՝ նեռառեալ յեղափոխական պահակագունդին ռազմական դպրոցը: Ըստ բանբերին, երկու օրուան ընթացքին գործադրուած է 40 գործողութիւն: Իրանի յեղափոխական պահակագունդը գուժեց իր ծովուժի հրամանատարին մահը՝ ամերիկեան-իսրայէլեան հարուածներէն, եւ յայտարարեց, թէ քանի մը ալիքներով հրթիռակոծած է իսրայէլեան հիւսիսային, կեդրոնական եւ հաւային շրջանները՝ հասնելով Տիմոնա եւ Նեկեւ: Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ Իրանէն արձակուած հրթիռ մը մուտք գործած է Թուրքիոյ օդային տարածք եւ զայն կործանած է ՆԱԹՕ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը: Թուրքիոյ նախագահութիւնը իր կարգին ժխտեց տարածուած լուրերը այն մասին, որ Անքարա կը մտադրէ պատերազմին մասնակցիլ Իրանին կողմէ, ինչպէս նաեւ զինուորականօրէն ներխուժել Լիբանան:

 

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԱՆՈՐՈՇ ՎԻՃԱԿ

Պատերազմը դադրեցնելու համար բանակցային սեղան նստելու ուղղութեամբ տակաւին յստակ քայլեր չկան, թէեւ այդ մասին կը յայտարարեն ամերիկեացի եւ իրանցի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ երրորդ կողմեր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն-Թեհրան հաղորդակցութիւնները կը կատարուին միջնորդներու աշխատանքով: Ըստ նախարարին, «Տոնըլտ Թրամփ կը նախընտրէ դիւանագիտութիւնը՝ հասնելու համար դրական արդիւնքներու, որոնք կարելի էր իրագործել անցեալին եւս»: Հաւատարիմ մնալով հակասական յայտարարութիւններ արձակելու իր սովորութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ սպառնաց շուտով համաձայնութեան չյանգելու պարագային կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կործանել Իրանի ելեկտրակայանները, քարիւղային ենթակառոյցները եւ Թեհրանի համար խիստ կարեւոր Խարք կղզին: Պնդելով, թէ Իրանի վարչակարգը փլուզուած է, ամերիկացի նախագահը նշեց, որ իրենք այժմ կը բանակցին նոր եւ աւելի տրամաբանող իշխանութեան հետ: Ան սակայն միաժամանակ շեշտեց, որ Իրանի վարչակարգը պէտք է շուտով համաձայնութիւն կնքէ, այլապէս պիտի դիմագրաւէ ծանր հետեւանքներ: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յստակացուց, որ ցարդ ուղղակի չեն բանակցած Ուաշինկթընի հետ, սակայն միջնորդներէն ստացած են բանակցելու մասին ամերիկեան փափաք հաստատող նամակներ:

 

ՔԱՐԻՒՂԱՅԻՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆ

Չդադրող պատերազմին լոյսին տակ, ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակեն բարձրանալ քարիւղի համաշխարհային սակագիները: Մեծ եօթնեակի ելեւմուտքի նախարարները ու կեդրոնական դրամատուներու կառավարիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին դիմելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն՝ պաշտպանելու համար քարիւղային ոլորտին անվտանգութիւնը եւ կանխելու ելեւմտական ու տնտեսական յաւելեալ անկումը: Գերմանիոյ վարչապետը դարձեալ զգուշացուց պատերազմի շարունակութեան հետեւանքներէն, կարծիք յայտնելով, որ Գերմանիոյ ու Եւրոպայի վրայ անոր ազդեցութիւնը նման պիտի ըլլայ Քովիտ-19 համաճարակի ազդեցութեան: Իսկ Սպանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկրին օդային տարածքը փակեց Իրանի պատերազմին մասնակցող ամերիկեան օդանաւերուն առջեւ, նախարարն ալ շեշտեց, որ Մատրիտ Իրանի դէմ յարձակումը կը համարէ ապօրինի ու անարդար, մերժելով իր օդային խարիսխները տրամադրել ամերիկեան ուժերուն: Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Քիր Սթարմըր յստակացուց, որ իրենք մաս պիտի չկազմեն Միջին Արեւելքի պատերազմին, որ իրենց հետ որեւէ կապ չունի: Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսի իր ամերիկացի պաշտօնակիցին կոչ ուղղեց դադրեցնելու պատերազմը, որ մեծապէս կ’ազդէ քարիւղային ընկերութիւններուն վրայ:

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

Ի Յիշատակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Next Post

«Իրանի Հայ Համայնքը 1921 – 1945 Թթ.»

Next Post
«Իրանի Հայ Համայնքը 1921 – 1945 Թթ.»

«Իրանի Հայ Համայնքը 1921 – 1945 Թթ.»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.