Մեծ ցաւով տեղեկացայ, որ Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ուրուկուայի մեր համայնքի նախկին անդամ, ՀԲԸ Միութեան կրթական բազմավաստակ մշակ, իմ լաւ ու հաւատարիմ բարեկամ` պրն. Օհան Պոտրումեանը:
Շատ դրական բան կայ ըսելու եւ գրելու Օհանի մասին, բայց հինականը կ’ուզեմ այս հակիրճ տողերուն մէջ արտայայտել, աւելի մանրամասն կը փորձեմ ապագային գրել: Ան մարդկային իր տեսակին մէջ բարի, հայրենասէր եւ բարեսիրտ անձնաւորութիւն մըն էր, նաեւ ընտանիքի մարդ, հոգատար ամուսին ու գորովագութ հայր: Երկար տարիներ միասին աշխատեցանք թէ´ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն համար եւ թէ´ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն ներս:
Օհանը նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ խոնարհ ու հաւատաւոր անդամներէն մէկն էր: Ան յաճախ սիրայօժար կերպով կ’ընկերանար ինծի իմ հովուական այցելութիւններուս ու հանդիպումներուս ընթացքին: Երբեք պիտի չմոռնամ այն տարին, երբ մինակ մնացած էի Աւագ Շաբթուան ծանր արարողութիւնները կատարելու ժամանակ, ան առաջարկեց ինծի իր օգնութիւնը, դպրութեան շապիկ հագուեցաւ եւ իր գեղեցիկ ձայնով մասնակցեցաւ արարողութիւններուն: «Ո՞ւր ես, մայր իմ»-ը ինքը երգեց այնքան գեղեցիկ եւ ինքնատիպ, որ յուզեց բոլորս: Ներկաներս յուզմունքի եւ հոգեթով մեղեդիի ազդեցութեամբ գրաւիչ ու անմոռանալի պահեր ապրեցանք:
Երբեմն պրն. Օհանը ստիպուած կ’ըլլար կամ ես ալ հետը` երբեմն ստիպուած կ’ըլլայինք մխրճուելու համայնքային հատուածական անիմաստ ու տխուր վէճերու մէջ, որոնք շատ անգամ կու գային ջլատելու մեր ուժերն ու ջանքերը ազգային ոգի եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու հարցով: Օհանը այս պարագային շատ սկզբունքային էր եւ աննահանջ պայքարող: Ան իր կողքին միշտ ունէր իր առաքինազարդ կողակիցը` տիկին Սիլվան: Այնուհետեւ, երբ ունեցաւ իր սիրասուն դուստրը` Նայիրին, անոր սիրտը լեցուեցաւ բացառիկ ուրախութեամբ, հայրական հպարտութեամբ ու երջանկութեամբ:
Թող Տիրոջ լոյսը իջնէ մեր սիրելի Օհանի վաստակաշատ հոգիին վրայ եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը անոր հարազատներուն հետ ըլլայ:
ՅԱԿՈԲ ԱՐՔ. ԳԼՆՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի

