Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Թատերական Գործունէութիւն

Երուանդ Տ. Գարաճեան

March 28, 2026
in Յօդուածներ
0
Լիբանանահայ Թատերական Գործունէութիւն

27 Մարտը կը նշուի որպէս Թատրոնի միջազգային օր. առիթ մը՝ արժեւորելու բեմական արուեստը, որ մարդկային զգացումներուն, մտքերուն եւ հասարակական իրականութեան կենդանի արտացոլումն է։ Թատրոնը դարերու ընթացքին մնացած է մշակոյթի անբաժան մէկ մասը՝ սերունդներ դաստիարակելով եւ հոգեւոր արժէքներ փոխանցելով։ Այս օրը նաեւ յարգանքի տուրք է բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով կեանք կու տան բեմին։

Այս առթիւ, յարմար նկատեցինք Երուանդ Գարաճեանի (Բազէ) մէկ անտիպ գրութիւնը ընթերցասէրներուն հրամցնել։

(Ա.)

 

Ի՞նչ է թատրոնը, անոր էութիւնը՝ բեմին եւ չորս պատերէն անդին. ին՞չ պէտք է ըլլայ անոր բովանդակութիւնը: Հակիրճ կերպով կրնանք ըսել թէ թատրոնը խտացեալ վերարտադրութիւնն է կեանքին, շաղախուած գաղափարական մտածումով, հոգեկան զգացումներով եւ ներկայացուած արուեստով, որ կը բարձրանայ բեմին վրայ, դերակատարներուն ապրումով, ցոյց տալու համար հանդիսատեսին իր իսկ  պատկերը: Այս առումով է, որ ըսուած է թէ թատրոնը դաստիարակիչ դպրոց մըն է, որովհետեւ մարդս աւելի դիւրութեամբ կը տեսնէ դիմացինին աչքի շիւղը, քան իր աչքին գերանը:

Ըսենք թէ թատրոնը շաղախուած է մտածումով, զգացումով եւ  արուեստով: Ուրեմն մարդուն ամբողջական էութիւնն է – անոր սրտին յոյզերը  եւ հոգեկան սլացքները – որ կը ներկայացնէ ան խօսքով եւ շարժումով, կամ Նշան Պեշիկթաշլեանի բառերով՝ բանիւ եւ գործով: Բեմին վրայ, ուրեմն պէտք է տեսնենք ու լսենք խօսք եւ շարժում, որ թափանցեն մեր հոգիին, հրահրեն մեր զգացումները, թեւ տան մեր երեւակայութեան, մղեն մեզ մտածումի եւ մեզի թելադրեն բարին ու գեղեցիկը:

Այսպէս, թատրոնը կը նկատուի որպէս կեանքին վերակենդանացումը, անոր ցոլացումը՝  ձայն ու ձեւի արտայայտութեամբ, որ ինչքան հարազատ՝ կ’ըլլայ այնքան սրտամօտ, մատնիչ եւ ընդունելի: Մարդ կը սիրէ տեսնել ինքզինքը բեմին վրայ. տեսնել հարազատ իր սէրերով, ցանկութիւններով, մտային սլացքներով, յոյսերով եւ յուսահատութեամբ, հիասթափութեամբ, նախանձով ու ատելութեամբ, որպէսզի կարենայ դաս մը առնել, թելադրութեան մը մտասեւեռումն ունենալ:

Ուրեմն, ժողովուրդին զբաղում եւ զբօսանք հայթաթել չէ մի միայն թատրոնին դերը գեղեցիկ արուեստներու միաձուլութեամբ, այլ ազդակ մըն է ան մեր միտքը զբաղցնելու, մեր մտածումը մղելու, եւ դատելու, անդրադառնալու մեր զգացումներուն ու գործունէութեան:

Երբ կը բացուի վարագոյրը, պէտք է ստեղծուի հաղորդակցութիւն բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ, մտային եւ հոգեկան անտեսանելի եւ աննիւթական հոսանքի մը միջոցաւ: Այն ատեն է, որ թատերագիրէն եւ բեղադրիչէն  բխած մատուցումի հեշտանքը, ստեղծելով հանդիսատեսին մէջ ընկալումի անկեղծ հրճուանքը, կ’ապհովէ թատերախաղին յաջողութիւնը:

Բոլոր արուեստները մշակոյթի կենարար ցոլքեր են, իսկ թատերականը՝ համադրութիւնը այդ ամբողջին առաւել կամ նուազ չափով, աւելի մեծ կարողութեամբ, որ կը թափանցէ մարդուս հոգիին ու մտքին, զգացումներու ճամբով:

Ուրեմն, թարտոնի մը յաջողութեան համար, անոր բովանդակութեան, այսինքն եւ խօսքին եւ գործին պէտք է օժանդակեն միւս արուեստները, զանազան երանգաւորումով:

Թատերկ մը պէտք է լաւ գրուած կամ լաւ հայերէնի թարգմանուած ըլլայ եւ ունենայ կառոյց եւ բովանդակութիւն, մէկ խօսքով՝ ունենայ հոգի եւ արտայայտէ միտք, գաղափար, գործողութիւն: Դերակատարները, ներթափանցուած այս տուեալներով, կարենան իսկապէս մարմնաւորել իրենց ստանձնած դերերը, իմաստաւորուած հարազատ ապրումով, որպէսզի հերոսներուն ներաշխարհը բացուի հանդիսատեսին առջեւ:

Օժանդակ արուեստները, բեմայարդարումը՝ որպէս երկրաչափութիւն եւ գծագրութին, դիմայարդարումը՝ որպէս գեղագիտութիւն, առնչուած իւրաքանչիւր դերասանի հոգեկան աշխարհին, զգեստաւորումը՝ համաձայն տեղական եւ թուականային պայմաններուն, դերակատարներուն դիրքին եւ հանգամանքին երաժշտութիւնը՝ խաղին ոգիին եւ դերակատարներուն ներքին վերիվայրումներուն, եւ վերջապէս լուսաւորումը՝ հարազատ վայրկեանի փոփոխութիւններուն, դերասաններու արտայայտութեան դրսեւորումին, պէտք է ընթանան բովանդակութեան հետ ամենայն համաձայնութեամբ:

Եւ դեռ կայ թատերախաղի մը բարոյական կողմը. թատերախաղ մը պէտք է իմաստաւորուած ըլլայ բարոյական շարժառիթներով եւ կարենայ բացատրել գործողութեան մը առիթ տուող հիմնական կէտերը, որպէսզի դիտողը կարենայ գտնել ընդօրինակման բարձր արարքներ բեմին վրայ, հայրենասիրութիւն, մարդկայնութիւն, բարոյական սխրանքի առիթներ, կամքի զօրութիւն, ազնուութիւն եւ արժանապատուութիւն ներշնչող դէպքեր:

Share64Tweet40
Previous Post

Ընտրութիւններ՝ Խաղաղութեան Ու Պատերազմի Միջեւ

Next Post

Ի Յիշատակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Next Post
Ի Յիշատակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Ի Յիշատակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.