ՍԻՏՆԻԻ հայոց Ս. Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, 4 Փետրուարին, կայացած է եկեղեցական շատ իւրայատուկ արարողութիւն մը՝ դատական նոր տարուան վերամուտին առիթով։ Արարողութիւնը միասնաբար ծրագրաւորած են Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի ազգ. առաջնորդարանն ու Հայկական Մասնագիտական Ցանցը։ Ներկայ եղած են 150-է աւելի հայ եւ ոչ-հայ փաստաբաններ, դատաւորներ, դատական ատեաններու պաշտօնեաներ եւ իրաւաբանութեան ուսանողներ։ Արարողակարգին մէջ բաժին վերցուցած են քահանաներ, սարկաւագներ ու դպիրներ։ Նախ, «Հրաշափառ» եւ «Ուրախ լեր» շարականներու երգեցողութեամբ բոլոր հրաւիրեալները մուտք գործած են եկեղեցի։ Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան արտասանած է բարիգալստեան խօսք։ Դպիրները երգած են հայկական պատարագէն հատուածներ։ Այնուհետեւ, դատական համակարգէն զանազան օտարազգի ներկայացուցիչներ անգլերէն ընթերցումներ կատարած են Ս. Գիրքէն։

Ընթերցուած հատուածները յատկապէս ընտրուած են Աւետարանի այն բաժիններէն, որոնցմով յորդորներ կ՛ուղղուին մարդկային հասարակութեան մէջ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը պահպանելու, մարդ անհատին արժանապատուութիւնը պաշտպանելու։ Երկլեզու աղօթքներ կարդացած են թեմին մէջ ծառայող հայ քահանաներ եւ Հայ աւետարանական համայնքէն վեր. Յակոբ Սարգիսեան։ Հուսկ բանքը անգլերէնով արտասանած է թեմին առաջնորդը՝ Վարդան եպս. Նաւասարդեան, դիտել տալով որ «իրաւաբանական դաշտը կը պահանջէ ոչ միայն խոր գիտելիք ու մասնագիտական հմտութիւն, այլեւ բարոյական սկզբունք, հոգեւոր գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացում։ Անիկա իր էութեամբ աստուածային կոչ մըն է, որ կը ծառայէ մեր կեանքին ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան»։ Արարողութեան աւարտին հիւրասիրութիւն կատարուած է եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ։
ՍԻՏՆԻԻ հիւսիսային Ռայտ արուարձանի Ս. Անն անկլիգան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 8 Փետրուարին, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը երաժշտական ձեռնարկ մը սարքած է ձօնուած՝ բանաստեղծ Վահան ԹԷքէեանի, անոր մահուան 80-ամեակին առթիւ։ Ներկայ գտնուած են շուրջ 150 հոգի

Գալիֆորնիայէն հրաւիրեալ փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեան (ջութակահար) եւ աւստրալահայ դաշնակահար Վաչէ Ճանպազեան միասնաբար կիրարկած են երաժշտական ոգեշնչող յայտագիր մը, առաւելաբար հայ մեծանուն երգահաններու գործերէն ընտրեալ կտորներով։ Միջանկեալ, Պօղոս սրկ. Քէլէշեան հնչեցուցած է Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»-ը՝ Խորէն Մէյխանէճեանի յօրինումին հիման վրայ։ Համերգի աւարտին սրտի խօսքեր արտասանած են Թ.Մ.Մ.-ի վարչութեան ատենապետ Վահէ Արթինեան եւ թեմակալ առաջնորդ Վարդան եպս. Նաւասարդեան։
ՍԻՏՆԻԻ հայկական ամէնօրեայ երկու դպրոցներուն՝ Համազգայինի Գոլստըն եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ալեքսանտր վարժարաններու աշակերտները, 12 Փետրուարին, երկու տարբեր ժամերու, միասնաբար համախմբուած են Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ ու ոգեկոչած Վարդանանց յիշատակը։ Նախ, առաւօտուն, զոյգ դպրոցներէն շուրջ 200 աշակերտներ իրենց տնօրէններուն գլխաւորութեամբ ներկայ եղած են Ս. Պատարագին, զոր մատուցած է թեմին առաջնորդը՝ Վարդան եպիսկոպոսը։ Կէսօրին, բոլորը ճաշի հիւրը եղած են եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին։ Ճաշէն ետք, աշակերտները կրկին վերադարձած են եկեղեցի, ուր տօնախմբուած է Վարդանանքը՝ գեղարուեստական յայտագրով։ Ալեքսանտր վարժարանէն ուղերձ կարդացած է Սարգիս Տէմիրճեան, Գոլստըն ճեմարանէն՝ Աւետիս Աւետիսեան։ Յայտագիրը, բաղկացած՝ խմբերգերէ, ասմունքներէ եւ ընթերցումներէ, ամբողջովին կիրարկուած է աշակերտներուն կողմէ, հայերէնի իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Սեդա Քէօշկէրեանի եւ Արփի Դաւիթեանի հսկողութեամբ։ Ծխական խորհուրդը պարգեւատրած է չորս աշակերտներ՝ համայնքային կեանքին անոնց մասնակցութեան առ ի գնահատանք։ Հուսկ բանքը արտասանած է առաջնորդ Վարդան եպիսկոպոսը։
ՍԻՏՆԻԻ մերձակայ Նորթ Ռայտի իր բնակարանէն, 13 Փետրուարին, անծանօթներ առեւանգած են 85-ամեայ աւստրալահայ ծերունի մը` Քրիս Պաղսարեանը։ Դէպքէն տասը օր ետք ոստիկանութիւնը յաջողած է յայտնաբերել տարաբախտ հայուն անշունչ մարմինը` 45 քմ անդին գտնուող գիւղական շրջանի մը մէջ…։

Կ’ենթադրուի որ ոճիրը գործն է թմրանիւթի վաճառականութեամբ պարապող աւազակախումբի մը, որուն անդամներէն երկու անձեր ձերբակալուած են արդէն։ Դէպքը խոր ընդվզում յառաջացուցեր է Սիտնիի հայ գաղութին մէջ։
ՍԻՏՆԻԻ Ս. Յարութիւն եկեղեցին արդէն իսկ բոլորած է իր բացման եւ օծման 60-ամեակը։ Կիրակի, 15 Փետրուարին, յընթացս Ս. Պատարագի, յիշատակուած է այս նշանակալից տարեդարձը։ Առաջնորդ Վարդան եպս. Նաւասարդեան նախ ծաղկեայ փիլոնի տուչութիւն կատարած է թեմին հոգեւորականներէն Տ. Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանին (Ղեւոնդեանց տօնին առիթով)։ Իր քարոզին մէջ ան երախտագիտական զգացումներով յիշատակած է վեց տասնամեակ առաջ այս եկեղեցւոյ օծումը կատարած Կոմիտաս եպս. Տէր Ստեփանեանը (Ս. Էջմիածնէն, այն ատեն՝ առաջնորդ Վրաստանի թեմին)։ Յետոյ մի առ մի յիշած է թեմին նախկին առաջնորդները՝ Գարեգին արք. Գազանճեանը, Աղան արք. Պալիոզեանը (այս երկուքը վախճանած են) եւ Հայկազուն արք. Նաճարեանը։ Ոգեկոչած է նաեւ շրջանի առաջին հովիւը՝ հոգելոյս Արամայիս աւ. քհնյ. Միրզայեանը։ Իսկ նուիրատու բարերարներէն ալ յիշատակած է անունները Յարութիւն Ակինեանի, Ճոն եւ Հրանդուհի Նահապետեանի եւ տոքթ. ու տիկ. Ալեքսանտրի։ Արարողութեան աւարտին՝ բակին մէջ բոցավառած է Տեառընդառաջի խարոյկը։ Վաթսունամեակը նշուած է պարահանդէսով ալ, նոյն գիշերը, «Միրամար Կարտընզ» պանդոկին մէջ։ Ներկայ եղած են աւելի քան 300 հոգի։ Երեկոն ճոխացած է Հայաստանէն հրաւիրեալ երգչուհի Հռիփսիմէ Յակոբեանի երգերով։
ՍԻՏՆԻԻ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ակումբին մէջ, 17 Փետրուարին, Աստուածաշունչ մատեանի մասին դասախօսութիւն մը տուած է Լիբանանէն ժամանած Հրայր Ճէպէճեան։ Ան բացատրութիւններ տուած է վերջերս (2025, Պէյրութ) հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»-ին մասին եւ յայտնած, թէ անկէ 300 օրինակ տրամադրուած է Աւստրալիոյ հայ գաղութին, հայկական դպրոցներու ճամբով։ Ճէպէճեան կարեւորութեամբ շեշտը դրած է երեխաներու հոգեւոր դաստիարակութեան վրայ։

Երկու օր ետք, 19 Փետրուարին, Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ անգամ մը եւս «Մանուկներու Աստուածաշունչ»-ը ծանօթացուած է հանրութեան։ Ներկայ եղած են շուրջ 60 հոգի։ Գիրքին մասին արտայայտուած է հոգեբոյժ տոքթ. Յարութիւն Ճէպէճեան։ Նորատիպ հատորին վերաբերեալ դիտարկումներ կատարած է նաեւ տիկ. Արտա Ճէպէճեան, որ հեղինակն է մատեանին արեւմտահայերէն շարադրանքին։ Իսկ Հրայր Ճէպէճեան բացատրութիւններ տուած է Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան մասին, որուն տնօրէնն է ինք։ Հուսկ բանքը արտասանած է թեմին առաջնորդը՝ Վարդան եպիսկոպոսը։
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններէն երկուքը` Ս.Դ.Հ.Կ. եւ Հ.Յ.Դ., վերջերս, Սիտնիի մէջ հանդիպում մը ունեցած են իրարու հետ եւ քննարկած հայ կեանքը յուզող հիմնական քանի մը հարցեր։ Այս մասին հրատարակուած է 16 Մարտ 2026 թուակիր պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր կ’ըսուի, թէ զոյգ պատուիրակութիւնները սեղան նստած են Վիգէն Քորթեանի (Հ.Յ.Դ.) եւ Սեպուհ Գալփաքեանի (Ս.Դ.Հ.Կ.) գլխաւորութեամբ։ Քննարկուած են ներգաղութային, ազգային եւ հայրենական հրատապ հարցեր, ինչպէս` Պաքուի մէջ արգելափակուած արցախցի ղեկավարներու դատավարութիւնը, Արցախի բնակչութեան իր բնօրրանը վերադառնալու իրաւունքի հարցը, Մայր Աթոռի եւ Հայաստանի իշխանութեանց հակադրութիւնն ու անկէ բխած ազգային կործանարար երկփեղկումը, աւստրալահայ երիտասարդները գաղութային հաստատութիւններուն շուրջ համախմբելու միջոցները եւ այլն։ Ըստ զեկոյցին` ժողովը ընթացեր է համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ։ Որոշուած է միասնաբար նշել Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցը։

