Բժիշկներուն «նուիրուած» մեր յօդուածաշարքը աւարտենք յատկանշական, գլխարկ խոնարհեցնել տուող երկու դրուագներով: Մին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահած, երկրորդը՝ Ալճերիա:
ԱՄԵՐԻԿԱ
Վիրաբոյժ բժիշկը հապճեպով կը հասնի հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժինը:
Հայր մը, որուն զաւկին կեանքը վտանգուած է ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, կը դիմաւորէ զինք ծայրագոյն աստիճանի մեղադրանքով, նոյնիսկ հայհոյանքներով:
«Դուք խիղճ եւ զգացում չունի՞ք: Չէ՞ք գիտեր թէ զաւակս մահու-կենաց պայքարի մէջ է: Չէի՞ք կրնար աւելի կանուխ գալ: Այս ինչ անպատասխանատու մարդիկ էք»:
Բժիշկը ամենայն հանդարտութեամբ կը պատասխանէ. «Պարո՛ն, թոյլ տուէք որ գործս կատարեմ»: Քանի մը ժամ ետք, դուրս ելլելով վիրահատարանէն, կը դիմաւորէ սրտցաւ հայրը ու կը փոխանցէ լուրը. «Ձեր զաւկին վիրահատութիւնը յաջող ընթացաւ: Կեանքին վտանգ չի սպառնար այլեւս, Աստուծոյ կ’ապաւինինք, մաղթելով իրեն արագ ապաքինում: Իսկ հիմա, թոյլ տուէք որ երթամ: Շատ կարեւոր պարտականութիւն մը զիս կը սպասէ, ուրիշ պարտաւորութիւն մը եւս ունիմ կատարելիք»:
Մեր «պարոնը» զարմացած, թէ կեանք մը փրկելէն աւելի ի՞նչ կարեւոր պարտաւորութիւն մը կրնար եղած ըլլալ, հարց կու տայ բժիշկի օգնականին: Հիւանդապահուհին կը լուսաբանէ ու կ’ըսէ. «Մեր բժիշկին 22 տարեկան զաւակը մահացած է: Թաղման արարողութեան նախօրէին, ցաւակցութիւններ ընդունիլը կէս ձգած, եկած էր ձեր զաւկին կեանքը փրկելու»:
Շշմած կը մնայ մեր «պարոնը», իսկ մենք մեր կարգին, գլխարկ կը խոնարհինք Աստուծոյ օրհնութեան արժանի՝ նման բժիշկներուն:
ԱԼՃԵՐԻԱ
Աղջկան աչքերը վտանգաւոր հիւանդութեան մը բռնուած են: Աչազուրկ ըլլալու մտավախութիւնը կայ: Իրենց գիւղին ու մօտակայ քաղաքին մէջ մասնագէտ վիրաբոյժ-ակնաբոյժներ չկան:
Ստիպուած, հայրն ու դուստրը ճամբայ կ’ելլեն դէպի մայրաքաղաք, պետական հիւանդանոցային համալիրը: Հսկայական տարածութիւն, ըսես քաղաք մը ինքնին: Ամէն մէկ մասնագիտութեան յատկացուած շէնքէ-շէնք փոխադրուելու համար կարիքը կայ ինքնաշարժի:
Մեր համեստ, աղքատ գիւղացին իր աղջկան հետ հետիոտն կ’ուղղուին դէպի մատնանշուած շէնքը: Տարեց հասակին, երկար ճամբորդութենէն ալ յոգնած ու դադրած, պահ մը կը հանգչին ճամբուն եզրին զետեղուած նստարաններէն մէկուն վրայ:
Փարթամ եւ արդիական ինքնաշարժ մը իրենց կողքէն հազիւ անցած, կանգ կ’առնէ ու դէպի ետ գալով կը մօտենայ իրենց:
Բժշկական տարազով, փայլուն երիտասարդ մը կ’իջնէ ինքնաշարժէն, կը դիմէ իրենց, հարց տալով թէ ինչո՞ւ կը գտնուին հոն: Երկնային տնօրինութեամբ, ի յայտ կու գայ թէ նոյն ինքն է ակնաբուժարանի բժշկապետը: Կը փոխադրուին բուժարան: Ամենայն հոգատարութեամբ կը կատարէ պէտք եղած բոլոր քննութիւնները եւ պարմանուհին կ’ենթարկուի պատշաճ վիրահատութեան:
Բժշկապետը կ’ըսէ. «Ձեր աղջիկը մէկ շաբթուայ հիմնական դարմանումի կը կարօտի: Ձեր նիւթական պայմանները չեն ներեր որ պանդոկ մնաք, շատ ծախսալից է: Մեր տան հիւրը պիտի ըլլաք, մինչեւ որ ան լիարժէք ապաքինուի եւ յետոյ կարենաք վերադառնալ ձեր հեռակայ գիւղը»:
Շաբաթ մը ամբողջ հիւրընկալուելէ եւ ապաքինուելէ ետք, կը մօտենայ մեկնումի եւ բաժանման օրը: Վերջին օրը, մեր գիւղացին կը մերժէ հաց կիսել ու կը պնդէ իմանալ այս բոլոր գուրգուրանքին ու զոհողութիւններուն պատճառը: Նախորդ օրերուն ալ հարց տուած էր, բայց անպատասխան մնացած: Բժիշկը միշտ նախապատուութիւնը տուած էր բուժման կատարելագործման:
Բժշկապետին խուսափողական ճիգերը ապարդիւն կը մնան: Մեր համեստ գիւղացին կը յամառի իր կեցուածքին վրայ ու անպայման կ’ուզէ գիտնալ պատճառը:
Բժիշկը կը պատմէ. «Տասնեօթը տարի առաջ ես եւ դասընկերս փոխադրակառքին մէջ ձեր ճիշդ ետեւի աթոռը նստած կը խօսէինք մեր ֆինանսական դժուարութիւններուն մասին: Թէ ինչպէս հողագործ հօրս այդ տարուան բերքն ու եկամուտը լման չորցած էին, անկարելի էր ուսմանս դրամ յատկացնելը: Համալսարանը ձրիավարժ էր, բայց գիրքերս գնելու դրամ չունէի: Դուք ետեւ դարձաք ու ինծի փոխանցեցիք կոկիկ գումար մը: Մերժեցի, որովհետեւ հայրս պիտի կարծէր որ գողութեամբ ապահոված էի գումարը: Ձեր բարեւները փոխանցել ուզեցիք հօրս եւ իմացնել թէ ո՞վ էր այդ գումարը իր յօժար կամքով ինծի տուողը»:
«Ես այդ երիտասարդն եմ, ձեր այդ տուած գումարը ոչ մէկ ձեւով կրնամ հատուցել: Աստուծոյ փառք որ այս առիթը ընծայեց ինծի»:
Արցունքոտ աչքերով կը գրկախառնուին ու կը բաժնուին իրարմէ: Ես ալ, արցունքոտ աչքերով կ’աւարտեմ այս դրուագը ու կ’ըսեմ. «Աստուած ամէնուն սրտին համեմատ տայ, վստահաբար ալ կու տայ»:
Պարտինք խոնարհիլ նման բժիշկներու կեցուածքին առջեւ:
Ժամն է որ աւարտենք ու փակենք բժիշկներուն մասին գրուած յօդուածաշարքը: Պահն է նաեւ բացատրելու, թէ ինչո՞ւ գլխաւոր խորագիր ընտրած էինք «Աստուած փրկէ՛ եւ հեռու պահէ բժիշկներէն»:
Պատրաստ է՞ք ընդունելու զգայացունց եւ անընդունելի պատկեր մը:
Այս անգամ խօսողը տասնեակ տարիներու հիւանդապահուհի մըն է. «Գիտէ՞ք վիրաբոյժները ի՞նչ աչքով կը նային հիւանդին, այն աչքով որ հնակարկատը կը նայի նորոգուելիք կօշիկին»:
Արդ, Աստուած փրկէ՛ եւ հեռու պահէ հիւանդին նորոգուելիք կօշիկի աչքով նայող բժիշկներէն, բայց վարձահատոյց ընէ՛ օրինակելի բժի՛շկ-բժիշկները:
ՇՈՒՆԻ ՄԸ ՉԱՓ ՉԵՆ ՅԱՐԳԵՐ ՔԵԶ
Սարգիս ճչաց խօլ ցաւատանջ՝
կԷս գիշերին օգնութեան կանչ,
Հիւանդ էր ան ու առանձին,
Իր տանը մէջ քաշուած մութին:
Առաւօտուն խարխափելով,
Պատերուն հետ քսուըռտելով
Կ’ուղղուի բժիշկին ազատարար
Ուր կը հասնի յոյժ դալկահար:
Բժիշկը իր դարմանատան
Դուռը փակեց հենց անօճան,
Որովհետեւ Սարգիսը մեր
Ստակ չունէր, շատ անգործ էր:
Խոր յուսահատ Սարգիսը հէգ,
Վերադարձի ճամբուն իր մէկ,
Անասնաբոյժ բարեկամին
Կը հանդիպի ողորմագին:
Բժիշկը զինք ներս կ’ընդունի
Շտապ քայլերով դարմանումի:
Հոն կը սպասէր նաեւ Անոյշ,
Շուն մը գրկած սիրուն, քնքուշ,
Անոյշը այս անկարգութեան
Կը բողոքէ անմիաբան:
Դարմանումի հերթը շունին,
Տրուած էր մեր խեղճ Սարգիսին:
Առանց փողի եթէ երբեք՝
Հիւանդանաս սրտակեղէք՝
Շունի մը չափ չեն յարգեր քեզ,
Մարդ արարած, ով սրտակէզ:
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
3-2-2002 (Լիբանան)


հնակարկատը աւելի լաւ կը նայի նորոգուելիք կօշիկին իր բոլոր կարելիութիւնները եւ կարողութիւնը կը դնէ նորոգելու եւ յաճախորդին մաքուր նորոգուած կօշիկը վերադարձնելու որպէսզի ան տակաւին երկար ժամանակ կարենայ գործածել զայն։
Բաղդատականը ճիշդ չէ նոյնիսկ եթէ ուսեալ եւ “գիտակից” անձ մըն է ըսողը։
Յարգենք մեր արհեստաւորները մենք կարիքը ունինք անոնց։